Յօդուածներ

Պոլսահայ  Գրող, «Մարմարա» Օրաթերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր  Հատտէճեանի   Ծննդեան 95-Ամեակին Առիթով

Պոլսահայ Գրող, «Մարմարա» Օրաթերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի Ծննդեան 95-Ամեակին Առիթով

Քաղեց՝ ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ Ծնած է 26 յունուար1926-ին, Պոլսոյ մէջ: Իր նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը  ստացած է Պոլսոյ Բանկալթըի վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ  շրջանաւարտ եղած է 1944-ին: Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ: Երբ ան Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող էր, սկսած է գրել առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնէին գրական մամուլին մէջ։ Սակայն 1949...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սուրիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւնը Կը Պարգեւատրէ  Հռիփ Կանանեանը 19 յունուարին Սուրիոյ Բարեսիրական միութիւններու համընկերակցութիւնը պարգեւատրեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի վաստակաշատ անդամ Հռիփ Կանանեանը Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իր ծաւալած մարդասիրական կամաւոր աշխատանքին համար, յանուն հայրենիքի ու միութեան բարօրութեան: Կրօնական Ժողովի Նիստ` Մասնակցութեամբ Քեսապահայութեան Նորանշանակ Հոգեւոր Տեսուչ Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի Ուրբաթ, 22 յունուար 2020-ին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս...

Հայկական Բանակ՝ Տօնդ Շնորհաւոր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Յունուար 28 եւ հայկական բանակի ծննդեան տօն: Իր անկախութենէն ի վեր, ամէն տարի այս թուականին, հայ ժողովուրդը կը նշէ եւ կը տօնախմբէ իր ազգային բանակին հիմնադրութեան օրը: Ու մենք, բոլորս ալ անխտիր, մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս տարեդարձը, համազգային ուրախութեամբ կը դիմաւորենք: Որովհետեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Ան է, որ մեր պապենական հողին ապահովութիւնն ու ազատութիւնը կ՝երաշխաւորէ: Ո՛չ մէկ կասկած: Հայկական բանակ: Համայն հայութեամբ եւ նոյնքան ալ մեծ հպարտութեամբ կ'արտասանենք այս երկու բառերը, որովհետեւ անոնց մէջ միշտ ներկայ են հայու մարտունակ ոգին, պատրաստակամ զոհաբե-րութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, հրաշալիօրէն եւ օրինակելի: Այս համեստ տողերը, պարզ եւ սակայն յատուկ, մեծ պաշտամունքի մը...

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եւրոպական խորհրդարանը 20 յունուարին որդեգրեց «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը, որոնցմէ առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին: Եւրոպական խորհրդարանը խիստ կերպով քննադատեց խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու, սրբավայրերու թիրախաւորումը, տարանջատուող ռումբերու օգտագործումը եւ այդ առնչութեամբ կոչ ուղղեց Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` վաւերացնելու տարանջատուող զինատեսակներու մասին հռչակագիրը: Այսպիսով...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Արցախեան 1001 Պատում. Ազգը Զիջեցաւ… (Ա.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ    Եթէ երբեք պատում բառը փոխարինէի հեքիաթ գոյականով, ոչինչ պիտի փոխուէր ըստ ձեւի եւ բովանդակութեան: Արդարեւ արցախեան եւ առհասարակ հայաստանեան նոր օրերու օրագրութիւնը ի լուր աշխարհին մատուցեց, դեռ երկար պիտի շարունակէ մատուցել այնպիսի ճշմարտութիւն(ներ), որոնք, առաջին հերթին, մեզի` հայերուս համար նկատուեցան «հեքիաթ»-ներ: Այսինքն, խօսքը կը վերաբերի, անհաւատալի, անըմբռնելի եւ մարդկային մտքին անհասանելի եղելոյթներու (քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, ընկերային, ստորին թէ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մղձաւանջէն Ետք… Ամերիկեան Երազի Հեռանկարով

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մղձաւանջէն Ետք… Ամերիկեան Երազի Հեռանկարով

Նոյնքան ազդեցիկ եւ դիպուկ պիտի չհնչէ, եթէ American dream-ը բառացիօրէն հայերէնի թարգմանենք եւ ըսենք` ամերիկեան երազ: Պակասաւոր, մութ եւ անհասկնալի կրնայ թուիլ անգլերէնով որոշ կնիք ստացած այս խօսքին մաշտոցեան լեզուին թարգմանութիւնը, յար եւ նման այլ արտայայտութեան մը` melting pot, որ բառացի թարգմանութեանբ կ՛ըլլայ` հալոց, ու մենք սովոր ենք տարբեր ժողովուրդներ կուլ տուող Նոր աշխարհը նկատել մեծ հալոց մը` իր ձուլող...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 40 Օր Ստեցին Մեզի, Նուիրական Խօսքը` «Յաղթելու Ենք»-ը, Դարձաւ Ցուցանակ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խորհրդակատար Շահէ քհնյ. Հայրապետեանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը պատասխանէ  «Yerkir.am»-ի թղթակիցին հարցումին, թէ ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ Ալիեւը կը շրջէր Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ: Քահանան տխուր եւ ալեկոծ կը յայտնէ, թէ վերջերս կ՛աշխատի, որ այլեւս լուրեր չլսէ:...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օսմանեան Բանակին Ջարդը Վարանդայի Մէջ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Արցախցիները Մերձկասպեան Հողեր Տեղափոխելու Ռուսական Ծրագիր Դերբենդ (Տաղստան). հայոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին պատմական կառոյց է Գանձասարի Եսայի եւ Երից Մանկանց Ներսէս կաթողիկոսներու եւ Արցախի մելիքներու կողմէ ռուսաց Պետրոս Մեծ ցարին ուղարկուած 18 նոյեմբեր 1724 թուակիր օգնութիւն հայցող նամակին իբրեւ պատասխան, ցարը հրովարտակով մը բարեհաճեցաւ հայերը ընդունիլ իր բարձր հովանաւորութեան տակ եւ ամենաողորմածաբար...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (4)

