Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
40 Օր Ստեցին Մեզի, Նուիրական Խօսքը` «Յաղթելու Ենք»-ը, Դարձաւ Ցուցանակ
Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խորհրդակատար Շահէ քհնյ. Հայրապետեանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը պատասխանէ «Yerkir.am»-ի թղթակիցին հարցումին, թէ ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ Ալիեւը կը շրջէր Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ: Քահանան տխուր եւ ալեկոծ կը յայտնէ, թէ վերջերս կ՛աշխատի, որ այլեւս լուրեր չլսէ: Երբ նուիրական խօսքը` «Յաղթելու ենք»-ը, դարձաւ ցուցանակ, հասկցայ, որ անընդհատ սուտի մէջ ենք:
«Հայուն աչքերուն տխրութիւնը կարդալը լաւ է, որպէսզի աւելի զգաստանամ եւ սնանիմ Սուրբ գիրքի, արուեստի «կերակուրով», քան թէ կերակրուիմ աշխարհի թափօններով, որոնք ո՛չ մէկ օգուտ չեն բերեր մեզի: Ինչո՞ւ հրամցնել բացասականը, որ կը կործանէ` ընտանիքը, հայու տեսակը, հայրենիքը», նշած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ խորհրդակատար Շահէ քհնյ. Հայրապետեանը:
Այս պահուն Արցախի մէջ ազրպէյճանցին կը պղծէ մեր արուեստը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի մեր արուեստին: Ի՞նչ կը կատարուի պետական մակարդակով, թղթակիցին հարցումներուն կը պատասխանէ տէր Շահէն` ըսելով, որ` «Պետութիւնը պէտք է տէր ըլլար այդ ամէնուն, որպէսզի այս պատերազմը տեղի չունենար: Ան կրկին յոյսը կը դնէ օտարին, այլ դաւանութիւն ունեցող ազգին` ռուսին վրայ, ըսելով, որ անոնք եկած էին, որպէսզի պահպանեն, ինչո՞ւ չպահպանեցին: Այս մէկը շատ խեղճ տեսութիւն է: Ես կը կարծեմ, թէ պիտի գայ օրը, որ այս խեղճութենէն դուրս ելլենք` յիշելով մեր Աւարայրը, մեր Սարդարապատը»:
Ազրպէյճանը բացայայտ հակահայկական քարոզչութիւն կը կատարէ, զուգահեռաբար, վարչապետը կ՛այցելէ Մոսկուա, վերադարձին կը յայտնէ, որ պէտք է ճանապարհները ապաշրջափակուին. ի՞նչ վտանգ կը տեսնէ, օրինակ` ազրպէյճանագէտները կը նշեն, որ պէտք չէ ապաշրջափակել եւ ստեղծել շփում այն պետութեան հետ, որը բացայայտ հակահայկական քարոզչութիւն կը կատարէ: Այս հարցումին տէր Շահէ կը պատասխանէ` հաղորդելով, որ` «Երբ թուրքը կ՛ըսէ` ես պէտք է հայաստանցիներուն հետ առեւտուր ընեմ, սահմանները բանամ, եւ այսօր Ազրպէյճանի դպրոցներուն մէջ հայերէն կ՛ուսուցանեն, նոյնիսկ` գրաբար, այս կը նշանակէ, որ տարիներ ետք պիտի գան հայախօս ազրպէյճանցիներ, պիտի մտնեն Հայաստան: Ահա այս վտանգը կը տեսնեմ ես»:
Ազրպէյճանագէտներու խօսքերը կրկին մէջբերեմ. անոնք կը յայտնեն, որ Ազրպէյճանի մէջ կ՛ուսուցանեն այնպիսի քարտէսներ, որոնց մէջ կը նշուի, թէ Երեւանը, Սեւանը եւ շարք մը այլ հայաստանեան բնակավայրեր ազրպէյճանական տարածքներ են, մինչդեռ մենք դուրս կը ձգենք հայագիտական դասանիւթերը եւ «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» դպրոցական դասանիւթը:
«Անդրադառնանք մեր հոգեւոր կաթողիկոսին վերաբերմունքին, որ ուղղակի զարմացած է, շուարած է: Կը կարծեմ, որ ազգը պէտք է իր ողնաշարը շտկէ, իր ընտրութիւններուն մէջ դարձեալ չվրիպի, մերկապարանոց յայտարարութիւններու ետեւէն չերթայ, թմբուկներու հարուածներէն չոգեւորուի: Այս պարագային, յաճախ չէ, որ ձայն բազմաց, ձայնն Աստուծոյ է», եզրափակած է տէր Շահէն:
Շուշիի Քաղաքապետը Հակազդած Է Նիկոլ Փաշինեանի Հերթական Ցնդաբանութեան
Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Շուշիի մասին կատարուած յայտարարութեան` ըսած է, որ` «Թշնամու ջրաղացին ջուր է լցնում»:
