Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեանի հետ: Արծարծուեցաւ Արցախի ներկայ իրավիճակը, եւ դեսպանը նշեց Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնն ու առ այդ կատարուելիք աշխատանքները այս համաձայնագիրին առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն քննադատեց վարչապետ Փաշինեանի ստորագրած այս ահաւոր եւ միակողմանի համաձայնագիրը: Ան անձնապէս տուած է որոշումներ եւ պարտադրած` ժողովուրդին, առանց որեւէ խորհրդակցութիւն կատարելու: Նաեւ, խօսուեցաւ հրատապ հարցերու մասին, որոնց կարգին յատկապէս գաղթականներուն համար ստեղծուած քաոսային վիճակը:
Տեսակցութեան աւարտին, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն յանձնեց նամակ (տեսնել` աւարտին) մը` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուշադրութեան 12 նոյեմբեր 2020
Սոյն նամակով պաշտօնապէս կը պահանջենք ձեր անյապաղ հրաժարականը:
Դո՛ւք, Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դիմակայելու ձեր ձախողութեամբ եւ աղէտալի յայտարարութեան տակ դնելով ձեր անձնական ստորագրութիւնը, լուրջ վտանգներու տակ դրած էք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան փրկութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին` դուք զուրկ էք Հայաստանը ղեկավարելու, Արցախի անունով խօսելու եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներկայացնելու իրաւունքէն:
Դուք ամբողջական յանձնատուութեան մը տակ ստորագրած էք առանց Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի գիտակցութեան, առանց խորհրդարանական քննարկումներու, եւ նոյնիսկ առանց Հայաստանի նախագահին գիտակցութեան: Ձեր ընթացքը ճգնաժամի ողջ տեւողութեան, ներառեալ ընդդիմախօսներու հակաժողովրդավարական ձերբակալութիւնները գոյութենական վտանգի առջեւ կանգնեցուցած են Հայաստան հայրենիքը: Առ այդ, պէտք է հեռանաք եւ անյապաղ փոխարինուիք` յանուն Հայաստանի փրկութեան:
Կը պահանջենք, որ անմիջապէս հրաժարիք` առիթ տալով նոր ղեկավարութեան մը, որ կարող է առաջնորդել դէպի փրկութիւն, անվտանգութիւն եւ Հայաստանի ու Արցախի երկարակեաց լինելիութիւն:
ՀՅԴ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