Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Նժդեհի Ծննդեան 135-Ամեակին Առիթով

Յունուար 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

1 յունուար 1886 թուականը մեր մեծանուն հերոս, զօրավար ու սպարապետ Գարեգին Նժդեհի (Գարեգին Առաքել Տէր Յարութիւնեան) ծննդեան135-ամեակն է:

Ան եղած է եզակի հայ մեծ զօրավարներէն մէկը, որ կ՛անմահանայ իր հայրենական հողը ազատագրելու համար: Ան ծնած է Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը, իր նախնական կրթութիւնը ռուսական վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, շնորհիւ իր բացառիկ ընդունակութեան կ՛ուղարկուի Թիֆլիս` իր ուսումը շարունակելու, ուր նաեւ երիտասարդական շարժումներուն մաս կազմելով` մուտք կը գործէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը: Ան չբաւարարուելով Թիֆլիսի մէջ ստացած ուսումով, կ՛անցնի Ս. Փեթերսպուրկ` իրաւաբանութեան հետեւելու: Բայց պարտաւորուած կը զգայ երկու տարուան իր ուսումը ընդհատել` Դաշնակցութեան վերին մարմիններու կողմէ ուղարկուելու համար Սալմաստ, 1904-ին, որ օճախն էր երկրին մէջ խլրտացող ֆետայական շարժումներուն, ուր կը պատրաստուէին եւ կը զինուէին յեղափոխականները` ուղղուելու համար Երկիր եւ միանալու համար այնտեղ արդէն իսկ շղթայազերծուած ֆետայական շարժումներուն:

Հայ յեղափոխութիւնը կամ ազատագրական պայքարը միայն լեռներու վրայ չէր, որ տեղի կ՛ունենար, շուտով հայ ժողովուրդը  պիտի պատրաստուէր պատերազմական գործողութիւններու: Իսկ միւս կողմէ, Գարեգին Նժդեհ իր համալսարանական կրթութիւնը կէս ձգած, ամէն գնով կը փափաքէր զինուորական վարժարան յաճախել: Այս առիթը կ՛ընծայուի իրեն, երբ 1905-ին ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինի, յատկապէս` Ռոստոմի կարգադրութեամբ, կը յաջողի պուլկարական կառավարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացնել եւ 1905-ին անցնիլ Սոֆիա` զինուորական վարժարանի սպայից բաժինը, չորս հայ երիտասարդներու հետ: 1907-ին` իր ուսումը աւարտելով, կը վերադառնայ Կովկաս:

Նժդեհ կը ձերբակալուի 1909-ին եւ ցարական բանտերուն մէջ կը մնայ մինչեւ 1911: Հազիւ ազատ արձակուած` անմիջապէս կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը միանայ պուլկարական բանակին` տեղակալի աստիճանով:

Կը կազմուի հայ կամաւորական խումբ մը` մօտ 300 հոգիներէ բաղկացած, կռուելու համար պուլկար բանակին կողքին, ընդդէմ թրքական ուժերուն, ղեկավարութեամբ Անդրանիկին ու Գարեգին Նժդեհին:

Այս պատերազմին մասնակցող հայ մարտիկներուն մասին գովեստով կը խօսի Լեւ Թրոցքի. յատկապէս անդրադառնալով Նժդեհին` ան կ՛ըսէ. «Գարեգինը բանաստեղծ էր, ճառախօս զինուորական, իրեն վիճակուած առաքելութեան կարեւորութենէն դրդուած»:

Զանգեզուրի  Հերոսամարտը

Իր նմանը չունեցող պոռթկում մը, որ տեղի ունեցաւ Զանգեզուրի մէջ: Հայաստան տակաւին ինքզինք ամրապնդած չէր` օժանդակելու Նժդեհին, երբ 11-րդ Կարմիր բանակը իր հայ առաջնորդներով, իր սիրաշահած Զանգեզուրի գիւղացիութեամբ, իր հսկայական պատերազմական կարելիութիւններով, Պաքուէն հոսող անհամար փողերով եւ թուրք- թաթար աշիրաթներով եկած էին ճզմելու Զանգեզուրը, զայն անպայման գրաւելու: Այս խոստումը տրուած էր Պաքուին` գրաւել Սիսեանէն մինչեւ Մեղրի եւ հիմնականօրէն արմատախիլ ընելու հայութեան հետքն իսկ, ապագայի երազով:

Աննկարագրելի կ՛ըլլայ Նժդեհի խումբին իրավիճակը:  Թուլցած գիւղացիութիւնը ու բանակային կամաւորները պրկել անհրաժեշտ էր. Նժդեհ նոր հռետորական կոչով նոյեմբեր 30-ին զօրահաւաք կը հռչակէ եւ նոյն տարուան դեկտեմբեր 1-ին յարձակումի կը սկսի:

Հակառակ անոր որ հայկական խումբերը մէկ օրուան պաշար եւ մէկ օրուան հաց ու ռազմամթերք ունէին միայն, սակայն յաջողութեամբ կը յարձակին 11-րդ Կարմիր բանակին եւ թուրք ու թաթար հորդաներու վրայ: Յաջորդ օրը Բաղաբուրջի վրայ կը բարձրանայ եռագոյն դրօշը:

Յարձակումները, սակայն, կը շարունակուին սահմանամերձ գիւղերուն վրայ, եւ շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին բոլոր շրջաններու վաշտապետները յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ թաթար-թուրք բազմաթիւ գիւղացիներ փախուստի կը դիմեն` հեռանալով հայկական գրաւուած հողերէն:

