ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ազգային, պետական եւ անձնական մեծ ու փոքր հարցերը «Ֆէյսպուք Լայվ»-ով կը սիրէ հաղորդել` անձամբ եւ անմիջականօրէն հաղորդակցելու հայութեան հետ, իր ստորագրած համաձայնութիւնը յայտնեց գրաւոր, ուշ գիշերին, եւ «Լայվ»-ի սիրահարները սպասեցին յաջորդ օրուան, երբ իր «Լայվ» ելոյթով կոչ ուղղեց` պատրաստուելու վրէժի:
Յանձնուողական համաձայնագիրի ստորագրութեան հարուածէն տակաւին չսթափած հայեր անընդունելի, նոյնիսկ դատապարտելի ոտնձգութիւն գործած էին` խոշտանգելով այլ հայ մը` Արարատ Միրզոյեանը, խորհրդարանի նախագահը:
Այն պահուն, երբ Շուշիի շրջակայքը հայ երիտասարդներուն արիւնը չէր չորցած տակաւին, այն պահուն, երբ հարիւր հազարաւոր հայեր բռնագաղթի կ՛ենթարկուէին իրենց հազարամեայ բնօրրանէն, այն պահուն, երբ ծանր վիրաւորները խնամելու միջոցներ կ՛որոնուէին… ա՛յդ պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ քանի մը ժամ առաջ ստորագրած էր ազգի ու հայրենքի մէջքը կոտրող համաձայնագիր, կոչ կ՛ուղղէր` պատրաստուելու վրէժի:
Բայց ի՞նչ վրէժ, որմէ՞, ո՞ր ոճիրին համար:
Հրամմեցէք.-
«Ես բոլոր էն քաղաքացիներին, ովքեր հասկանում են ինչ է կատարուում, կոչ եմ անում պատրաստուել վրէժի… պատրաստուել վրէժի. էս կոռուպցիոներ օլիկարխ ստահակներին ու էս երկիրը թալանածներին ու էդ տականքներին, եւ բոլոր էն քաղաքացիներին, որոնք հասկանում են ինչի՞ մասին է խօսքը, ես կոչ եմ անում պատրաստուել վրէժի»:
(Նիկոլ Փաշինեան, «Ֆէյսպուք Լայվ» խայտառակ համաձայնութիւն տալէ քանի մը ժամ ետք):
Ստորագրութենէն ժամեր ետք այդ ահաւոր պայմաններուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ զայրոյթը, ցասումը, ընդվզումը եւ բոլոր դառն զգացումները դրսեւորելու ո՛չ թէ զանոնք պատճառած թուրքին, այլ` հայերու դէմ:
Եթէ կարելի չէ արդարացնել, նոյնիսկ այդ ցասումի մոլեգնութեան մէջ, այլ հայու` Միրզոյեանի նկատմամբ արարքը, ապա ի՞նչ պէտք է ըսել այդ ահաւոր պայմաններուն մէջ հայու դէմ վրէժի կոչ արձակող հայ քաղաքական գործիչի, ղեկավարի, վարչապետի հասցէին:
Այլ խօսքով, ան կոչ կ’ուղղէր իր համակիրներուն` վրէժ լուծելու իր քաղաքական հակառակորդներէն, այդ ալ ազգային մեծ ցաւի պահուն:
Հոս աւելորդ է խօսիլ ազատ երկրի մէջ ազատ կարծիքի, այլախոհութեան, քաղաքական տարակարծութեան իրաւունքներուն մասին:
Հոս աւելորդ է խօսիլ իշխանութեան կողմէ ընդդիմութեան նկատմամբ եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին հանդէպ պարտաւորութիւններուն մասին:
Հոս աւելորդ է խօսիլ Միրզոյեանը խոշտանգողներուն, փտածութեան, կաշառակերութեան համար դատական եւ ո՛չ թէ քաղաքական-ֆէյսպուքեան հետապնդում կատարելու պատշաճ գործընթացին մասին:
Անշիրիմ նահատակներու, չդարմանուած վիրաւորներու եւ հազարաւոր գաղթականներու տառապանքին յոռեգոյն պահուն իր քաղաքական հակառակորդներէն վրէժ լուծելու կոչ արձակողը, միմիայն այդ կոչով, արդէն, իմ համոզմամբ, յոռեգոյն դաւաճանութիւն գործած է:
Եթէ այդ գնահատականին համաձայն չէք, առնուազն պէտք է ընդունիք, որ «Ֆէյսպուք Լայվ»-ի վարպետը այդ օրհասական պահուն, այս բովանդակութեամբ ելոյթ ունենալը անմարսելի է ոեւէ գիտակից մարդու համար: Ազգային մեծ ցաւի պահուն ժամացոյցի եւ օծանելիքի մասին պատմողը ո՛չ հայ պետական գործիչ, ո՛չ ալ հայ քաղաքական դէմք կրնայ ըլլալ: