Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ղեկավարները Ընդհանուր Հիւպատոսին Յայտնեցին, Որ Փաշինեան Պէտք Է Հրաժարի

November 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն կազմուած պատուիրակութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանին յայտնեց, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագիրը, որ վերջ դրաւ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ անողոք պատերազմին, պարտուողական էր եւ նուաստացուցիչ, եւ որ հաստատօրէն կը մերժուի ժողովուրդին կողմէ:

«Այսպիսի փաստաթուղթ մը մեծագոյն դաւաճանութիւն է մեր ազգին նկատմամբ», ըսին ՀՅԴ-ի ղեկավարները:

Հիւպատոսարանին մէջ Բայբուրդեանի հետ հանդիպելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի համաատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեան ու տոքթ. Քարմէն Օհանեան յստակօրէն փոխանցեցին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր յարակից կազմակերպութիւններուն համատարած դժգոհութիւնը համաձայնագիրին մանրամասնութիւններուն նկատմամբ:

ՀՅԴ-ի ղեկավարները յայտնեցին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, միայնակ կը կրէ նշեալ համաձայնութեան ստորագրութեամբ յառաջացած տագնապին պատասխանատուութիւնը:

Անոնք նաեւ յայտնեցին իրենց յուսախաբութիւնը եւ ընդվզումը` աւելցնելով, որ իրենք կը միանան Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Երեւանի մէջ դժգոհութեան հաւաքներ կազմակերպող հազարաւորներուն:

Ընդգծելով յառաջիկային մեզի սպասող բարդ վիճակները` ՀՅԴ-ի ղեկավարները հաստատեցին, որ պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել փոխելու մեզ փակուղի տանող այս ճամբան: Մեր պետութիւնը պէտք ունի ազգը փրկութեան տանող` նոր պայմաններու համարժէք կարողութիւններու տէր բանակցողներու: Իրենք կը հաւատան, որ ազգային ընդվզումի շարժումը կոչուած է լուծելու այդ նպատակին համար բարդագոյն խնդիրները եւ մարտահրաւէրները:

Անոնք նաեւ պահանջեցին անյապաղ ազատ արձակել 11 եւ 12 նոյեմբերին ապօրէն կերպով ձերբակալուած ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամները եւ ղեկավարները:

Դեսպան Բայբուրդեան խոստացաւ մտահոգութիւնները փոխանցել Երեւանի պատասխանատուներուն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հիւսիսային Եւ Հարաւային Իրանի Կենտրոնական Կոմիտէների Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Տեսակցեցաւ Հայաստանի Դեսպան Վարուժան Ներսիսեանի Հետ Եւ Նամակով Մը Պահանջեց Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարումը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.