«Ժամանակին Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարել էր, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», նման յայտարարութիւն անողը իր խօսքերին մինչեւ վերջ պէտք է տէր կանգնի, որպէսզի մինչեւ վերջ ապացուցի, որ այդպէս է: Բայց երբ յայտարարում է, որ Շուշին 90 տոկոսով ազրպէյճանցիներով է բնակեցուած եղել, մի քիչ յետ չի նայում, որ 70 տարի է այդպէս եղել, իսկ դրանից յետոյ Շուշիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայկական է եղել: 1920 թուականին, երբ մահմետականները կազմակերպել են Շուշիի ջարդը, այդ ժամանակուանից սկսել է հայաթափուել: Խորհրդային Միութեան շրջանում, մասնաւորապէս` 1960-1972 թուականներին եւ այն ժամանակ, երբ իշխանութեան է եկել Հայտար Ալիեւը, աւելի շատ է հայաթափուել: Սա մի քաղաքականութիւն էր, որը վարում էր Ազրպէյճանը: Միշտ էլ ազրպէյճանցիները ձգտել են միակողմանի ազրպէյճանական տեսնել հայկական Շուշի քաղաքը», նշած է Արծուիկ Սարգսեան:
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան յունուար 20-ին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ժամանակ, անդրադառնալով ԲՀԿ-ական պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեանի հարցումին` պատերազմը դադրեցնելու եւ Շուշին պահելու մասին, յայտարարած էր. «Ընդհանրապէս չի եղել քննարկման մի տարբերակ, որ ազրպէյճանցի փախստականները ո՛չ միայն հիմա, այլ` ընդհանրապէս բանակցային գործընթացի ողջ ընթացքում, Շուշի չվերադառնան: Իսկ Շուշին հակամարտութիւնից եւ ազատագրումից առաջ ունեցել է 90 եւ աւելի տոկոս ազրպէյճանական բնակչութիւն: Այսինքն դուք ուզում էք ասել, որ 90 եւ աւելի տոկոս ազրպէյճանցի բնակչութիւն ունեցող Շուշի քաղաքը հայկակա՞ն է` իր այդ կարգավիճակով»:
Ըստ Շուշիի քաղաքապետին, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի քաղաքական թիւ մէկ ամպիոնէն այսպիսի յայտարարութիւն կատարելով` հերթական անգամ կ՛ուզէ ըսել, որ հայկական կողմը պարտուած է, եւ որ` Ազրպէյճանը աւելի ուժեղ է, բայց այդպէս չէ, որովհետեւ հայկական կողմին դէմ Ազրպէյճանը միայնակ չէ պատերազմած:
«Եթէ պատերազմում ներգրաւուած լինէր միայն Ազրպէյճանը, ապա ղալաթ կ՛անէր, որ կարողանար յաղթանակ տանել, չորս պետութեան դէմ ենք կռուել, որոնք Արցախի դէմ օգտագործեցին աշխարհում եղած ժամանակակից բոլոր զինատեսակները: Յայտարարութիւններ անելուց առաջ պէտք է մի քիչ մտածել, գուցէ Նիկոլ Փաշինեանն ուզում է այդ հոգսից թեթեւանալ, որ այսպէս է եղել, սակայն դա դեռ ապացոյց չէ: Նման յայտարարութեամբ, բացի այն, որ Նիկոլ Փաշինեանն ուզում է մեղքերին քաւութիւն տալ, նաեւ Փութինի խօսքին է հակադրւում, որ հոկտեմբեր 20-ին առաջարկել է դադարեցնել պատերազմը, գուցէ ինքը պայմանաւորուել էր, որ Շուշին յանձնէր: Եթէ Շուշիի պաշտպանութիւնը ճիշդ կազմակերպէր, ի հարկէ, այն հնարաւոր չէր յանձնել: 1992 թուականին 1700 հոգի թուրք յարձակուել էին Քարին տակի վրայ, բայց մի թիզ անգամ առաջ չէին եկել: Հիմա սրանք այդ նախապատրաստական քայլերն են, որ ժողովրդին համոզի, թէ այդպէս է եղել, Շուշին տուել ենք: Շուշին ունեցել է 11 եկեղեցի, ինչպէ՞ս կարող են ասել` ազրպէյճանական, Շուշին նաեւ մեծ գրողներ, պատմաբաններ է ունեցել, Հայաստանի առաջին նախագահ Արամ Մանուկեանը Շուշիում է ծնուել, այսօր նրա անուան փողոցը կայ Շուշիում, կարո՞ղ է այդ մարդիկ ազրպէյճանցիներ են եղել, ի հարկէ` ոչ», աւելցուցած է Արծուիկ Սարգսեան:
Շուշիի քաղաքապետը կը պնդէ, թէ ինչո՛ւ Փաշինեանը չի խօսիր Նախիջեւանի մասին, ինչո՞ւ այդ բարձր ամպիոնէն չի յայտարարեր, որ Շահումեանը Արցախ է եւ վե՛րջ, ինչպէս ժամանակին դուխով կ՛ըսէր` «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», թող ըսէ` Գետաշէնը Արցախ է եւ վե՛րջ: Գուցէ այդ ելոյթներէն կը վախնա՞յ. պէտք չէ վախնալ, մեր թիւ մէկ ղեկավարը պէտք է այդ կարեւոր նիւթերուն մասին խօսի:
