Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ Եւ Նախագահը Տեղեակ Կ՛ըլլայ…Մամուլէն

Նոյեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մարդ մը, որ ուրիշ մարդ մը կը զրկէ իր ազատութենէն բանտարկեալն է ատելութեան, նախապաշարումներու եւ նեղմտութեան:

ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱ

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական ներկայ պահուն ինքզինքս նուաստացած զգացի, երբ կարդացի, որ Հայաստանի նախագահը, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ կնքուած զինադադարի եւ զիջումներու մասին իմացած է մամուլէն:

Ասիկա պետական մակարդակով ինքնավարկաբեկում է, ծանրագոյն յանցանք:

Երանի չընէր նման յայտարարութիւն, որ ապացոյց է, թէ տիրող վարչախումբը եւ վարչապետը ամբարտաւանութեամբ կը շրջանցեն նախագահը ու իշխանութեան կառոյցներու միջեւ ըլլալիք տարրական իրաւ համագործակցութիւնը:

Եթէ վարչապետը անտեսէ մեր երկրի նախագահը, ինչո՞ւ օտար երկիրներ պիտի յարգեն մեր երկրի նախագահը: Ինչո՞ւ մեզ եւ մեր երկիրը պիտի յարգեն: Միջազգային հանրային կարծիքը ինչպիսի՞ գնահատական պիտի տայ մեր ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան եւ բարոյականութեան:

Այս անտեսման վերաբերումը ներազգային-ներքաղաքական մեծ գայթակղութիւն է, պատմութիւնը զայն պիտի արձանագրէ որպէս մեր ապիկարութեան փաստը, եթէ ազգովին չհակազդենք:

Եթէ Ազգային ժողով, Սահմանադրական դատարան եւ հայ անհատներ իրենց քաղաքացիի իրաւունքով չեն կրնար վարչապետը դատարան տանիլ, հանրային դատարանը այդ պէտք է վճռէ, որպէսզի չըսուի, թէ ազգովին քուրջ ենք եւ արժանի չենք պետութիւն ունենալու:

Կարծէք խորհրդային-ստալինական-գործելաձեւի առջեւ ենք: Կեդրոնը եւ հանրապետութիւնները կը կառավարուէին կուսակցութեան ինքնակալ ընդհանուր քարտուղարներու կողմէ, եւ վարչապետ կամ նախագահ պատկերներ էին, ինչպէս կ՛ըսուի, figuration կ՛ընէին, կամակատար գործակիցներ կամ առեւտրական ներկայացուցիչներ, VRP, salesman:

Ամբողջը կը կառավարուէր ժողովուրդներու «պզտիկ հայր» Ստալինի կողմէ:

Հայաստանի վարչապետը կը գործէ որպէս ինքնակալ, ինչպէս կ՛ըսուի` այլակարծութիւն մերժող իր խումբով: Ինչպէս անցեալին, մնացեալները` առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, կը գտնուին փեչատողի (կնիք զարնող) վիճակին մէջ, գրուած թուղթը կնքողի:

12 նոյեմբերին, Երեւան տեղի ունեցող ցոյցի ընթացքին ըսին այն, ինչ որ կը մտածէինք, բայց մենք մեզմէ կը վախնայինք բարձրաձայն ըսելու, ըսին, որ1937-ը յիշեցնող քաղաքական անձերու ձերբակալութիւններ կան: Թուեցին անուններ:

Ինչո՞ւ կը ձերբակալեն:

Ինչպէ՞ս թաւիշը եղած է խարտոց:

Այս կացութեան մէջ բանտարկութեան որոշում կայացնողները թող կարդան Նելսըն Մանտէլայի իմաստութիւնը. «Մարդ մը, որ ուրիշ մարդ մը կը զրկէ իր ազատութենէն, բանտարկեալն է ատելութեան, նախապաշարումներու եւ նեղմտութեան»:

Ինչպէ՞ս հայ մարդը պիտի չընդվզի, ցոյցերով նուազագոյն բողոքը պիտի չարտայայտէ, ազգային հիմնահարցի մը այսքա՜ն ինքնակալական (autocratique) լուծումով, որ ժողովրդական պարզ ողջախոհութեամբ եւ զգացականութեամբ կը դիմաւորուի որպէս հայրենազրկում: Հայ մարդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ի՛նք եւս մասնակից պէտք ըլլայ (ըլլար) իր ներկան եւ ապագան յանձնառութեան բեռան տակ դնող որոշման մը:

«…Նախարար Մնացականեանն ընդգծել է, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնն ուղղուած է հրադադարի հաստատմանը եւ Արցախում խաղաղապահների տեղակայմանը եւ չի կարող համարուել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ հանգուցալուծում»: Նոյն ձեւով արտայայտուեցաւ Փաշինեան: Յուզումները հանդարտեցնող կրնան ըլլալ այս խօսքերը: Բայց հայը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, հարց կրնայ տալ, ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հետ քննուեցան եւ եզրակացուեցան զիջումները, գծուեցաւ անոնց քարտէսը:

Քարտէս, որ լախտի հարուած է հայ քաղաքական միտքին եւ հայոց իրաւունքին: Բութ դանակով կտրատուած-գծուած հայաշխարհի քարտէս:

Քիչ առաջ ֆրանսական հեռատեսիլը ցոյց տուաւ, որ Արցախէն մարդիկ կը գաղթէին: Ճամբաները խճողուած էին: Երեք օր ունին ամէն բան ձգելու եւ հեռանալու: Աւելի ողբերգական էր պատկերը, երբ մարդիկ իրենց տուները կրակի կու տային մեկնելէ առաջ:

Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, թէ 24 ժամուան մէջ պէտք էր որոշել ամէն բան: Քարտէսը, որ կազմուած է, պատրաստուա՞ծ է այդ 24 ժամերու ընթացքին, թէ՞ եղած են օրեր տեւած բանակցութիւններ: Հարցումներ: Հարցումներ:

Ինչ ալ եղած ըլլան պայմանները, նման ճակատագրական պահու մը վարչապետը, ո՛վ ալ ըլլար ան, բարոյական պարտաւորութիւն ունէր նախ խորհրդակցելու երկրի նախագահին հետ, փոխանակ զայն դնելու պատէն կախուած պատկերի տեղ, եւ խորհրդակցելու երկրի քաղաքական ուժերուն հետ, նաեւ` ընդդիմութեան: Ընդդիմութիւնը նոյնքան պատասխանատու է պատմութեան առջեւ, որուն դերին մասին այնքան ճիշդ բանաձեւում ունի Անգլիան, երբ զայն կը կոչէ «Նորին վեհափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւնը» (Her majesty՛s loyal opposition), որ ինչպէս վարչապետը, ինք ալ ռոճիկ կը ստանայ պետական գանձէն:

Ներկայ քաղաքական, ազգային եւ հոգեբանական քաոսային վիճակին մէջ կենսական անհրաժեշտութիւն է իշխանափոխութիւնը, յոյսի եւ համերաշխութեան առաջնորդութեամբ:

Ինչպէ՞ս: Որոնցմո՞վ:

Ես ինծի թոյլ կու տամ ըսելու, որ մեր ժողովուրդի տասը կամ տասնհինգ միլիոնի հոգեգանձը այդքան ալ դատարկ չէ:

Այսօր զայրոյթ կայ հայաշխարհին մէջ: Զայրոյթէն կրնայ ծնիլ նաեւ լոյսը:

«Զայրոյթի հետեւանքով միտքը կ՛ըլլայ աւելի պայծառ եւ աւելի թափանցող, թոյլ կու տայ աւելի լաւ տեսնել: Ան կը տիրէ բոլոր միւս յուզումներուն եւ մարմնին վրայ կ՛իշխէ: Կասկած չկայ, որ զայրոյթէն կու գայ իմաստութիւնը, քանի որ միայն զայրոյթն է, որ կրնայ գերանցել սահմանները», ինչպէս կ՛ըսէ Օլկա Դոկորճուկ, գրականութեան նոպէլեան դափնեկիր լեհ կին գրողը:

Այսինքն զայրացածները չբանտարկել, այլ` լսել: Հետեւիլ նաեւ:

Հարկ է լսել ժողովուրդի զայրոյթը, չանտեսել, չնսեմացնել: Զայրոյթի անտեսումէն եւ նսեմացումէն կը ծնի համազգային հոգեխոցը (trauma), որ կ՛ունենայ աննախատեսելի հետեւանքներ, ինչպէս հայրենալքման աղէտ-արտագաղթը:

Դասական եւ զիրար մաշեցուցած մրցակցութիւններէն անդին, զայրոյթէն ծնած նոր ոգիով եւ նոր դէմքերով քաղաքական եւ ոգեկան քաոսէն դուրս կու գանք:

13 նոյեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Հայրենիքը Վտանգուած Է, Պատգամաւորնե՛ր, Առաջնորդուէք Ձեր Խղճով Եւ Համոզմունքներով

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգային Պետականութիւնը Հիմք` Մեր Իրաւունքներու Ձեռքբերման

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?