Եւ այսպէս, 1919-ի աւարտին կ՛իրականանայ այն հրաշքը, որուն չէին հաւատար հայերը: Զանգեզուրի հայութիւնը միահամուռ կերպով Նժդեհին կը նուիրէր Դաւիթ Բէկին սուրը եւ զայն կը կոչեր պաշտօնապէս ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ

Սպարապետ Գարեգին Նժդեհ:

Եւ ինչպէս Դաւիթ Բէկի անունը ահ ու սարսափի կը մատնէր թշնամիները, նոյնպէս եւ Նժդեհը կը հանդիսանար փրկիչը Զանգեզուրին:

Այս ոգեւորութիւնը, սակայն, երկար չի տեւեր: Օրդուբաթի թուրքերը կը յարձակին շրջանի գիւղացիութեան եւ Գողթնի հայութեան վրայ` ահաւոր կոտորածի ենթարկելով. ինքնապաշտպանութեան նոր հակազդեցութեան դիմելու համար Նժդեհ Հայաստանի օգնութենէն իր յոյսը կտրած` Գորիսի մէջ կրկրն կը դիմէ ժողովուրդին: Հաւաքելով գիւղացի մարտիկները` անմիջապէս օգնութեան կը փութայ հայ ազգաբնակչութեան, եւ այսպէս, գիւղացիներու բանակը անակնկալ կերպով կը գրոհէ թրքական 14 գիւղերու վրայ, որոնք այս անգամ կը լքեն ամէն ինչ ու կը հեռանան:

Նժդեհի այս յաջողութիւնները մեծապէս կը մտահոգեն Ազրպէյճանը, իսկ Թուրքիան Պաքուի մէջ արագ ժողով մը գումարելով` կը պահանջէ ամէն գնով գրաւել Զանգեզուրը:

Երբ Նժդեհ Օրդուբաթ կը գտնուէր, Ղարաբաղէն լուր կը ստանայ, որ կրկին համայնավարներու քարոզչութեան ենթարկուելով` իր բանակի կարգ մը միաւորներ կը մերժեն կռուիլ, ուստի Կապան վտանգուած էր եւ կրնար շուտով թշնամիներէն գրաւուիլ: Առանց այլեւայլի` Նժդեհ իր վաշտով կը հասնի Կապան, քանի մը ժամէն կը կազմակերպէ բանակը, կը միացնէ թուլցած զինուորները եւ նոր յարձակումով փախուստի կը մատնէ հակառակորդները:

Այս կռիւները վերջ չեն ունենար, 11-րդ Կարմիր բանակին, թուրք-թաթարներու դէմ  եւ Ազրպէյճանի հսկայական պետական ներդրումներուն դէմ նոր կռիւներ կը սկսին Ղարաբաղէն դէպի Զանգեզուր: Կանոնաւոր բանակներու, թնդանօթներու, անհաշիւ ռազմական միջոցներու դէմ հայ գիւղացիութիւնը կը կռուէր իր նախնական միջոցներով: Անհաւասար մարտ: Աւելի ճիշդը` ոգեմարտ եւ հաւատամարտ:

Գարեգին Նժդեհ իր կտրիճներով կը բարձրանայ Խուստուփ լեռը, իր պայքարը կը շարունակուի Կապանէն, բայց Կապանի ժողովուրդը իր պատերազմներէն սպառած` կը խաբուի հայ համայնավարներու խոստումէն եւ կը ստիպէ, որ Նժդեհ անգամ մը եւս անձամբ մտնէ ժողովուրդին մէջ, վար կ՛իջնէ լեռնէն եւ Կապանը ազատագրելով կը մտնէ Գորիս:

Գարեգին Նժդեհ նամակներ կը ղրկէ Երեւան` զօր. Նազարբեկեանին, արտաքին ու ներքին գործոց նախարարութիւններու եւ ՀՅԴ Բիւրոյին` անոնց նկարագրելով աղէտալի կացութիւնը, որուն մատնուած է շրջանը, բայց միաժամանակ ան անտեղեակ չէր Հայաստանի կացութենէն, ուստի ոչ մէկ օգնութիւն ստացած ըլլալով` կրկին կ՛ապաւինի իր ուժերուն:

Այսպէս, այս անհամար պատերազմներու ընթացքին, 1919-1920, ոչ միայն կը յաջողի հայացնել ու փրկել Զանգեզուրը, այլեւ` զայն վերածել քաղաքական ինքնավար մարզի, Սիւնիքի գերիշխան Լեռնահայաստանի:

Մինչ այս դէպքերը տեղի կ՛ունենային Զանգեզուրի շրջանին մէջ, 1920 դեկտ. 2-ին Հայաստան պաշտօնապէս խորհրդային կարգերը կ՛ընդունի: Ղեկավարութենէն Ռուբէն Տէր Մինասեան կու գայ համոզելու Նժդեհը, բայց Նժդեհ կը մերժէ, որովհետեւ ան չի կրնար երեւակայել Հայաստանէն անջատուած եւ Ղարաբաղի ճակատագրին ենթարկուած, Ազրպէյճանի հովանաւորութեան տակ գտնուող Զանգեզուր մը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Երբ Պիտի Սանձուին Սուրիոյ Քաղաքացիին Կացութիւնը Շահագործողները

Յաջորդը

Հեռաձայնային Զրոյցէ Մը…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?