Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Բանակ՝ Տօնդ Շնորհաւոր

Յունուար 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յունուար 28 եւ հայկական բանակի ծննդեան տօն:

Իր անկախութենէն ի վեր, ամէն տարի այս թուականին, հայ ժողովուրդը կը նշէ եւ կը տօնախմբէ իր ազգային բանակին հիմնադրութեան օրը: Ու մենք, բոլորս ալ անխտիր, մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս տարեդարձը, համազգային ուրախութեամբ կը դիմաւորենք: Որովհետեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Ան է, որ մեր պապենական հողին ապահովութիւնն ու ազատութիւնը կ՝երաշխաւորէ: Ո՛չ մէկ կասկած:

Հայկական բանակ:

Համայն հայութեամբ եւ նոյնքան ալ մեծ հպարտութեամբ կ’արտասանենք այս երկու բառերը, որովհետեւ անոնց մէջ միշտ ներկայ են հայու մարտունակ ոգին, պատրաստակամ զոհաբե-րութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, հրաշալիօրէն եւ օրինակելի:

Այս համեստ տողերը, պարզ եւ սակայն յատուկ, մեծ պաշտամունքի մը ծնունդն են անկաս-կած: Բոլորս ալ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ առաջնորդողն ալ է:

Ահա թէ ինչո՞ւ այս առթիւ մեր յարգանքն ու սէրը եւ մեր զօրակցութիւնը կը հրապարակենք:

Գաղտնիք մը չէ, որ մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է իր բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով, եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ անոր կողքին կենալով, քաջալերուած ու խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:

Մէկ խօսքով, հայը միշտ «ապրած» է իր բանակին հետ եւ համար: Անտարբեր չէ եղած կամ՝ մնացած:

Ու դարերու պատմութիւնը վկայ, հայուն համար հայկական բանակ նաեւ կը նշանակէ հայու հպարտութիւն: Որովհետեւ, իր բանակը իր մէջ պահ ունի, իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:

Հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք ու այս մէկը միշտ կրկնած: Մօր մը ջերմութեան նման, զայն մեր արեան մէջ պահած ենք: Անոր համար մեր ցաւն ու սէրը միահիւսուած են:

Ու նաեւ աւելցնեմ, որ Հայկ նահապետէն ի վեր ազատութիւնը կրած ենք մեր հոգիին մէջ: Միւս կողմէ ալ, մեր մօտ յոյսի եւ լոյսի խորհուրդը անբացատրելի է: Առանց ասոր, կարելի չէ ըմբռնել հայը: Միշտ տեսանելի է, մեր բանակի զինուորներուն էութեան մէջ ազատութեան վառ տենչը: Եւ այս մէկը մեր շուրջը տիրող իրավիճակին մէջ, ծնունդ է մեր կերտելու, ստեղծելու եւ ըլլալու կամքին համար, այս օրերուն հրամայական դարձած է:

Մեզի համար հայկական բանակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պապենական մեր հողերն ու անոնց սահմանները եւ իր արեան գնով պաշտպանելու նոյն այդ հողին վրայ հպարտօրէն ծածանող իր եռագոյն դրօշը:

Մէկ խօսքով, բանակը կարգապահ մարդոց տեղն է եւ որուն ծառայողը լաւատեղեակ է խաղաղութեան, անոր պաշտպանման արժէքին ու իմաստին: Ահա քաջութիւն եւ խիզախութիւն, որոնք իր ինքնութեան յստակ խորհրդանիշներն ալ են:

Ու տեսնուած է, որ ամէն պատերազմի, հայոց բանակին ծառայող զինուորը  իր հակառակոր-դին եւ իր թշնամիներուն ու նաեւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած է, որ իրեն  համար ազատ հայրենիքը յոյս է: Լինելութեան նշան: Կեանքի կանչ եւ հզօրութիւն: Իր կարգին հայն ալ հաւատացած է, որ բանակին համար մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ զինծառայողին կեանքն է: Հայը, իր զինուորը նկատած է նաեւ իր ազգային պատիւն ու արժանապատու-ութիւնը եւ հաւատարմօրէն դարձուցած՝ իր մեծագոյն գուրգուրանքին եւ պաշտամունքի առարկան:

Արդ, ամէն տարի իր տարեդարձին՝ իբրեւ գիտակից անհատներ, մեր մաղթանքներուն, գնահատականներուն եւ աղօթքներուն կողքին, ըսած եւ ուխտած ենք, որ չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ հանդէպ մեր ազգային բանակին:

Մեր բանակը մեր ազգային յաղթանակին տանող մեծագոյն շարժիչն է: Ուստի պարտաւոր ենք առաջին իսկ հերթին, մեր մեծ ուշադրութեան առարկան դարձնել անոր մարդուժի քանակին եւ անոր որակին, ու մասնակից դառնալ եւ զօրակցիլ՝ անոր արդիականացման ու հզօրացման ճիգերուն եւ աշխատանքներուն:

Հայկական բանակը մեր պատմութեան ընթացքին միշտ վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչած է մեզի ու այս ձեւով ամրապնդած՝ մեր բոլոր յոյսերը: Ահա թէ ինչո՞ւ պարտաւոր ենք ամբողջ ազգով զայն հզօր պահել, գուրգուրալ: Վստահութիւն,  եւ հաւատք ներշնչել: Հմուտ ղեկավարներով առաջնորդել: Արդիականացնել՝ նոր զէնքերով եւ պատերազմական թէքնիքներով:

Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:

Հաւատացած ենք, նաեւ որ մեր բանակը իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը: Որովհետեւ հողը, հայուն համար ազգային արժէքն ալ է: Հողը, մեր ոգին է եւ ապրելու կամքը: Հողը, մեր պայքարի զէնքն է: Ահա մեր ազգային գաղտնիքներէն ամէնէն մեծագոյնը: Վստահելին եւ արժանավայելը:

Ուստի.-

Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, մեր յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար նահատակ եւ մարտիրոսացած հայուն:

Փառք եւ ու պատիւ մեր հայ զինուորի քաջարի ու սխրագործ ծառայութեան, եւ անոր օրինակելի գիտակցութեան:

Մեզի համար այս բոլոր յատկանիշները ոչ միայն հպարտալի են, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ:

Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ, իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր  մեծով ու պզտիկով միշտ կռուած ենք մահուան դէմ,  կեանքի եւ ազատութեան համար: Անոր համար՝ ի սրտէ բարի մաղթանքներ կը հասցէագրենք մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ եւ հերոս նուիրեալներուն:

Մի մոռնաք, որ քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն յատկապէս մեզի դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:

Արդ, հայկական մարտունակ բանակ, ծննդեանդ տարեդարձը շնորհաւոր:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեան. «Ասիկա Դիտաւորեալ Պարտուած Պատերազմ Էր, Իսկ Դիտաւորութեան Պատճառը Արցախէն Ազատիլն Էր»

Յաջորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Յայտարարէ. «Մարդկութիւնը Տակաւին Երկար Տարիներ Պիտի Պայքարի Համաճարակի Դէմ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?