Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հրայր Սողոմոնեան` Եզակի Անձնաւորութիւնը

Նոյեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Զարմանալի թող չի թուի, եթէ «Քորոնա» ժահրին պատճառած մարդկային կորուստներու այս օրերուն, եւ յա՛տկապէս Արցախեան գոյամարտի մեր բազմաթիւ զոհուածներու եւ տագնապալից այս պահուն, յատուկ կերպով անդրադառնանք քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Հրայր Սողոմոնեանին:

Պարզ մարդ չէր Հրայրը, եւ անոր պէս քիչերու կը հանդիպինք կեանքի երկնակամարին վրայ, եւ ա՛յդ իսկ պատճառով արժէ անդրադառնալ Հրայրին մասին:

Շատ ըսուած է ու քլիշէի վերածուած, որ «անփոխարինելի մարդիկ չկան»: Սակայն, Հրայրի պարագային այս վարկածը դժուար թէ իրական փաստուի: Անոր ձգած բացը` Հայ դատի աշխատանքներու ջատագովման, իր նիւթական կարողութիւններէն մեր ազգային ու կազմակերպական կառոյցներուն նուիրաբերման, կուսակցական հարցերու մէջ անոր ուղղափառ մօտեցման, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց գաղութի հաստատման ու ղեկավարման, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարգաւաճման. ու բոլորին հասնելու անոր պատրաստակամութեան կապուած, շա՛տ անհնարին է գոցել, չըսելու համար` անկարելի:

Հազուագիւտ պարագայ է, որ մէկը փոքր տարիքէն իր համեստ կարողութիւններով կը յառաջանայ, իր պողպատեայ կամքով կը նուաճէ գործի մեծ յաջողութիւն, աւելի՛ն, ողջ յիսնամեակ մը մնայուն կերպով անսահման կու տայ թէ՛ կազմակերպական, եւ թէ գաղութային կեանքերուն, իր վաստկածէն մեծ բաժին կը հանէ Հայաստանին, Արցախին ու Սփիւռքին, եւ կը մնայ անխոնջ ղեկավար ու միաժամանակ զինուո՛ր մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը:

Զինք ճանչցայ, երբ փոքր տարիքէս Պէյրութի Հայաշէն թաղամասի մեր դրացի հասունացող երիտասարդն էր ինք: Մոլիէրի «Սքաբէնի Նենգութիւններ»-ու շրջանի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղի բեմադրումով իր Սքաբէնին մարմնաւորումը դրոշմուած կը մնայ իւրաքանչիւր թաղեցիի յիշողութեան մէջ: Իր զաւեշտը սիրող անհատականութիւնը ուղղակի միաձուլուած էր կարծէք իր այդ դերի ստանձնումին մէջ: Զինք ճանչցայ իբրեւ թաղի երէց ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուս եւ կուսակցական երիտասարդ հաւատաւոր ու խոստմնալից գործիչը: Զինք ճանչցայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան յաճախած օրերուն իր տուն վերադարձին ան կը կենար մեր ընտանիքի անդամներուն մօտ, դաստակին տակ դասագիրքերը շալկած, փոքր դադար մը առնելու իր զբաղած առօրեայէն եւ պատասխանելու հետաքրքիր ու չափահասութեան նոր մօտեցող մանուկի հարցադրումներուս: Մի՛շտ իր ժպտուն աչքերով ու համբերութեամբ: Զինք ճանչցայ, երբ իբրեւ իմ աւագ երկրաչափ ընկերս կը հանդիպէինք Տուպայի մէջ, 80-ականի կէսերուն: Ապա զինք վայելեցինք, երբ ընտանեօք գործի բերմամբ Տուպայ փոխադրուեցանք 90-ականներու աւարտին, յատկանշական օրեր անցուցնք իր եւ իր կողակից Մակիին հետ` դարձեալ Հայաշէնէն: Զինք ճանչցայ իբր դաշնակցական խոհուն երէց ընկերս, ու իբրեւ Էմիրութեանց Ազգային երեսփոխանական ժողովներու հիմնական անձնաւորութիւն: Զինք ճանչցայ իբրեւ ասպետական նուիրատուութեամբ Պիքֆայայի դպրեվանքը նորակառոյց արդիական շէնքով մը օժտած բարերարը: Ու զինք ճանչցայ յիսնամեակի մը վրայ երկարող բազմաթիւ հանգամանքներու մէջ, որոնց մէկ առ մէկ այստեղ թուարկումը անհնարին է…

