Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը. Յանուն Համահայկական Այս Ճգնաժամի Յաղթահարման

Նոյեմբեր 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 նոյեմբերին մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր պատմական հայրենիքին մէկ մասը` պարտութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ: Հայաստանի վարչապետը ստորագրեց Արցախը հայաթափելու, անոր անկախ պետականութիւնը տապալելու եռակողմանի համաձայնագիր մը` առանց նկատի առնելու երկրի սահմանադրական կարգն ու համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող այս հարցին մասին մեր ժողովուրդին կարծիքը:

Արցախի մեր ժողովուրդը տեղահան դարձաւ, հազարաւոր հայ նահատակներու արեամբ շաղախուած Արցախի հողերը, մշակութային մեր հսկայ ժառանգութիւնը այսօր թշնամիին յանձնուած են: Այս համաձայնագիրով վտանգուած է նաեւ ամբողջ Հայաստանը:

Մեր ժողովուրդի տարիներու պայքարը նսեմացնող, արցախահայութեան իրաւունքները արհամարհող, Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը հարցականի տակ դնող այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը մեծ ընդվզում յառաջացուց համայն հայութեան մօտ:

Այս կացութեան մէջ բեկումնային վիճակ յառաջացնելու եւ մեր խլուած իրաւունքները աստիճանաբար ձեռքբերելու համար յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ են բանակցային ու դիւանագիտական բարդ ու բազմակողմանի աշխատանքներ, որոնց իրականացման համար մեր ժողովուրդը կարիքը ունի երկրի ազգային-քաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ունակութեամբ օժտուած նոր բանակցողի:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծայր առած բողոքի ցոյցերը այս արդար պահանջները լուսարձակի տակ կը բերեն` դուրս գալու այս ծանր կացութենէն, որուն գլխաւոր պատասխանատուն Հայաստանի գործող իշխանութիւններն են: Անոնց քաղաքական վարքագիծին հետեւանքով էր նաեւ, որ պատերազմէն այս պարտութեան համաձայնագիրով դուրս եկանք` կորսնցնելով Արցախի մեր պատմական տարածքները:

Կը միանանք Հայաստանի մեր հազարաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու կոչին` պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարումն ու իշխանութենէն անցնցում հեռացումը:

Կը պահանջենք նաեւ անյապաղ ազատ արձակել  ապօրինաբար ձերբակալուած ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները եւ զերծ մնալ խօսքի ազատութիւնը կաշկանդող դրսեւորումներէ:

Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդին միասնական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել այս ծանր ճգնաժամը:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

12 նոյեմբեր 2020
Հալէպ

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Տեսակցեցաւ Հայաստանի Դեսպան Վարուժան Ներսիսեանի Հետ Եւ Նամակով Մը Պահանջեց Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարումը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պողպատեայ Մարտունակութիւն… Թաւշեայ Պարտութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?