ԱՐՄԵՆԱԿ  ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեր՝ Հայաստան կեցութեան   45 օրերուն  մեծ մասը Պոյաճեան երեկոն անցուց Պարոյր Սեւակի տան մէջ, ուր կը հանդիպէր զանազան  գրողներու. հիմա անոնցմէ կը յիշեմ միայն Անահիտ Չարենցի անունը՝  հետեւեալ միջադէպի բերումով: Այն գիշեր  Պոյաճեան վերադարձաւ սովորականէն աւելի հարբած: Շուարած էր, ինքնիր վրայ կը դառնար առանց հանդարտելու, մէջը կրակ մը կար, որ չէր մարեր, երբ  մէկ ալ ձեռքը ցնցումով մը...

Հեռաձայնային Զրոյցէ Մը…

Հեռաձայնային Զրոյցէ Մը…

Ս. Մ. Ուշացած նախաճաշս հազիւ լրացուցած` հեռաձայնս հնչեց: Լսեցի վաղեմի բարեկամի մը` Հ-ին ձայնը (վերջին ամիսներուն արդէն բարեկամի-հարազատի երես տեսած չունինք, հեռաձայնն է միակ ապաւէն կապը): Բնականաբար առաջին հարց ու փորձը` երկու կողմէ, կը բխէին ընդհանուր կացութենէն, համաճարակի նոր ալիքներուն առթած մտահոգութիւններէն եւ Ուաշինկթընի մէջ դրական տեղաշարժի մը նախանշաններէն: Յետոյ զրոյցը անխուսափելիօրէն հասաւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն: - Լսեցի՞ր վարչապետին երէկուան յայտարարութիւնը......

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

Գարեգին Նժդեհի Ծննդեան 135-Ամեակին Առիթով

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ 1 յունուար 1886 թուականը մեր մեծանուն հերոս, զօրավար ու սպարապետ Գարեգին Նժդեհի (Գարեգին Առաքել Տէր Յարութիւնեան) ծննդեան135-ամեակն է: Ան եղած է եզակի հայ մեծ զօրավարներէն մէկը, որ կ՛անմահանայ իր հայրենական հողը ազատագրելու համար: Ան ծնած է Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը, իր նախնական կրթութիւնը ռուսական վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, շնորհիւ իր բացառիկ ընդունակութեան կ՛ուղարկուի Թիֆլիս` իր ուսումը շարունակելու, ուր նաեւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Երբ Պիտի Սանձուին Սուրիոյ Քաղաքացիին Կացութիւնը Շահագործողները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Երբ Պիտի Սանձուին Սուրիոյ Քաղաքացիին Կացութիւնը Շահագործողները

Սուրիական տագնապը թեւակոխեց իր տասերորդ տարին: Տասը տարի ետք թէեւ ապահովական իմաստով երկրէն ներս բարելաւում արձանագրուեցաւ, սակայն տնտեսութիւնը շարունակեց իր անկումը, յատկապէս երբ տակաւին պատերազմի ծանր բեռէն չձերբազատած` դէմ յանդիման եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներուն, ինչ որ իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ առաւելաբար քաղաքացիին կեանքին վրայ` անոր տարրական պահանջներն անգամ ապահովելու բազմակողմանի դժուարութիւններ յառաջացնելով: Սուրիական լիրային անկումը, որուն կողքին քարիւղի հորերու,...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Լռութեան Ձայնը

«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Սրանից շուրջ երեք տարի առաջ պատիւն ու երջանկութիւնն ունեցանք Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնում վայելելու հայկական Շուշին ազատագրող առասպելական Արկադի Տէր Թադէոսեանի (Կոմանդոս) խրախուսիչ-խթանիչ ներկայութիւնը: Նա հրաւիրուել էր ամպիոն` երիտասարդ ուսանողների համար ռազմահայրենասիրական դրւագների մասին դասախօսութիւն կարդալու նպատակով... Կողքից` հիւրաբար ներկաներիս համար ամենացայտունը Կոմանդոսի իւրայատուկ եւ, ըստ էութեան, համեստ պահուածքն էր, որից եւս տպաւորւում...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Շուշի՞ն…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Հիմա արդէն պարզ է, թէ ինչո՛ւ խորհրդային ներքին սահմանագծերով առաջնորդուելու թշնամիի առաջարկը դոյզն առարկութեան իսկ չհանդիպեցաւ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան պետին կողմէ: Հիմա գիտենք, որ ան չի գիտեր մեր երկրին հարազատ սահմանները: Չի գիտեր Շուշին®Ան «իրաւազրկուած» չէ, քանի որ զուրկ է իրաւունքի բնական զգացողութենէ: Ան ինկած է պատմութեան քաոսին մէջ երեւի մոնկոլական արշաւանքներու օրով եւ զրկուած է յիշողութենէ: Ան...

Սպասում

Կանացի Աչքերով

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Բ.- Սէյիթ Ռըզայի ժառանգը եւ արագ պատկերներ Յօդուածի առաջին մասը կը ներկայացնէր շարժապատկերի 17-րդ «Կին» միջազգային փառատօնի ծրագրին մէջ ցուցադրուած պոլսաբնակ Ռենա Լուսին Պիթմեզի «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական մանուկները կը սիրէ՞» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Թուրքիա գաղթած հայաստանցի կիներուն մանուկներուն անմխիթար կացութիւնը: Բ.- Ծրագիրին մէջ տեղ գտած հայկական-քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկրորդ ժապաւէնը վաւերագրական է: «Զելիհայի տնակը», (Zelihas Hütte, Gabriela...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Ակնարկ. Անհասցէ Եւ Հասցէական Բաժինները

Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն», ինչպէս նաեւ «Ընդհանուր անվտանգային եւ պաշտպանական քաղաքականութիւն» զեկուցում-բանաձեւերուն արցախեան պատերազմին վերաբերող բաժնին ողջունումը թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ օրինաչափ է: Ընդհանուր առումով  Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած զեկուցում-բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած են բազմաթիւ կարեւոր դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, յարձակումի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Իրավիճակի Կայունացման Հրամայականը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը մատնուած է անելի: Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանավէճը, որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարութիւն դաւանող հասարակութեան մէջ, չ՛ընթանար առողջ հունով: Բանավիճող կողմերը իրարու չեն լսեր, միւսին ըսածին ու առաջարկածին մէջ դրականը կ՛անտեսեն, իսկ իրենց տեսակէտով մերժելի գաղափարը կը վերածեն վարկաբեկումի նիւթի: Հայրենիքի Փրկութեան շարժումի վարչապետութեան թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը Գիւմրիի մուտքին իր ճանապարհը փակող քսան կամ երեսուն...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Անկրկնելի Հալէպը. Վեհանձն Արաբներ

 ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Արցախեան քառասունչորս օրերու պատերազմի նախօրեակին, Թուրքիոյ բռնատէրի օսմանեան սուլթանական կայսրութիւնը վերականգնելու բացայայտ ախորժակներու մասին, քաղաքական լուրերու ունկնդրութեան պահուն, դէպի Լիպիա առաքուած զօրքերու առիթով, իւրաքանչիւր հայրենասէր սուրիացիի սիրտ կը խոցէր «Սուրիացի վարձկաններ» յորջորջումը լսելով: Բոլորիս համար յստակ էր, որ այդ արարածները Սուրիոյ մէջ ապրած թուրքմէն փոքրամասնութենէն կը սերին, որոնք ուռճացան քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակին, անոնք կը հովանաւորուէին թուրք պետութեան...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Պայտըն Կու Գայ Լաւ Խոստումներով, Սակայն…

Դիմակները կը տիրապետեն Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քիչ առաջ պատկերասփիւռէն հետեւեցայ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան: Ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Երբ պատկերասփիւռը մարեցի, ունէի ծանօթ անեկդոտի մը ճամբորդին զգացումը: Ընթերցողս հաւանաբար լսած է պատմութիւնը. Լոնտոնէն դէպի Նիւ Եորք թռիչքի պահուն ճամբորդ մը կը մտնէ օդանաւորդին խուցը, ատրճանակ մը կ՛ուղղէ անոր գլխուն եւ կը պահանջէ. «Զիս... Նիւ Եո՛րք հասցուր»: Օդանաւորդը կ՛ապշի. «Բայց......

Սպասում

Կանացի Աչքերով

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ա.- Կալանաւոր մանուկներ Շարժապատկերի 17-րդ «Կին» միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ առցանց: Ցուցադրուեցան 51 ժապաւէններ, որոնցմէ 7-ին բեմադրիչները հայ կիներ են: Անցեալ տարի ցուցադրուած էին` 63, այսինքն քանակի զգալի նուազում չկայ: Ներկայ դժուար պայմաններու տակ փառատօնը կարեւոր հարթակ է սկսնակ կին բեմադրիչներու համար: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի բացառապէս օտար կազմակերպութիւններու կողմէ (1): Երեւանի մէջ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը...

Page 454 of 1112 1 … 453 454 455 … 1,112

Արխիւներ