Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Երբ Պիտի Սանձուին Սուրիոյ Քաղաքացիին Կացութիւնը Շահագործողները

Յունուար 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապը թեւակոխեց իր տասերորդ տարին: Տասը տարի ետք թէեւ ապահովական իմաստով երկրէն ներս բարելաւում արձանագրուեցաւ, սակայն տնտեսութիւնը շարունակեց իր անկումը, յատկապէս երբ տակաւին պատերազմի ծանր բեռէն չձերբազատած` դէմ յանդիման եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներուն, ինչ որ իր բացասական անդրադարձը ունեցաւ առաւելաբար քաղաքացիին կեանքին վրայ` անոր տարրական պահանջներն անգամ ապահովելու բազմակողմանի դժուարութիւններ յառաջացնելով:

Սուրիական լիրային անկումը, որուն կողքին քարիւղի հորերու, ցորենի արտերու մեծ մասին հիւսիսային շրջանի մէջ բռնագրաւուած մնալը երկրի տնտեսութեան փլուզման հիմնական պատճառները հանդիսացան:

Ելեկտրականութեան, վառելանիւթի տագնապը, սղաճը եւ քաղաքացիին եկամուտին անհամեմատ նուազումը պատճառ դարձան կենսամակարդակի նուազումին: Աւելի՛ն. քաղաքացին իր տարրական իրաւունքներու ապահովման համար (հաց, վառելանիւթ եւ սննդեղէնի հիմնական կարիքներ) ստիպուած կ՛ըլլայ հանդուրժելու փտածութեան անվերջ երեւոյթներու եւ անել կացութեան կը մատնուի:

Կառավարութիւնը մէկէ աւելի օրէնքներով կը փորձէ դիւրացնել հացի, վառելանիւթի ապահովումը, սակայն օրէնքը չյարգող, կացութենէն օգտուող փռապաններ, վաճառականներ թէ պատասխանատու տարրեր կը դժուարացնեն կառավարութեան սահմանած օրէնքներուն անկաշկանդ ու շարունակական կիրարկումը, եւ քաղաքացին կրկին կը յայտնուի փուռերու դիմաց` երկար շարքերու մէջ, անյոյս ու խեղճացած վիճակի մէջ:

Չեն յարգուիր կառավարութեան սահմանած օրէնքները, որովհետեւ փտածութեամբ քաղաքացիներուն կացութիւնը օգտագործողներ, ներկայ իրավիճակը վերագրելով միայն պատերազմին ու պատիժներուն, ո՛չ կը պահպանեն կառավարութեան սահմանած տարբեր մթերքներու գիները, ո՛չ կարգը, նոյնիսկ փռապաններ կը խախտեն քաղաքացիին օրինաւոր հացը ապահովելու համար սահմանուած միջոցները` միշտ ապօրինի ելք մը գտնելով իրենց շահը կրկնապատկելու համար:

Փտածութեան սահմանը այսքանով չի սահմանափակուիր, տակաւին երկար է շարքը ապօրինի տուրքեր գանձողներուն, կաշառք վերցնելով` օրէնքի խախտում թոյլ տուողներուն, որոնք առկայ դժուարութիւններուն վրայ նոր բարդութիւնները կ՛աւելցնեն ու քաղաքացին տնտեսական յուսահատ վիճակի կը հասցնեն:

Պատերազմի դժուարութիւնները մասամբ կը յաղթահարուին, եթէ նահանգներու մէջ հետապնդուի տարբեր ոլորտներու առնչուող օրէնքի պահպանումը, գիներու բարձրացումը կառավարութեան հակակշռին ենթակայ ըլլայ, եւ առիթ չտրուի կացութիւնը շահագործող վաճառականներու` թալանելու արդէն իսկ տնտեսական փլուզումի եզրին հասած քաղաքացին:

Այս իմաստով, մեր պետական համակարգին նահանգներու տնտեսական կեանքի ու ծառայողական ոլորտի կացութեան թափանցիկ պատկերը փոխանցելու կոչուած երեսփոխաններն ու նահանգային խորհուրդի անդամները կարեւոր ներդրում կրնան բերել քաղաքացիի կենսամակարդակի պահպանման եւ կառավարութեան սահմանած տարբեր օրէնքներու կիրարկման հետեւելով ու առ որ անկ է փոխանցելով յոռի երեւոյթները:

Որքան ալ ծանր ըլլան երկրին ու անոր ժողովուրդին պարտադրուած պատժամիջոցները, պէտք է յիշել, որ Սուրիան ինքնաբաւ երկիր է եւ կրնայ դիմագրաւել նման դժուարութիւններ, եթէ խստիւ հետապնդուին օրէնքներու գործադրումն ու  տագնապի յաղթահարման կառավարութեան սահմանած բոլոր միջոցները:

«Գ.»

Նախորդը

Լռութեան Ձայնը

Յաջորդը

Գարեգին Նժդեհի Ծննդեան 135-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?