Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անհասցէ Եւ Հասցէական Բաժինները

Յունուար 25, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն», ինչպէս նաեւ «Ընդհանուր անվտանգային եւ պաշտպանական քաղաքականութիւն» զեկուցում-բանաձեւերուն արցախեան պատերազմին վերաբերող բաժնին ողջունումը թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ օրինաչափ է:

Ընդհանուր առումով  Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած զեկուցում-բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած են բազմաթիւ կարեւոր դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, յարձակումի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն, յատկապէս` մարդկային, մարդասիրական հարցերու շուրջ: Առանձնապէս կարեւոր նկատուած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը ո՛չ միայն դատապարտէ պատերազմական յանցագործութիւնները, այդ կարգին քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու, պաշտամունքի վայրերու թիրախաւորումը, այլեւ ընդգծէ, որ այդ յանցագործութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան: Շեշտուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ հիմնահարցի լուծման բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Հասկնալի է Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պաքուն չէ հասցէագրուած այս զեկուցումին մէջ: Քննադատութեան թիրախը Անգարան է: Հակառակ անոր որ անիկա կոչ կ՛ուղղէ  բոլոր ենթադրեալ պատերազմական յանցագործութիւնները պատշաճ կերպով հետաքննելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու: Յատկանշական է, որ Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ առանձին կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հետաքննութիւն կազմակերպելու օտար զինեալներու, ահաբեկիչներու ենթադրեալ ներկայութեան եւ տարանջատուող զինամթերքի ու ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործման վերաբերեալ:

Նախ ասիկա կոչի տեսքով է եւ որեւէ ձեւով իրականացուելու պարտադիր բնոյթը չ՛ապահովեր. երկրորդ, ինչպէս կը նկատուի, հասցէագրումը կը բացակայի:

Նոյն անհասցէ պահուածքով չի յատկանշուիր Անգարայի վերաբերող բաժինը: Անգարան կը մեղադրուի իբրեւ ապակայունացուող գործօն եւ պատերազմին ներգրաւուած պետութիւն: Սակայն այստեղ եւս երանգային անհասցէ բաժին ներառուած է. զեկուցում-բանաձեւը մտահոգութեամբ ընդգծած է տագնապին երրորդ երկիրներու զինուորական ներգրաւուածութիւնը: Այս պարագային հաւասարեցման օրէնքը չէ, որ նկատի առնուած է, քանի որ այլապէս յստակօրէն Թուրքիան ամբաստանուած է ապակայունացմամբ եւ ներգրաւուածութեամբ: Այստեղ ուղերձը Մոսկուային է, յատկապէս երբ կ՛արծարծուի զինուորական ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան:

Առանց անուանարկումի Մոսկուային ակնարկելը կը կապուի ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը արծարծելուն: Մանաւանդ որ Եւրոպական խորհրդարանը ընդգծած է, որ հակամարտութեան յարատեւ կարգաւորումը տակաւին չէ իրականացած եւ խաղաղութեան հասնելու համար, շրջանին ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման հոլովոյթը պէտք է գործադրուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ հիմնուած ըլլայ վերջինիս հիմնարար սկզբունքներուն վրայ:

ԵԱՀԿ-ի իրողական եւ լիարժէք վերաընդգրկումը նախ չի բխիր Անգարայի, ապա Մոսկուայի շահերէն: Այս հաշուարկը բնականաբար կը կատարեն թէ՛ խաղաղապահ ուժերով իր անվտանգութիւնը ապահովող Ստեփանակերտը եւ թէ՛ յաւելեալ կախեալութեան մէջ խորացած Երեւանը:

Սակայն անկախ տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներէն, ԵԱՀԿ-ի վերականգնումը կրնան առաջադրել թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Պրիւքսելը, որ այս պարագային զեկուցում-բանաձեւով կը պաշտօնականացնէ այս պահանջը: Ուաշինկթընէն եւս կը հնչեն նման ձայներ` առանց բացառելու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Արցախի ճանաչման նախագիծի քննարկման կարելիութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի վերաիմաստաւորման մօտեցումին մէջ կը կայանայ Պաքուին որեւէ հասցէագրում չուղղելու եւ «երրորդ երկիրներ» տարազով Մոսկուան չանուանարկելու մօտեցումը: Միջնորդը պէտք է պահէ համահաւասարութեան օրէնքը եւ որեւէ անպատեհ կացութիւն չստեղծէ առաջադրուած ձեւաչափին ներքաշուած համամիջնորդին նկատմամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Փաշինեանի Մէկ Օր Աւելի Մնալը Կորուստ Է Մեր Երկրին Համար»

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Իր Բոլոր Պարտաւորութիւնները Կատարելու Այն Ատեն Միայն, Երբ Միացեալ Նահանգներ Վերցնեն Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Արաքժի

RelatedPosts

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ  Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ
Գլխաւոր լուրեր

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ Բիւրօ. «Հայաստանի Իշխանութեանը  Զգուշացնում Ենք` Փորձ Չանե՛լ Դաշնակիցների Հետ  Յարաբերութիւններ Հաստատել  «Առեւտր»-ի Տրամաբանութեամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում
Գաղութային

ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

Փետրուար 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In