Հրայրը համահայկական մտահոգութիւններով համակուած մարդու տիպարի մարմնաւորումն էր: Հայաստանի անկախացման առաջին իսկ օրերէն ան Երեւան էր օգնութեան ձեռք երկարելու, երկրին մէջ ներդրում կատարելու, առհասարակ առանց շահի ակնկալութեան – սակայն բնիկ տեղացիներուն մի՛շտ գործ ստեղծելու առաջադրանքով: Հոնկէ կ՛անցնէր Արցախ ու այդտեղ եւս ներդրումներ կը կատարէր: «Տարօ՛ն, եթէ նոյնիսկ գնած տունս 5 հոգիով պահակութիւն ընեն ու ծիրանի ծառերուն հոգ տանին, առնուազն 5 ընտանիքի օրապահիկը ապահովուած պիտի ըլլայ, ու հողը ձգելու նուազ մտահոգութիւն պիտի ապրին այդ մարդիկը», պիտի ըսէր ան: Ապա երկրագործական ու անասնաբուծական ուղղակի նախաձեռնութիւն` Զանգեզուրի մէջ, ՀԵԿ Արցախի մէջ, եւ աւելին: «Դրամ չենք շահիր, հարց չէ, գոնէ տեղացի բնակչութեան գործ կ՛ըլլայ», պիտի աւելցնէր:

Մի՛շտ օգնելու եւ ո՛չ անձնապէս օգտուելու մտասեւեռումով:

Հակառակ Պէյրութ ծնելուն, ան իր Քեսապի արմատներուն միշտ պիտի մնար հաւատարիմ. ու հասնէր Էմիրութիւններէն Լիբանան, Սուրիա, Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակ, Քանատա, Քալիֆորնիա եւ այլուր: Այնտեղ, ուր գործ կար ըլլալիք եւ օժանդակութիւն կար տրամադրուելիք (նաե՛ւ նիւթական), հո՛ն պիտի գտնէիր Հրայրը: Ամբողջացնելով համահայկական մարդու իր տիպարը, ան պիտի այցելէր նաեւ Արեւմտեան Հայաստան, իր աչքերով իսկ տեսնելու եւ չափելու մեր ազգային կորուստին համակութիւնը…

Իր գործը չաւարտած եւ յարաբերաբար իր չյառաջացած տարիքին, ժահրի այս դաժան օրերուն, Հրայր պիտի բաժնուէր մեզմէ: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ի տնօրինմամբ արժանաւորապէս Ազգային թաղում տեղի ունեցաւ Հրայրին, Անթիլիասի մէջ:

Հիմա ես ինծի հարց կու տամ: Այս ի՞նչ ներգործօն ու դրական մղիչ ուժով օժտուած էր Հրայր: Ծնիլ սփիւռքի մէջ ու զարգանալ օտար ափերու վրայ, սակայն ըլլալ համակ նուիրում ազգին` բարոյապէս ու նիւթապէս: Եւ եթէ այդ մղիչ ուժը մենք կարենանք գոյացնել քանի մը տասնեակ կամ հարիւրեակ նոր Հրայրներու մէջ, ապա մեր ազգային կեանքը նորանոր վերելքներ նուաճելու լուրջ հաւանականութեան առջեւ կը գտնուի:

Վարձքդ կատա՛ր, Հրա՛յր: Մենք քեզ չենք մոռնար, սիրելի՛ ուսուցիչ-ընկեր:

7 նոյեմբեր  2020
Լոս Անճելըս

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ազգային Պետականութիւնը Հիմք` Մեր Իրաւունքներու Ձեռքբերման

Յաջորդը

Դո՛ւն Ստեցիր, Դո՛ւն Խաբեցիր Ժողովուրդդ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?