Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 28, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սուրիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւնը Կը Պարգեւատրէ  Հռիփ Կանանեանը

19 յունուարին Սուրիոյ Բարեսիրական միութիւններու համընկերակցութիւնը պարգեւատրեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի վաստակաշատ անդամ Հռիփ Կանանեանը Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իր ծաւալած մարդասիրական կամաւոր աշխատանքին համար, յանուն հայրենիքի ու միութեան բարօրութեան:

Կրօնական Ժողովի Նիստ` Մասնակցութեամբ Քեսապահայութեան Նորանշանակ Հոգեւոր Տեսուչ Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի

Ուրբաթ, 22 յունուար 2020-ին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, գումարուեցաւ Կրօնական ժողովի հերթական նիստ, մասնակցութեամբ` քեսապահայութեան նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմեանի, Կրօնական ժողովի ատենադպիր Մանուկ աբղյ. Պարիխանեանի եւ Կրօնական Ժողովի անդամներուն:

Առաջնորդ սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց քեսապահայութեան նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմեանին եւ այս առիթով երախտագիտական զգացումներով եւ որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն հայր Անդրանիկը քեսապահայութեան եւ շրջակայքի հոգեւոր տեսուչ նշանակելուն առիթով: Սրբազան հայրը` յանուն Ազգային իշխանութեան եւ Կրօնական ժողովին բարի ծառայութիւն մաղթեց հայր սուրբին:

Անցնելով ժողովի օրակարգի կէտերուն, ժողովականները առաջին հերթին անդրադարձան Կրօնական ժողովի նիստերուն մնայուն օրակարգ կազմող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին: Սրբազան հայրը շեշտեց թեմի հոգեւոր կեանքին մէջ դպրեվանքին առանցքային դերակատարութիւնը եւ հոգեւորականներուն թելադրեց, որ քաջալերեն նոր սերունդի զաւակները, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն Դպրեվանքէն ներս:

Ապա ժողովականները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրի համավարակին ներկայ իրավիճակը եւ նախազգուշական պայմանները յարգելու կարեւորութիւնը, ծիսակատարութիւնները կարգապահութեամբ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային-եկեղեցական յառաջիկայ տօները լաւագոյնս կազմակերպելու հրամայականը:

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ անցնող օրերուն Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի մատուցած Սուրբ պատարագին եւ այս առիթով գնահատեց Ճեզիրէ շրջանին մէջ Լեւոն վրդ. Եղիայեանին եւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանին հոգեւոր ծառայութիւնը:

Առաջնորդը յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քեսապ: Սրբազան հօր պիտի ընկերակցի քեսապահայութեան եւ շրջակայքի նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմեան, որ Քեսապ ժամանելով պիտի սկսի իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցել: Նոյն օրերուն սրբազան հայրը պիտի այցելէ նաեւ Լաթաքիա:

Ժողովի աւարտին առաջնորդ հայրը գնահատեց հոգեւորականաց դասուն ծառայութիւնը, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն մէջ եւ մաղթեց, որ յոյսով, հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ

 Լոյս Տեսաւ Կարին Անկողինեանի Նոր Հատորը Հայերէն Հայքու»-ն

Վերջերս լոյս տեսաւ ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանի առաջին հատորը` «Հայերէն հայքու»-ն: Գիրքը Անկողինեանի 63 հայքուներու հաւաքածոն է` սիրոյ, կորուստի, քաղաքականութեան եւ ձուլման նիւթերով: Յառաջաբանը գրած է գիրքի խմբագիր, ձեւաւորող եւ կողքի հեղինակ Ռուբէն Խաժակը:

«Հայերէն հայքու»-ն հրատարակուած է «Տիռ պետ պըքս» հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած` Երեւանի ՆԱՄԷ տպագրատան կողմէ:

Ամերիկածին Կարին Անկողինեանը սկսած է գրել կարճ բանաստեղծութիւններ` որպէս ընկերական ցանցերու բառային սահմանափակումներու համապատասխանելու եւ «գրողի պլոք»-ը յաղթահարելու միջոց:

Ան նկատել տուաւ, որ հայքուներ գրելու ժամանակ անդրադարձած է, որ ձեւաչափը շատ յարմար է, իսկ բանաստեղծութեան սկիզբը, մէջտեղը եւ վերջը միասին բերելը մէկ մտքի մէջ` աւելի դիւրին: Նաեւ յարմար է ներառելու գրական զանազան գործիքներ, ինչպէս` յանգաւորում, ասմունք, բառախաղ եւ այլն:

Հայքուն ճափոնական բանաստեղծութեան տեսակ մըն է, որ բաղկացած է միայն 17 վանկերէ (5-7-5): Ըստ աւանդութեան, վանկերու այս թիւը ամէնէն յարմարն է մէկ շունչով արտասանելու այդ բանաստեղծութիւնը:

Պատճառներէն մէկը, որ Անկողինեանը որոշած է հրատարակել իր հայքուներու ժողովածուն, հայերէն չտիրապետողներուն այլընտրանք մը տալու համար է: Ան յայտնած է, որ անոնք, որոնք դեռ լեզուն նոր կը սորվին, ստիպուած են կարդալ մանկական գիրքեր ` իրենց ընթերցանութեան մակարդակին համապատասխան: Իր նպատակը եղած է դիւրամարս բանաստեղծութիւններ գրել` լեզուն աւելի մատչելի դարձնելու նոր սովողներուն համար:

Գիրքի խմբագիր Ռուբէն Խաժակ ըսած է, որ Կարինին հայքուները հարազատ են եւ անկեղծ: Անոր հեգնանքի, չափազանցութեան, ծաղրի եւ բառախաղի նուրբ օգտագործումը բազմաթիւ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ եւ հաստատուած սահմանները կը քննադատէ, աւելցնելով, որ հայերէն արտադրող ամերիկածին բանաստեղծի մը յայտնութիւնը այս օրերուն հազուադէպ է, եւԿարինը ո՛չ միայն արեւմտահայերէն կը գրէ, այլեւ արեւմտահայերէնով կը ստեղծագործէ:

Կիրակի, 3 յունուարին տեղի ունեցաւ գիրքին աւանդական գինեձօնը Երեւանի մէջ:

«Հայերէն հայքու»-ն կարելի է ստանալ Երեւանի «Զանգակ» եւ «Բուկինիստ» գրախանութներէն, Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրախանութէն (նաեւ առցանց` http://www.abrilbooks.com/hayeren-hayku.html) ինչպէս նաեւ Պուրճ համուտի (Լիբանան) Համազգային գրախանութէն (Շաղզոյեան շէնք):

Յունաստան

Յունահայութեան Կողմէ Դէպի Արցախ Մարդասիրական Օգնութեան Վերջին Մասը Պատրաստ Է Փոխադրութեան Համար

19 յունուարին ամբողջացաւ Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչին եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչին կողմէ ձեռնարկուած Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան վերջին մասի պատրաստութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ է, արցախեան վերջին պատերազմի հրադադարէն ետք Յունաստանի ՀՕՄ-ի երկու միաւորները կազմակերպեցին մարդասիրական եւ բժշկական իրերու հաւաքումը, որ մեծ ընդառաջում գտաւ հայ եւ յոյն հայրենակիցներու կողմէ` գերազանցելով սպասուած քանակութիւնը:

Արդէն օգնութեան առաջին երկու մասերը օդային ճամբով հասած են Հայաստան եւ յանձնուած են ՀՕՄ-ի պատասխանատուներուն ու Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան:

Յաջորդական օրերուն երկու բեռնարկղով, փոխադրիչներ, որոնց մէջ տեղադրուած են 21 թոն բժշկական իրեր եւ հագուստեղէն, ծովային ճամբով պիտի փոխադրուին Վրաստանի նաւահանգիստներէն մէկը, ապա անկէ պիտի հասնին Հայաստան` յանձնուելու համար ՀՕՄ-ին:

Յունահայութեան մարդասիրական ամբողջական օգնութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի ՀՕՄ-ի կառոյցներու պատասխանատուութեամբ, պիտի տրամադրուի պատերազմէն տուժած գաղթա-կաններուն եւ բնակչութեան` անմիջական օգնութիւն ընձեռելու համար հայրենազուրկ եւ տնազուրկ մեր արիւնակիցներուն, որոնք այսօր, աւելի քան երբեք, կարիքը ունին համայն հայութեան զօրակցութեան:

Իրան

Թեհրանի Իսլամական Քաղխորհուրդի Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը`  Թեմական Խորհուրդի Ատենապետին Հետ

18 յունուարին Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեան հանդիպում ունեցաւ Թեհրանի Նահանգային խորհուրդի նախագահ եւ Թեհրանի Իսլամական քաղխորհրդի անդամ Էլհամ Ֆախարի, քաղխորհրդի գործադիր հարցերու տեղակալ Պաշարիէի եւ Թեհրանի քաղխորհրդի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով նախագահի խորհրդատու Արմէն Նազարեանի հետ:

Հանդիպման հիմնական օրակարգն էր Տուլապ գերեզմանատան բարեկարգման ծրագիրը, ընթացքին քննարկուեցան նաեւ գործադրուած եւ ապագային կատարուելիք աշխատանքները:

Ազգային Առաջնորդարանի Պատուիրակութեան Այցը` Քաղխորհուրդի Կեդրոն

19 յունուարին Թեհրանի Իսլամական քաղխորհուրդի հրաւէրով կեդրոնի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում` Տուլապի գերեզմանատան մէջ քաղաքապետարանի կողմէ գործադրուած աշխատանքներու մասին զեկուցում ներկայացնելու նպատակով:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեան երախտագիտութիւն յայտնեց Տուլապի գերեզմանատան բարեկարգման եւ բարեզարդման ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն համար: Այնուհետեւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները գերեզմանատան աշխատանքներու մասին զեկոյց ներկայացուցին, որմէ ետք լսեցին համայնքին կողմէ արծարծուած մտահոգութիւնները եւ յոյս յայտնեցին, որ համատեղ համագործակցութեամբ, նաեւ նկատի առնելով կառոյցի առաջարկներն ու գերեզմանատան աւանդական ձեւի պահպանման հրամայականը` նախագիծը իր ցանկալի աւարտին կը հասնի:

Նիստին կրկին անգամ ազգային իշխանութեան կողմէ շեշտուեցաւ Տուլապի ազգային սեփականութիւն ըլլալու հարցը` վերյիշեցնելով, որ տարածքի լիակատար հսկողութիւնը եւ տնօրինումը վերապահուած է Ազգային առաջնորդարանին, որ բազմիցս հաստատուած է քաղխորհուրդի եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու կողմէ:

Թեհրանի Իսլամական քաղխորհրդի անդամ եւ քաղխորհրդի մշակութային յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Մոհամմետ Ճաւատ Հաղշենասը եւ Թեհրանի «Պեհեշթ Զահրա» կազմակերպութեան տնօրէն դոկտ. Սայիտ Խալը, կարեւորելով Տուլապի գերեզմանատուները, զանոնք համարեցին մշակութային, քաղաքային եւ ազգային գանձարան:

Պոլիս

 Հրատարակուած Է Հրանդ Տինքին Նուիրուած «Ակօս» Գիրքին Հայերէն Տարբերակը

Պոլսահայ լրագրող, «Ակoս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ ժամանակակից թրքական հասարակութեան մասին պատմող ֆրանսերէն «Ակoս» վէպը թարգմանուած է հայերէնի:

Ֆրանսացի արձակագիր, լրագրող Վալերի Մանտոյի ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ֆրանսական ամենաբարձր գրական պարգեւներէն մէկուն` «Ռընոթօ» մրցանակին, հայ ընթերցողներուն ներկայացուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին`19 յունուարին, ՀՀ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ: Ներկայ եղած է նաեւ հեղինակը:

ՀՀ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնըթըն Լաքոթ յայտնած է, որ գիրքը նուիրուած է Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին, Պոլսոյ մէջ, աւելցնելով, որ գիրքին հայերէն հրատարակութիւնը իրենց համար Տինքին յարգանքի տուրք մատուցելու ձեւ մըն է, անկախ անկէ` ան խորհրդանշական է այն բանով, որ նուիրուած է խօսքի ազատութեան: «Ակօս»-ին մէջ մենք կը հանդիպինք թուրք մտաւորականներու, որոնք մեծ հարցեր ունեցած են իրենց իշխանութիւններուն հետ ու կը շարունակեն ունենալ մինչեւ օրս:

Գիրքը լոյս ընծայած է «Նիւմակ» հրատարակչութիւնը` ՀՀ Ֆրանսայի դեսպանատան աջակցութեամբ:

Գիրքին 35-ամեայ հեղինակ Վալերի Մանտոն հանրածանօթ լրագրող է եւ սիւնակագիր: 2008-2013 թուականներուն ան աշխատած է «Չարլի Հետպօ» ամսագրի խմբագրակազմին մէջ: 2017-ին ապրելով Պոլսոյ մէջ` արձակագիրը ձեռնամուխ եղած է Հրանդ Տինքի եւ անոր ձգած ժառանգութեան հետքերը բացայայտելու գործին եւ 2018-ին հրատարակած  է  «Ակօս» վէպը:

Նախորդը

Հետաքրքրական. Կտաւի Մը Պատմութիւնը Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ»-ը

Յաջորդը

Պոլսահայ Գրող, «Մարմարա» Օրաթերթի Երկարամեայ Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի Ծննդեան 95-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Փետրուար 2, 2023
Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնրէալի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 132-Ամեակը

Յունուար 26, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In