Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պողպատեայ Մարտունակութիւն… Թաւշեայ Պարտութիւն

Նոյեմբեր 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պարտութիւնը կ’ուսուցանէ յաղթանակի արուեստը»

ՍԻՄՈՆ ՊՈԼԻՎԱՐ (1783-1830)

 

Այս կարճ ու կտրուկ, իմաստուն խօսքը դժուար է ներմուծել հայորդիին համոզումին, յատկապէս ներկայ դաժան պայմաններուն մէջ:

Շշմած եւ հիասթափուած է հայը:

Սպի չէ տեսածն ու զգացածը, այլ` ահաւոր վէրք, տարբեր վէրք… Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ին մէկ նորագոյն տարբերակը` «Վէրք Արցախի»:

Դառն արցունքով թաթախուած են Պապիկն ու Մամիկը:

Քրիստոսէ առաջ իսկ սկսած հայոց պատմութեան հաստափոր գիրքին մէջ արիւնոտ էջ մը աւելցաւ. անոր մելանի չորացումն անգամ բաւական ժամանակ պիտի պահանջէ, եւ դեռ աւելի՛ն, իրենց մատղաշ զաւակները կորսնցուցած մայրերուն արցունքը շարունակ թաց պիտի պահէ չփակուած (ու մինչեւ արդարութեան վերահաստատում` չփակուելիք) էջը:

Շարունակ կը կրկնուէր, կը կրկնէինք եւ հաւանաբար դեռ ալ պիտի կրկնենք, որ ՀԱՅԸ առանձին կը կռուէր ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլ աշխարհի ամէնէն մեծաթիւ բանակին` Թուրքիոյ դէմ, իր դիմացի առաջնագիծին վրայ ունենալով ոճրածին ու թրծուած ահաբեկիչներ, որոնք անցեալի ենիչերիներուն պէս զուրկ են խղճի նշոյլէ, տարրական կրթութենէ հեռու վարձկաններ են:

Սատանայական վիթխարի ուժին դէմ աւելի քան 40 օր մարտնչող հազարաւորներու կեանքեր վճարուեցան, մինչեւ որ թշնամին յաջողեցաւ որոշ յառաջխաղացք արձանագրել:

Կան բազում հարցադրումներ եւ հաստատումներ, որոնց մասին «տաքը տաք»-ին տեղին է արտայայտուիլը:

Առաջին հերթին, վայրկեան մը հեռանալով ռազմադաշտէն, պէտք է նշել, որ հայրենի արտաքին յարաբերական բազուկը, գիտնալով հանդերձ, թշնամիի նիւթական կարողութիւններու եւ մսխումներու գերակայութիւնը, լաւապէս չէր «զինուած»: Դիւանագիտական բեմին հանդէպ եւ «ad hoc» վայրկեաններուն բացորոշ բացակայութիւն մը կար Հայաստանի հարթակը ներկայացնողներուն մօտ: Իսկ դիւանագիտութիւն չի նշանակեր առաւելաբար նեղ յարաբերական աշխատանք (PR.- Public Relations):

Երկրորդ` քարոզչական բնագաւառէն ներս, Ազրպէյճան քսակը լայն բացած էր իր շղթայազերծած յարձակման օրէն իսկ, անկէ շատ առաջ ալ, խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կը տարածէր, Պաքու այցելող լրագրողներուն իր անարդար տեսակէտները կը հաղորդէր ու համապատասխան զեկուցումներ կու տար` արգելք հանդիսանալով, որ ճակատ մեկնին եւ մօտէն հետեւին ռազմական իրականութիւններուն: Մինչդեռ հայրենի կողմը թափանցիկ գործելաձեւով առիթ ընծայեց լրագրողներուն, որ մուտք գործեն Արցախ եւ մօտէն հետեւին պատահածներուն, այնքան մը, որ անոնց համար պատսպարան դարձած Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին անգամ բազմիցս ռմբակոծուեցաւ…

Վերադառնանք ռազմադաշտ: Բաւական ուշ ի յայտ եկաւ, որ առաջին օրէն իսկ հայրենի բանակը ծանր հարուած կրած էր, երբ թշնամին անակնկալ ռմբակոծումներով հարուածած էր պահեստանոցներ, զօրանոցներ եւ յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան ցանցը, որուն իբրեւ հետեւանք` մինչեւ վերջին օրն իսկ անօդաչու սարքեր ազատ-համարձակ կը վզզային` ահ ու սարսափ ստեղծելով, ահաւոր աւերում տարածելով:

