Հայրենի Յուշեր (2)
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Հայաստան ճամբորդութիւնը տեղի ունեցաւ, ուրեմն, 1965-ի յուլիսի սկիզբը, խորհրդային «Արմէնիա» ճամբորդական նաւով: Վեց օրէն հասանք Օդեսա՝ կարճ դադարներ առնելով Կիպրոս, Յունաստան, Պոլիս ու Վառնա: Գիշեր մը Օդեսա մնալէ ետք օդանաւով ուղղուեցանք Խրիմ, անկէ Թիֆլիս, ապա Երեւան, ուր իջեւանեցանք «Երեւան» հիւրանոցը: Այստեղ մեզի յատկացուցին ընդարձակ ննջասենեակ մը՝ կոկիկ հիւրասենեակով մը: Մեր հասնելուն յաջորդ օրն էր. Պոյաճեանի հետ կ’ընթրէի «Արմէնիա»...



















