Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռակողմանի Համաձայնագիրով Փաշինեանի Կառավարութեան Օրինահարազատութիւնը (Liegitimacy) Վերջ Կը Գտնէ

November 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Հետզհետէ կը պարզուի, որ նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը օրինազանց փաստաթուղթ է, որ կը շրջանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիական հակակշիռները` երկիրը նետելով սահմանադրական աննախընթաց քաոսի մը մէջ:

Վարչապետը գործած է իր իրաւասութիւններէն շատ անդին` իր համաձայնութիւնը տալով փաստաթուղթի մը, որ մեր ժողովուրդին կը պարտադրէ զանգուածային հայրենազրկում, ծանր հարուած կու տայ հայ անկախ պետականութեան անվտանգութեան եւ լինելիութեան, թշնամիին կը յանձնէ ոչ միայն մեր հայրենական հողերը, այլ նաեւ մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան գանձարանը եւ ոչինչով կը հատուցանէ գործուած մեծ եղեռնագործութեան համար: Ազգը կողոպտուած է իր ինքնութեան խարիսխ հանդիսացող կենսական ուժականութիւններէն եւ կանգնած` անելի առջեւ:

Եռակողմանի համաձայնագիրը, որուն տակ կայ նաեւ Ազրպէյճանի ցեղասպան նախագահին ստորագրութիւնը (եւ ետին` Թուրքիոյ ցեղասպան նախագահին հովանաւորութիւնը), ինքնաբերաբար կը զրկէ վարչապետ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը երկիրը կարենալ ղեկավարելու կարողութենէն:

Վարչապետն ու կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս հրաժարին, փոխանակ ինքնարդարացման թէզեր ներկայացնելու հանրութեան: Բոլոր այդ թէզերը քննարկելի են, պէտք է քննարկուին եւ պետութեան կողմէ համապատասխան տնօրինումներու յանգին: Բայց այդ բոլորը` պրն. վարչապետի հրաժարական ներկայացնելէ ե՛տք միայն: Պրն վարչապետի եւ իր կառավարութեան հրաժարականը էապէս անկախ է առնուած քայլին որակական – եւ իրաւակա՛ն – գնահատական տալու մեր ազգային պարտաւորութենէն: Վարչապետը պէտք է հրաժարի թշնամիին հայրենական հող յանձնած ըլլալու փաստին համար: Պէտք է հրաժարի նման բանակցութիւններու մէջ ինքնագլուխ գործած ըլլալուն համար: Իր սահմանադրական իրաւասութիւնները յարգած չըլլալուն համար: Ազգը ապակողմնորոշած ըլլալուն համար: Ազգին վստահութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն համար:

Իսկ ազգին առջեւ կը ծառանայ մէկ մեծ եւ ճակատագրական մարտահրաւէր: Ինչպէ՞ս կազմակերպել իշխանութեան փոխանցումը դէպի Ազգային փրկութեան կառավարութիւն: Ցարդ միայն կը խօսուի (գէթ հրապարակաւ) վարչապետ Փաշինեանի անընդունելի արարքին մասին: Ոչ մէկ խօ՛սք` փոխանցման ընթացակարգին մասին: Ոչ մէկ խօ՛սք` հաւանական յաջորդին կամ յաջորդներուն մասին: Ոչ մէկ խօ՛սք` յաջորդող իշխանութեան շօշափելի (կոնկրէտ) առաքելութեան մասին: Ոչ մէկ խօ՛սք` յաջորդող իշխանութեան անցումային ժամանակի բնոյթին եւ տեւողութեան մասին: Ոչ մէկ խօ՛սք` օրէնսդիր իշխանութեան եւ Հայաստանի նախագահին իրաւասութիւններուն մասին:

Նախագահ Սարգսեան, իր նախաձեռնութեամբ, ձեռնարկած կը թուի ըլլալ կարգ մը խորհրդակցութիւններու, որոնք, անշուշտ, սկիզբ մը կը ներկայացնեն ի չգոյէ աւելի հզօր գործընթացի մը, որուն կենսական կարիքը կայ այսօր: Պրն. նախագահը ունի քանի մը կարեւոր իրաւասութիւններ Հայաստանի սահմանադրութեան թիւ130-132 եւ 158 յօդուածներով սահմանուած, որոնք պէտք է դրուին գործադրութեան: Առաջին հերթին` պրն. նախագահին իրաւասութիւնն է վերջին հաւանութիւնը տալ ստորագրուած միջազգային պայմանագիրներուն զանոնք վաւերական դարձնելու համար: Նախագահը պէտք է անմիջապէս մերժէ վարչապետին կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը եւ ատով իսկ հաստատէ իր օրինական հեղինակութիւնն ու մեր երկրի գերիշխանութիւնը: Եւ անմիջապէս հրաւիրէ միջազգային կողմերը վերստանձնելու բանակցային գործընթացը: Միաժամանակ հուժկու քայլերով ձեռնարկէ անցումային իշխանութիւն մը ձեւաւորելու գործին:

Այսօրուան մեր մեծ խնդիրն է երկրին եւ ժողովուրդին վերադարձնել իր մտքի թանկագին խաղաղութիւնը: Վերահաստատել երկրին ինքնավստահութիւնը: Անմիջապէս կազմակերպել աղէտեալ մեր երկրին եւ ժողովուրդին խնամատարութեան գործը: Կասեցնել ներկայ թաւալգլոր ընթացքը դէպի պարտութիւն, նահանջ, անձնատուութիւն, ինքնասպանութիւն: Ազգը պէտք է գիտնայ ուրկէ՞ սկսիլ վերականգնումի հրամայական գործը: Ազգին ղեկավարները շատ աւելին ունին ընելիք, քան վարչապետին եւ կառավարութեան լոկ հեռացումը քաղաքականութեան բեմէն: Համազգային նոր զօրաշարժի ժամանակն է թշնամին պարտութեան մատնելու նախ եւ առաջ մեր կեանքերուն եւ մեր մտքերուն մէջ, յետոյ նաեւ` մեր երկրի պաշտպանութեան թէժ ճակատներուն վրայ: Դէպի նոր զօրաշա՛րժ:

14 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

Նիկոլի Վրիժառութեան Կոչին Առիթով

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Տապալեց Սահմանադրութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.