Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Տապալեց Սահմանադրութիւնը

Նոյեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ պնդել, որ իր ստորագրութիւնը կրող «զինադադարի» փաստաթուղթը պարզապէս յայտարարութիւն մըն է:

Նոյնիսկ հարեւանցի ընթերցանութեամբ ակնյայտ է, թէ այս փաստաթուղթը «յայտարարութիւն» չէ, այլ` «կապիտուլացիայի» (անձնատուութեան) համաձայնագիր է, ուր սեւով ճերմակի վրայ արձանագրուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անձնատուութեան բաղադրիչ տարրերն ու պայմանները:

Իր էութեամբ եւ բովանդակութեամբ այս պայմանագիրը անյարիր է Հայաստանի Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն:

Սահմանադրութեան Յօդուած 2-ը կը հաստատէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնում իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին»: Հետեւաբար, «Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմից յանցագործութիւն է»:

Յօդուած 116 (1)-ը կը տրամադրէ. «Ազգային ժողովը վաւերացնում, կասեցնում կամ չեղեալ է յայտարարում այն միջազգային պայմանագրերը® (2) որոնք ունեն քաղաքական կամ ռազմական բնոյթ»: Առ այդ, Յօդուած 116 (1) (7) (2)-ի համաձայն, «Սահմանադրութեանը հակասող միջազգային պայմանագրերը չեն կարող վաւերացուել»:

Յօդուած 118 (1)-ը կը ճշդէ. «Ազգային ժողովը, կառավարութեան առաջարկութեամբ, պատգամաւորների ընդհանուր թիւի ձայների մեծամասնութեամբ կարող է ընդունել ® խաղաղութիւն հաստատելու մասին որոշում»:

Յօդուած 132 (1) (1) կը տրամադրէ. Հանրապետութեան նախագահը «Կառավարութեան առաջարկութեամբ կնքում է միջազգային պայմանագրեր»:

Սահմանադրութիւնը յստակօրէն ոչ մէկ իրաւասութիւն կամ լիազօրութիւն կը տրամադրէ վարչապետին կամ կառավարութեան միակողմանի եւ ինքնագլուխ միջազգային պայմանագիր որդեգրելու եւ գործադրելու:

Յօդուած 168 (3)-ի հիմամբ, Սահմանադրական դատարանը «մինչև միջազգային պայմանագրի վաւերացումը որոշում է դրանում ամրագրուած պարտաւորութիւնների համապատասխանութիւնը Սահմանադրութեանը»:

Սահմանադրութիւնը ամբողջ ընթացակարգ մը կը կանոնաւորէ միջազգային պայմանագրի մը ձեւաւորման, ստորագրութեան, վաւերացման եւ գործադրութեան համար:

Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած պայմանագիրը կը խախտէ Սահմանադրութեամբ ճշդուած ընթացակարգի բոլոր հանգրուաններն ու տրամադրութիւնները:

Պատերազմական պայմանները երբեմն կը պարտադրեն դիմել քայլերու, որոնց անմիջական բանաձեւման եւ լուծման պարտաւորութիւն կը դնէ գործադիր իշխանութեան վրայ: Սակայն նման պայմաններ լիազօրութիւններ չեն տար գործադիրին վերջնական պայմանագիր ընդունելու եւ կիրառման դնելու` առանց սահմանադրական տրամադրութիւններու հետեւողութեան:

Փաշինեանի ամօթալի ստորագրութիւնը` ճիշդ այդ լիազօրութիւններու շրջանցումը կատարելով,  հակասահմանադրական կարգավիճակի մէջ կը դնէ ինքզինք: Փաշինեանի ձեւականութեամբ յայտարարութիւն, բայց խորքով ու էութեամբ կապիտուլացիոն պայմանագիրը`

ա) շրջանցեց Ազգային ժողովի կողմէ խաղաղութեան հաստատման եւ միջազգային պայմանագրի քննարկման ու վաւերացման սահմանադրական իրաւասութիւնը,

բ) անտեսեց Հանրապետութեան նախագահին կողմէ միջազգային պայմանագիր կնքելու իրաւասութիւնը,

գ) խախտեց միջազգային պայմանագրի սահմանադրականութիւնը հաստատող Սահմանադրական դատարանի իրաւասութիւնը:

Գաղտագողի, գիշերուան մթութեան մէջ, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան անունով վարչապետը ստորագրեց աղետալի պայմանագիր մը, որ իր էութեան մէջ տապալումն է Հայաստանի եւ Արցախի անկախ պետութիւններու Սահմանադրութեանց:

Երկրորդ Աշխարհամարտին, Ֆրանսայի մէջ Մարաջախտ Ֆիլիփ Փէթէն նոյնանման ընթացքի մէջ գտնուեցաւ, երբ Ֆրանսայի անունով 22 յունիս 1940-ին ստորագրեց անձնատուութեան պայմանագիրը, որով Ֆրանսայի հիւսիսի ու արեւմուտքի տարածքները յանձնեց Նացի Գերմանիոյ: Փէթէնի այս արարքը որակուեցաւ հայրենիքի դէմ դաւաճանութիւն: Պատերազմէն ետք ազատագրուած Ֆրանսան Փէթէնը դատեց ու դատապարտեց դաւաճանութեան յանցանքով:

Նիկոլ Փաշինեան իր անձնական պատասխանատուութեամբ, առանց որեւէ պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ խորհրդակցութեան եւ հաւանութեան, Հայաստանի ու Արցախի անձնատուութիւնը կատարեց Ազրպէյճանին:

Իր ընթացքով Փաշինեան զաւթեց Սահմանադրութեամբ հայ ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը: Ան այսօր կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը տապալող եւ հայ ժողովուրդի իշխանութիւն իւրացնող յանցագործ – յար ու նման Փէթէնի:

14 նոյեմբեր, 2020

Նախորդը

Եռակողմանի Համաձայնագիրով Փաշինեանի Կառավարութեան Օրինահարազատութիւնը (Liegitimacy) Վերջ Կը Գտնէ

Յաջորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Արցախի Հարցով Պարտուողական Յայտարարութիւնը Դատապարտող Նամակ Յղեց Հայաստանի Դեսպանին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?