Հայրենի բանակին զոհերուն մեծ մասը հետեւանք էր անօդաչու «թռչնազգի»-ներուն (drones), որոնց թիւը բազմիցս գերազանցեց Արցախի երկինքին վրայ վեհօրէն թռչող փետրաւոր արծիւներն ու բազէները:

Բարձունքներու վրայ, ուր ծով չկար, ո՛չ ալ ծովամոյն ըլլալու վախ, «տրոնամոյն» եղան մեր զինուորները, որոնք քաջաբար կը դիմադրէին:

Համեմատած նախընթաց ճակատումներուն, պատերազմը հողի վրայ հորիզոնական դրութեամբ` դէմ առ դէմ չէր տարուեր միայն, այլ նաեւ ուղղահայեաց էր, կարելի է ըսել նաեւ` երեք տարածքներով (3D)` աչքի առջեւ ունենալով սաւառնող մահացու գիշատիչները:

Վերոյիշեալ բոլոր ախտաճանաչումները մէկդի դրած` կայ հիմնական, թնճուկային հարց մը, որուն մասին դեռ շատ մելան պիտի հոսի. այդ ալ Շուշիի շուրջ ստեղծուած խառնաշփոթ կացութիւնն էր:

Հակառակ դիմադրութեան բարձր ոգիին, այդ խորհրդանշական ամրոց քաղաքը` Շուշին յանկարծ տեղի տուաւ օր մը եւ ուշագրաւ թուականի մը` նոյեմբեր 9-ին, որ առանց այլեւայլի, պարզ զուգադիպութեամբ մը չէ, որ Ազրպէյճանի դրօշի օրն էր…

«Թայմինկ»-ն ու կատարուած «սենարիօ»-ն ցոյց կու տան, թէ պատրաստուածը ժապաւէն մըն էր, որ կրնար տարբեր աւարտ մը ունենալ, կամ մեղմացնել ողբերգութիւնը` առանց թեթեւցնելու իրողութիւնը:

«Պատերազմը աւարտելու ամէնէն արագ ձեւը` պարտուիլն է», ըսած է բրիտանացի գրագէտ Ճորճ Օրուէլ (1903-1950): Պողպատեայ հայ զինուորին գլխուն վատ խաղ մը խաղցուած էր:

Վատ խաղէն աւելի` դաւ մը, որուն մեկնարկը տրուած էր վերանկախացման առաջին օրերէն իսկ եւ ցայսօր կը շարունակուի… սկսելով անցեալի ղեկավարութէնէն մինչեւ ներկան եւ ընդգրկելով` ամբոխավարութիւն, շահագործում, փտածութիւն, զեղծարարութիւն, նենգամտութիւն, նոր-ազատականութիւն (neo-liberalism), ստախօսութիւն, մատնութիւն, ամբոխահաճութիւն (populism), պարզամիտ (naïve) եւ անխոհեմ քաղաքական ուղղութիւն (orientation)… եւ այլն:

Թաւշեայ յեղափոխութէնէն եւ յաղթանակէն ետք, ահաւասիկ` թաւշապատ ընկրկում, խայտառակութիւն եւ պարտութիւն:

Էռնեսթ Հեմինկուէյ գրած է. «Մարդը կրնայ խորտակուիլ, բայց ոչ` պարտուիլ»: Հայը խորտակուած է… Հայաստանն ալ` պարտուած:

Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրին յաջորդող օրերուն Երեւանի մէջ ալ քաոսային, թէժ ու ողբերգական է կացութիւնը:

«ՈՒՐ ՈՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ, ՀՈՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԿԱՅ» (Ubi concordia, ibi victoria) կ՛ըսէ լատինական առակը:

Վիճակ մը` որմէ հեռու կը թուինք ըլլալ առայժմ:

Վիճակ մը` որմէ դուրս գալու առաջին քայլը… իմ, մեր, ձեր եւ բոլորիս քայլը պիտի ըլլայ Արցախը ծախած կամ նոյնիսկ ձրիաբար յանձնած վարչապետ Փաշինեանի եւ իր ղեկավարութեան անմիջական հրաժարականն ու հեռացումը:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը. Յանուն Համահայկական Այս Ճգնաժամի Յաղթահարման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?