Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգային Պետականութիւնը Հիմք` Մեր Իրաւունքներու Ձեռքբերման

Նոյեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 նոյեմբերին Արցախի հողերը յանձնելու պարտութեան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ` շրջանցելով քանի մը հարց.

Ա) Հայ զինուորին մարտունակ պայքարն ու շուրջ քառասուն օր շարունակ անհաւասար ուժի դէմ մարտնչումն ու թափած արիւնը:

Բ) Համահայկական կարեւորութիւն եւ արժէք ունեցող հողային այս հարցին մէջ ժողովուրդին, Ազգային ժողովին եւ Սահմանադրական դատարանին կարծիքը:

Գ) Արցախի հայ ժողովուրդին իր հողին վրայ ապահով ապրելու տարրական իրաւունքը:

Դ) Արցախի Հանրապետութեան մշակութային կոթողներու պահպանումը:

Միակողմանի շահեր ապահովող այս փաստաթուղթը ստորագրելու պատրուակներն ալ տարաբնոյթ եղան:

Ներկայացուեցաւ քսանհինգ հազար պաշարուած հայ զինուորի կեանքը փրկելու պարագան, միւս կողմէ` Արցախի նախագահին իսկ կողմէ  յայտարարուեցաւ, որ կռուողներ չկային դաշտին վրայ, ընդամէնը քանի մը հարիւր հոգի էին զէն ի ձեռին կանգնած հայրենի հողի պաշտպանութեան: Թէ այս վերջին յայտարարութիւնը հրապարակաւ ներկայացնելը, այն ալ Արցախի նախագահին կողմէ, ինչպիսի՞ առիթներ կ՛ընծայէր թշնամիին քարոզչական մեքենային, այդ ալ տարբեր հարց:

Այս փաստաթուղթով ոչ միայն խլուեցաւ Արցախի ժողովուրդին հայրենիքը, մշակութային եւ նիւթական ունեցուածքը, այլ նաեւ Հայաստանը յայտնուեցաւ վտանգաւոր կացութեան դիմաց, իսկ մարտունակ հայ զինուորին սխրանքները պատմութեան համար հպարտութեամբ արձանագրելու փոխարէն, այսօր կը հնչեն հայ զինուորին հերոսութիւնը կասկածի տակ առնող անպատասխանատու ելոյթներ:

Յառաջիկայ տարիներուն մենք կրնանք դէմ յանդիման գտնուիլ երկրորդ պատերազմի մը` այս անգամ հայկական Սիւնիքին համար:

Այս բոլորէն ետք, միասնականութեան կոչ ուղղելու եւ համազգային ջանքերով այս կացութենէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու փոխարէն, ժողովուրդին ընդվզումը որպէս անարդար համաձայնագիրի մերժումին փաստացի տուեալ համարելու եւ զայն կացութեան բարեշրջման համար օգտագործելու փոխարէն, տակաւին կը տեսնենք ժողովուրդը պառակտելու, քաղաքական գործիչներ ձերբակալելու «ժողովրդավար» Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին անյարիր երեւոյթներ, որոնք աւելի կը տկարացնեն մեր ժողովուրդին արդէն իսկ տկարացած դիրքերը:

Ազգային միասնութեան կամ հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ յառաջացնելն  ու գաղթականներու, վիրաւորներու, զոհերու ընտանիքներուն հարցերը լուծելը, համաձայնագիրը անվաւեր համարելը առաջնային օրակարգերն են մեր պետութեան ու քաղաքական ուժերուն, որոնց համար լուրջ քայլեր են անհրաժեշտ:

Ժամանակավրէպ դարձած յանցագործներ փնտռելու, ժողովուրդը պառակտելու, այլակարծութիւնը թշնամանք համարելու ամօթալի քայլերուն վերջ տալու ժամանակը չէ՞ հասունցած տակաւին:

Ի՞նչ բանի կը սպասենք, մեր երկրորդ հայրենիքի՞ ալ կործանումին` յանուն նեղ հաշիւներու:

Այդ փաստաթուղթը առ այսօր ո՛չ մեր ժողովուրդին, ո՛չ մարտունակ հայ զինուորներուն տրամաբանութեան մէջ կը տեղադրուի:

Ուստի անհրաժեշտ է ազգովին մէկ բռունցք դառնալ ու այս ծանր կացութենէն միասնաբար դուրս գալու յանդուգն եւ լայնամիտ գործիչներու, դիւանագէտներու վստահիլ մեր երկրի ապագան:

Անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել Ազգային ժողովի ու Սահմանադրական դատարանի ճամբով անվաւեր համարելու այս փաստաթուղթը եւ ամրապնդելու Արցախի պետականութեան դիրքերը:

Նման ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ կարեւոր է ժողովուրդին բողոքները ճշգրտօրէն գնահատելը, նոր դաշնակիցներ որոնելը եւ զայրոյթով քաղաքական գործիչներ ձերբակալելու անընդունելի վարքագիծէն միանգամընդմիշտ ձերբազատիլը:

Այլապէս մեր կորուստները պիտի բազմապատկուին, եւ հայրենիքը արդէն իսկ կանխատեսուած վտանգի երկրորդ փուլին դէմ յանդիման պիտի գտնուի:

Հայաստանի պետականութիւնը պէտք է դնել նոր, ազգային հիմքերու վրայ: Ազգային պետականութիւնը, երկխօսութեան հաւատացող դիւանագէտ քաղաքական գործիչները միայն պիտի կարենան ելքի ճամբաներ որոնել այս ծանր կացութենէն: Ճամբաներ, որոնք երեւելի են, դիւանագիտական, քաղաքական եւ ազգային համալրուող ռազմավարութեամբ կարելի է հասնիլ անոնց ու փրկել մեր ժողովուրդին ու մեր զոյգ պետութիւններուն իրաւունքները:

Պատերազմը չէ աւարտած, պարզապէս նոր փուլ թեւակոխած է:

Մեր հազարաւոր նահատակներուն արիւնը այսօր լրջութիւն կը թելադրէ բոլորիս անխտիր: Գոնէ այս ծանր պահուն միասնաբար որոնենք նուազագոյն վնասներով ժամանակի ընթացքին այս աղէտալի փաստաթուղթին հետեւանքներու յաղթահարման ուղիները:

Նախորդը

Վարչապետը Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ Եւ Նախագահը Տեղեակ Կ՛ըլլայ…Մամուլէն

Յաջորդը

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հրայր Սողոմոնեան` Եզակի Անձնաւորութիւնը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?