Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մղձաւանջէն Ետք… Ամերիկեան Երազի Հեռանկարով

Յունուար 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյնքան ազդեցիկ եւ դիպուկ պիտի չհնչէ, եթէ American dream-ը բառացիօրէն հայերէնի թարգմանենք եւ ըսենք` ամերիկեան երազ: Պակասաւոր, մութ եւ անհասկնալի կրնայ թուիլ անգլերէնով որոշ կնիք ստացած այս խօսքին մաշտոցեան լեզուին թարգմանութիւնը, յար եւ նման այլ արտայայտութեան մը` melting pot, որ բառացի թարգմանութեանբ կ՛ըլլայ` հալոց, ու մենք սովոր ենք տարբեր ժողովուրդներ կուլ տուող Նոր աշխարհը նկատել մեծ հալոց մը` իր ձուլող ու այլասերող սովորութիւններով եւ յատկանիշներով:

«Ամերիկեան երազ»-ի երեւոյթը տպաւորիչ կերպով ներկայացուցած է եգիպտացի հանրահռչակ բեմադրիչ Եուսեֆ Շահինը իր «Աղեքսանդրիա, ինչո՞ւ» ժապաւէնին մէջ. երբ Հոլիվուտ հաստատուելու եւ հոն գործելու վարդագոյն երազներով տարուած երիտասարդ բեմադրիչը փոխադրող օդանաւը կը հասնի Նիւ Եորք, Ազատութեան արձանին տիպարը յանկարծ կը փոխէ իր հրապուրիչ դիմագիծը եւ նենգամիտ ծիծաղով մը կը դիմաւորէ երազկոտ գաղթականը…

Լուսաւոր ապագայ խոստացող եւ աւելի երջանիկ կեանք ապրելու յոյսով տոգորող «ամերիկեան երազ»-ը միշտ ալ հեզասահ չէ եղած, բաղձալի արդիւնքը չէ տուած. յաճախ մետալը ցոյց տուած է իր միւս` տժգոյն երեսը, եւ հուսկ, happy ending-ի (երջանիկ աւարտ) փոխարէն, հետապնդողը ունեցած է ողբերգական եւ եղերական վախճան մը:

Այսպիսի արհաւիրք մը ապրեցանք ամբողջ չորս տարի, երբ քաղաքական ամենադոյզն հասկացողութենէ հեռու գործարար մը զարմանալիօրէն (ցայսօր` անհասկնալի եւ անհաւատալի) ընտրուեցաւ նախագահ: Այն, ինչ որ աներեւակայելի, անսպասելի եւ բանականօրէն անկարելի էր, իրագործեց անբան Տոնըլտ Թրամփ: Նոր նշանակումներ, գործէ արձակումներ, փոխարինումներ, նոր պաշտօններու ստեղծում… Սպիտակ տունը գրեթէ վերածուած էր սակարանի: Չմոռնանք սուտերու կոյտն ու ասելի եւ անասելի  «հերոսութիւնները»: Իսկ յունուար 6-ի ծրագրուած յարձակումը «Քափիթըլ Հիլ»-ի վրայ (ծրագրուած ըլլալուն կասկած չկայ, փաստերը շատ են եւ յանցագործներուն դէմ  դատական եւ պատժական քայլերը կը շարունակուին), վերջին դրուագն էր բազմաթիւ արարներով կուտակուած ողբերգութեան:

Աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ երկրի վիճակէն դուրս եկած էին Միացեալ Նահանգները, անգամ մը եւս` շնորհիւ իր անհրապոյր ղեկավարին: Քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային լուրջ հարցերու դարման հետապնդող խորհրդաժողովներ, հաւաքներ եւ դաշնագրեր դուրս մնացին Թրամփի օրակարգէն: Համակիրներն ալ տարուեցան անոր արտառոցութիւններով…

Այս ահաւոր ու անհանդուրժելի մթնոլորտը լաւագոյնս կ՛արտացոլայ լուսանկարի մը մէջ, աշխարհի «մեծեր»-ու ղեկավարներու մասնակցութեամբ ժողովի մը պահուն, ուր Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել, բազուկները սոթտած եւ սեղանին վրայ ճնշելով, իր զայրոյթն ու ցասումը կ՛արտայայտէ Սպիտակ տան ապիկար վարձակալին հանդէպ: Յիշատակելի էր  Մերքելի մէկ այլ արտայայտութիւնը, ուր կ՛ըսէր. «Ես կ՛աշխատիմ ընտրուած նախագահներու հետ ամբողջ աշխարհի, ներառեալ, իհարկէ եւ դժբախտաբար… ԱՄՆ-ի»:

Բազմաթիւ ղեկավարներ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ, տիրապետող դէմքեր չկրցան ազդու կերպով «գլուխ ելլել» այս յամառ (ու յիմար) նախագահին հետ, սակայն աներեւոյթ, անտեսանելի եւ ցարդ անդարմանելի Պսակաձեւ ժահրն է, որ ի վերջոյ կարեւոր դեր ունեցաւ անոր կրած ծանր պարտութեան մէջ, որովհետեւ, ինչպէս շատ բաներու, նոյնպէս ալ ու յատկապէս բժշկական-առողջապահական բնագաւառէն ներս ամենադոյզն տրամաբանութենէ եւ գիտելիքէ զուրկ Թրամփը, նոյնիսկ ամենավատ օրերուն, դիմակ գործածելու պարտաւորութիւնն անգամ անիմաստ եւ անկարեւոր նկատեց:

Յունուար 20-ին նորընտիր նախագահ Պայտընի երդման արարողութեան օրն իսկ, յստակ էր, որ բան մը փոխուած էր: Հանդիսութիւնը կրճատուած էր, եւ բոլոր ներկաները դիմակաւոր էին` յարգելով ժահրին դէմ նախազգուշութեան օրէնքները:

Մթնոլորտը տարբեր էր:

Յստակ էր, որ աւերիչ եւ անհաւասարակշիռ նախագահը միայն չորս տարի կրցած էր դառնալ Սպիտակ տան վարձակալ: Բնակարան մը, կեցութեան վայր մը, ապաստանարան մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իր (անշուշտ նաեւ` կողակիցին) նկարագրին, բնաւորութեան եւ ապրելաձեւին:

Աշխարհը ձերբազատեցաւ իւրայատուկ խելագարէ մը, որուն հասցուցած վնասները դարմանելու համար բաւական աշխատանք եւ ժամանակ պիտի տրամադրուի:

Իբրեւ ամերիկահայ` շատ բան կայ իրագործելիք նոր ղեկավարութեան հետ:

Դիւրին պիտի չըլլայ գործընթացը, մանաւանդ որ թրքական եւ ազրպէյճանական լոպիինկը գործի լծուած է, իսկ Թրամփ, նախքան մեկնիլը, առերեւոյթ հայամէտ տրամադրութիւններ ցուցաբերած էր:

Մղձաւանջ մը, որմէ դուրս պիտի գանք նաեւ մենք, ամերիկահայութեան իւրայատուկ երազով:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Առցանց Աղօթքին

Յաջորդը

Արցախեան 1001 Պատում. Ազգը Զիջեցաւ… (Ա.)

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In