Յիշելով 90-ականներուն Արցախի ազատագրումն ու համեմատելով Արցախի տարածքներուն բռնագրաւումը եւ Ազրպէյճանի կողմէ «սահմաններու ճշգրտումը»` քաղաքապետը աւելցուցած է, որ` «Շատ է եղել, երբ մենք 90-ականներին գնացել ենք դիրքեր, տեսել ենք` թշնամին դիրքը թողել ու փախել է, սա ի՞նչ է նշանակում, նշանակում է, որ նրանք վախենում էին: Հիմա այնպէս է ստացուել, որ ազրպէյճանցին որտեղ գալիս` իր դրօշը դնում է, այնտեղից հայը պէտք է նահանջի:
«Թիւ մէկ ղեկավարը պէտք է յայտարարի, որ` վե՛րջ, պէտք է այդ ամէնը դադարեցուի: Ազրպէյճանը ի՞նչ պետութիւն է, բայց այսօր այնպէս է ներկայանում, որ Հայաստանից աւելի հին է, Ալիեւը նոյնիսկ յայտարարում է, որ Երեւանը ազրպէյճանական է, կարո՞ղ է վաղն էլ Նիկոլ Փաշինեանն ասի, որ Երեւանն էլ է ազրպէյճանական քաղաք: Ազգը պէտք է հասկանայ ու ոտքի կանգնի, ասի, որ նման լիազօրութիւն իրեն ոեւէ մէկը չի տուել», եզրափակած է Արծուիկ Սարգսեան:
Առնօ Բաբաջանեանի 100-Ամեակի Պաշտօնեաներն Ու Արուեստագէտները Ծաղիկներ Խոնարհած Են Անոր Շիրիմին
Մեծանուն երգահան, դաշնակահար, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, յունուար 22-ին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեանը, նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, Հայաստանի երգահաներու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանը մտաւորականներու, արուեստագէտներու, երաժշտասէր հանրութեան հետ միասին այցելած են Երեւանի քաղաքային պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած են երգահանի յիշատակին:
Այնուհետեւ նախարարը գերատեսչութեան աշխատակիցներուն, արուեստագէտներուն, բաբաջանեանական արուեստի երկրպագուներուն հետ երգահանին ստեղծագործութիւններուն ելեւէջներուն տակ ծաղիկներ խոնարհած է Առնօ Բաբաջանեանի արձանին մօտ:
«Այսօր մենք կը տօնենք մեր մեծանուն երգահանին` Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը: Դժուար է նոր խօսք արտասանել Առնօ Բաբաջանեանի մասին, որովհետեւ ժամանակը շատոնց տուած է անոր գնահատականը, եւ ժողովուրդը ինքն է, որ արժեւորած է անոր վաստակը: Բաբաջանեան մեր սերունդին համար եղած է ու կայ` իբրեւ կենսագրութիւն: Մեր երիտասարդութիւնը, յիշողութիւնները, ապրումները այս կամ այն չափով կ՛առնչուին եւ կը զուգորդուին անոր արուեստին: Երգահանին ստեղծագործութիւնները վերածուած են լաւատեսութեան, սիրոյ, քաղաքային կեանքի խորհրդանիշներու: Դժուար է, օրինակ, պատկերացնել Երեւանը առանց Բաբաջանեանի «Առաջին սիրոյ երգը» եւ «Երեւան» ստեղծագործութիւններուն», նշած է նախարարը եւ աւելցուցած է, որ մեր դժուարին օրերուն Բաբաջանեանի արուեստը պէտք է հնչէ ամէնուր եւ աւելի մեծ ուժով` վերականգնելու համար մեր լաւատեսութիւնը, ապրելու եւ արարելու մեր կամքը:
Վահրամ Դումանեան տեղեկացուցած է, որ ձեւաւորուած է Առնօ Բաբաջանեանի յոբելենական ձեռնարկները համակարգող կառավարական յանձնախումբ, որուն նպատակն է պատշաճ կերպով տօնել երգահանին յոբելեանը, նոր շունչ հաղորդել անոր արուեստի տարածման` Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ:
Առնօ Բաբաջանեանի մեծարման եւ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած են Արամ Սաթեանը, երգահան Մարտին Վարդազարեանը եւ ուրիշներ: Հանդիսութեան ընթացքին երգահանին որդին` Արա Բաբաջանեանը տեսաուղերձով ողջունած է մասնակիցները եւ կարեւոր նկատած է պետական մակարդակով անուանի արուեստագէտին յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներուն իրականացումը: Յոբելենական օրուան առիթով Առնօ Բաբաջանեանի արձանին յարակից տարածքին հնչած են երգահանին «Վոկալիզը»` Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Արծուիկ Տեմուրճեանի կողմէ կատարուած, նուագակցող` Արմէն Աղաջանեան, «Նոկտյուրնը» եւ «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագրի միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, դաշնակահար Արմէն Պուչինեանի կողմէ կատարուած «Մեղեդին»` «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագրի միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, դաշնակահար` Արթուր Գրիգորեանի կողմէ կատարուած, «Երախտապարտ եմ քեզ» երգի մշակումը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի կողմէ կատարուած:
Նշենք, որ Առնօ Բաբաջանեանի յոբելեանին նուիրուած համերգը տեղի ունեցաւ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Երեկոյին հանդէս եկան` ջութակահար Անուշ Նիկողոսեանը, թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանը եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, դաշնակահար Հայկ Մելիքեանը:
Արտակ Բեգլարեան Տեսակցութիւն Ունեցաւ Կարմիր Խաչի Արցախի Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ
Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան 21 յունուարին ընդունեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի ղեկավար Պերթրան Լամոնը:
Արտակ Բեգլարեան, արդիւնաւէտ համարելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան ներգրաւուածութիւնը մարդասիրական մարտահրաւէրներու յաղթահարման առումով, հետաքրքրուեցաւ յատկապէս գերիներու վերադարձին եւ անյայտ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզման ուղղութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերուն մասին` ընդգծելով կառոյցին կարեւոր դերակատարութիւնը այդ կենսական ու հիմնական հարցերուն լուծման մէջ: Ան շեշտեց Ազրպէյճանի վրայ միջազգային հանրութեան բազմակողմանի, ազդու եւ գործնական ճնշման հրամայականը` նկատի ունենալով այդ երկրին կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները, նոյնիսկ` պատերազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք:
Պերթրան Լամոն ներկայացուց Կարմիր խաչի առաքելութեան ընթացիկ ու ծրագրուած աշխատանքները Արցախի մէջ` լուսարձակի տակ առնելով իրենց պատրաստակամութիւնը աջակցելու պետական հաստատութիւններու տարբեր մարդասիրական հիմնական հարցերուն լուծման եւ տեղական կարողութիւններու զարգացման:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ` ձեռք բերելով յստակ համաձայնութիւններ եւ երկուստեք կարեւոր նկատելով համակարգուած ջանքերը` մարդասիրական հիմնական հարցերու արդիւնաւէտ լուծման ուղղութեամբ:
«Շուշին Մնայուն Թշնամիին Ձեռքին Մէջ Յայտնուած Է Դաւաճանութեան Իբրեւ Հետեւանք». Դիմատետրի Իր Էջին Վրայ Գրած Է Փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեան
Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Շուշիի հայկականութիւնը: Ստեփանեան գրած է հետեւեալը. «Շուշին հայ ազգային-քաղաքական, հոգեւոր-մշակութային կեդրոն եղած է հարիւրամեակներ շարունակ:
«Եթէ Շուշին գտնուած է օտարի տիրապետութեան տակ, ապա այնուամենայնիւ կը շարունակէ մնալ հայկական ոգեղէն կեդրոն` անկախ այնտեղ ապրող հայ բնակչութեան թուաքանակէն:
«Շուշին մնայուն թշնամիին ձեռքը յայտնուած է դաւաճանութեան իբրեւ հետեւանք:
«Շուշին թշնամիէն մնայուն ազատագրուած է հայ ազգային ոգիին գերագոյն լարման իբրեւ արդիւնք:
«Շուշին հայկական շարունակականութեան կարեւոր հիմնասիւներէն մէկն է:
«Շուշին հայկական եղած է, կայ եւ կը մնայ…»:
Հարսանիք Խորանաշատի Վանքին Մէջ` Թշնամիէն 100 Մեթր Հեռու
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի Դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած են լուսանկարները հարսանեկան արարողութեան մը, որ տեղի ունեցաւ սահմանապահ Խորանաշատի վանքին մէջ` թշնամիէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
27«Յաղթելու է կեանքը» գրուած է լուսանկարներուն տակ: