Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 1001 Պատում. Ազգը Զիջեցաւ… (Ա.)

Յունուար 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   

Եթէ երբեք պատում բառը փոխարինէի հեքիաթ գոյականով, ոչինչ պիտի փոխուէր ըստ ձեւի եւ բովանդակութեան: Արդարեւ արցախեան եւ առհասարակ հայաստանեան նոր օրերու օրագրութիւնը ի լուր աշխարհին մատուցեց, դեռ երկար պիտի շարունակէ մատուցել այնպիսի ճշմարտութիւն(ներ), որոնք, առաջին հերթին, մեզի` հայերուս համար նկատուեցան «հեքիաթ»-ներ:

Այսինքն, խօսքը կը վերաբերի, անհաւատալի, անըմբռնելի եւ մարդկային մտքին անհասանելի եղելոյթներու (քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, ընկերային, ստորին թէ դաւաճանական արարքներ, հաւաքական բացթողումներ, վատահամբաւ մօտեցումներ եւ այլն), որոնց թւումն անգամ հրէշային ցաւ կը պատճառէ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայորդիի:

Իրօք, իւրաքանչիւր հայ, առանց տարիքի խտրութեան, որ իր մէջ կը կրէ իր ազգին պատուաբեր խորհուրդները, այլ խօսքով` ազգային արժեհամակարգը, ունի իրաւունք, արդարօրէ՛ն, հարց տալու, թէ ազգը ինչո՞ւ զիջեցաւ:

Ազգ, որուն գոյութենական տարեգրութիւնը ունի հազարամեակներու խորք ու փորձառութիւն, սեփական մշակոյթի արմատաւորման փառահեղ ճանապարհ, եւ ամենաէականը` ինքնուրոյն դէմք ու դիմագիծ, համամարդկային առաքելութիւն եւ ճանաչողութիւն, գիր ու գրականութիւն, եւ ի պահանջել հարկին` քաղաքական ու գաղափարական միտք ձեւաւորելու բացառիկ հնարաւորութիւն: Սակայն, ահա, 21-րդ դարուն, տուեալ ազգը ստացաւ այնպիսի ուժգին հարուած, թշնամիին իսկ ձեռամբ, որուն տարողութիւնը ոչ միայն կայծակնային էր, այլ նաեւ`շշմեցնող, ազգաքանդ ու հոգեբեկումնային:

Արդ, ինչո՞ւ նման խիստ, չըսելու համար «դաժան» բնորոշում կը կատարենք, պարզապէս որովհետեւ հայոց պետականութիւնը, որ տակաւին երեսունամեայ եւ որոշակի փորձառութեամբ յիշատակելի է, չկրցաւ հիմնական երկու արժեչափի ընդելուզումը ի կատար ածել. առաջին հերթին` պետական մտածողութեան խորունկ եւ բազմաշերտ իմաստի ընկալումը ապահովել, եւ երկրորդ` ազգային մտածողութեան արդի ըմբռնումն ու նորովի արմատականացումը շեշտադրել:

Այլ բանաձեւումով մը, անհրաժեշտ է առանձնացնել այն հարցադրումը, թէ հայոց արդի պետականութիւնը, որ ծնունդն իսկ է  սեփական ժողովուրդի հազարամեայ երազանքին ու հետեւողական աշխատանքին, ցաւին ու տառապանքին, մահուան դէմ իսկ մարտնչելու հզօր կամքին, ինչպէ՞ս թէ չկրցաւ պահել ու պահպանել հայրենիքի մասնիկ մը` իր ամբողջական հասկացողութեամբ եւ հեռանկարային ուղղուածութեամբ:

27  սեպտեմբեր – 10 նոյեմբեր 2020:

45 օրեր բաւարար էին, ինչ-ինչ բացատրութիւններով (որոնց հարկ է անդրադառնալ), Արցախ աշխարհի մեծ մասի կորուստին ականատես ըլլալու, աւելի՛ն` քաղաքական կամքի ու մտքի անձնատուութեան:

Գիտէինք, որ տասը միլիոն հաշուող ազգ ենք (ի հայրենիս ու սփիւռս աշխարհի), «քաջածանօթ» էինք միլիառատէր հայերու շքեղանքներուն, լսողաց էինք, տիւ եւ գիշեր, հայ անհատներու տնտեսական յաջողութիւններուն, յաճախ կ՛ընթերցէինք, թէ որոշումի այս կամ այն կեդրոններու մէջ միշտ ի պատուի են եղած հայ քաղաքական մտքի տիտաններ, փորձագէտներ, միջազգայնագէտներ, արցունքով կը դիմաւորէինք հայ ակադեմականներու թէ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու նուաճումները` գիտական տարբեր հարթակին վրայ եւ մասամբ նորին:

Այդուհանդերձ, ըստ երեւոյթին, չէինք գիտեր, որ տուեալ պահու, կացութեան թէ աշխարհաքաղաքական մէկ ստոր խաղի մը պատճառով, ազգը, իր բաղկացուցիչ  շերտերով պիտի զիջէր®զիջեցաւ, այդ ալ թուրք-ազերի հորդաներու` յանձնելով նոյնիսկ դրախտավայր Շուշին:

Իմացա՛նք:

12-12-2020                 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մղձաւանջէն Ետք… Ամերիկեան Երազի Հեռանկարով

Յաջորդը

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023
Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 31, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In