Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանացի Աչքերով

Յունուար 26, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Բ.- Սէյիթ Ռըզայի ժառանգը եւ արագ պատկերներ

Յօդուածի առաջին մասը կը ներկայացնէր շարժապատկերի 17-րդ «Կին» միջազգային փառատօնի ծրագրին մէջ ցուցադրուած պոլսաբնակ Ռենա Լուսին Պիթմեզի «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական մանուկները կը սիրէ՞» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Թուրքիա գաղթած հայաստանցի կիներուն մանուկներուն անմխիթար կացութիւնը:

Բ.- Ծրագիրին մէջ տեղ գտած հայկական-քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկրորդ ժապաւէնը վաւերագրական է:

«Զելիհայի տնակը», (Zelihas Hütte, Gabriela Gyr, 45վ., 2020, Զուիցերիա)

1937-ի ալեւի զազա քիւրտեր Տէրսիմի («Ծոփաց Աշխարհ», որ այժմ կը կոչուի «Թունճելի») մէջ, Սէյիթ Ռըզայի առաջնորդութեամբ, կ՛ըմբոստանան: Մուսթաֆա Քեմալ ոչ միայն սպանդ կը կազմակերպէ, այլ նաեւ կ՛աւերէ շրջանը եւ կը տեղահանէ բնակչութիւնը: Ռմբակոծումներուն մասնակցած էր տխրահռչակ թրքացուած օդաչուհի Սապիհա Կէօքչէն (1): Սէյիթ Ռըզա, որ 78 տարեկան էր, շատ արագ «կը դատուի» եւ վճիռէն անմիջապէս ետք կախաղան կը բարձրացուի, թէեւ օրէնքսգիրքը այդ կ՛արգիլէր: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն ետք թրքական պետութիւնը կը նորոգէ «արտակարգ դրութիւնը»: Այլ խօսքով, աւելի կը դժուարանայ քիւրտերու վերադարձը դէպի իրենց բնակավայր:

Զմիւռնիոյ եւ ապա Պոլսոյ մէջ կրթուած Զելիհա Փոլաթ` Սէյիթ Ռըզայի թոռը, հանգստեան կոչուելէ ետք կ՛որոշէ վերականգնել պապենական տունը: Քանի որ «տասը պատուհան ունեցող» այդ շէնքը հիմնովին փլատակ է, Զելիհա իր համեստ միջոցներով եւ իր իսկ ձեռքերով կը սկսի շինել տնակ մը` զայն  ընդարձակելով եւ բարեկարգելով: Կապրիէլա Կիր այդ փորձը կը սեպէ «յանդգնութեան ստեղծագործ կոչ»:

Բեմադրիչը կ՛ըսէ, թէ նախ ձեռնարկած է աւելի լայն մաշտապի ժապաւէն մը նկարելու եւ հանգամանօրէն ցոյց պիտի տար ալեւի զազա մշակոյթը, բայց պետական արգելքները պատադրած են որ սահմանափակէ իր ծրագիրը (2):

Ժապաւէնը նկարուած է ամրան: Վարորդ մը իր կինը պարբերաբար քաղաք կը տանի, ուրկէ ոչ միայն կը գնէ պարէն, այլ նաեւ շինանիւթ եւ ծիլեր իր տան եւ փոքրիկ այգիին համար:

 

Կ՛այցելէ նաեւ իր պապու արձանը, ուր ալեւիներ խունկ եւ մոմ կը վառեն: Սէյիթ Ռըզա գերեզման չունի, մարմինը թաղուած է անյայտ վայր մը, որպէսզի ուխտատեղիի չվերածուի:  Արձանին մօտ կը տեսնենք «Տէրսիմի կանանց հարթակ»-ի  կազմակերպած միջոցառում մը: Պաստառներէն մին կ՛ըսէ. «Պայքարը կը միացնէ կիները, կիները կ՛ազատագրեն աշխարհը»: Այո՛, չմոռնանք որ մեր նիւթը «Կին» փառատօնն է:

Տունէն ոչ շատ հեռու կան անշուք հողակոյտեր: Քանի մը տասնեակ մարդիկ ոգեկոչում կը կատարեն: Այդտեղ է նաեւ Զելիհայի ազգականներէն խումբ մը (տես վերի նկարը): Տարեց մարդը կը խօսի ինծի համար անհասկնալի լեզուով, թերեւս զազա քրտերէն: Երիտասարդ տղամարդիկ կը խօսին արեւելեան գաւառներու թրքերէնով, իսկ Զելիհա` Պոլսոյ բարբառով: Զելիհա իր տան մէջ հոգեճաշ պատրաստած է (3): Հարազատները իրենց դգալներով կ՛ուտեն միեւնոյն պնակէն, մինչ տիկին Զելիհա «սոֆրայէն» քիչ մը անդին նստած, բռունցքը կզակին դրած կը դիտէ: Այդ ի հարկէ մեկնաբանելի է:

Ոչխարի եւ այծի հօտեր ազատ կ՛արածին Զելիհայի հողամասին վրայ: Բայց երբ (թերեւս թուրք) գործարարներու խումբ մը կը փորձէ ջրհոր փորել, Զելիհա մեծ յանդգնութեամբ կ՛արգիլէ: Գործարարները կը հեռանան, թէեւ կը պնդէին, որ  իշխանութիւններու կողմէ արտօնութիւն ստացած են: Զելիհա կը զգուշացնէ. «Վաղը նորէն այստեղ պիտի ըլլամ»: Ոչ ոք կը նայի քամերային: Միջադէպը կը թուի բեմադրուած ըլլալ (տես կողքի նկարը):

Զելիհայի տնակը ապահով դուռ կամ պատուհան չունի: Գիշերուան մթութեան մէջ հովիւներու շուները անդադար կը հաչեն: Առանձին կնոջ համար այդ վախազդու է: Բայց քաջ մարդը այն չէ, որ վախ չունի: Այդ յիմար մարդն է: Քաջ մարդը այն է, որ կը շարունակէ պայքարիլ` ի հեճուկս վախին: Զելիհա կ՛ըսէ, թէ կը սորվի «կարդալ» աստղերու դիրքերը: Կ՛ըսէ, օրինակ, թէ «Յարդագողի ճանապարհը» սլաքի նման ցոյց կու տայ հիւսիսը: Այդ ճշգրիտ չէ, բայց` ինչեւիցէ (4):

Բեմադրիչը կեդրոնացած է կնոջական-ազատագրական ասքին վրայ: Մեծ կարեւորութիւն չէ տուած գեղագիտական կողմին, թէեւ կան կարգ մը տպաւորիչ քատրեր, ինչպէս որ կը տեսնենք գովազդին մէջ: Կը լսուին քրտական երգեր «Միքայէլ Ասլան» համոյթին եւ «Միրազ» (Մուրազ,Կարօտ) խումբին կողմէ: Յաջողեցայ վերծանել Զազա լեզուով տրուած վերնագիրներէն միայն մէկը` «Արարատի արցունքները» (Hestire Ararati)(5):

Գ.- Հայ բեմադրիչներու այլ ժապաւէններ.-  Ցուցադրուած ժապաւէններէն 4-ին մօտիկ անցեալին հանգամանօրէն կամ հպանցիկ անդրադարձած եմ: Անոնք են.-

(ա) Լիբանանահայ Շանթալ Գասարճեան, «Բաղադրատոմս աքսորում», հալէպահայերու երկրորդ տարագրութիւն: Ստացած է «Յատուկ մրցանակ»:

(բ) Սիլվա Խնկանոսեան, «Վախենալու ոչինչ չկայ», Լաչինը ականազերծող հայ կիներ:

(գ) «Մեծ սպասումներ», Սոնա Սիմոնեան, Գիւմրիի երկրաշարժ:

(դ) «Ճանապարհ դէպի տուն», Ս. Գրիգորեան, թաւշի գովք` մասնակցութեամբ Էկոյեան ամոլին եւ Սերժ Թանքեանի:

Կը մնան երկու հայկական ժապաւէններ.

«Ցրտերի դէմ», Անի Գրիգորեան, 9 վ., առանձին ապրող տատիկ մը: Ստացած է «Հանդիսատեսի մրցանակ»:

«Կանանց Գիւղը», Թամարա Ստեփանեան  83 վ.: Ընտանիքի հայրերը խոպան գացած են: Կիներ պարտադրուած են կատարել ե՛ւ տղամարդոց, եւ տնային աշխատանքները: Բայց հիմնական ցաւը մինակութիւնն է: Կարելի չէ անվրդով դիտել, երբ միջին տարիքի գեղեցիկ կին մը` արցունքի կաթիլ մը թարթիչին, կ՛երգէ. «Ես մի ծառ եմ ծիրանի, չունեմ այգեպան» եւ կամ «Ես ծովակ եմ առանց նաւակ/ Ես անտառ եմ առանց եղնիկ»: Կան տղամարդիկ, որոնք հեռացած են տասնամեակներ առաջ: Անոնցմէ ոմանք հաւանաբար այլ կիներու հետ են:Մանուկներ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն, որ հայրը արձակուրդ ունենայ եւ քանի մը օրուան համար իրենց հետ ըլլայ: Ցաւերու երկիր…

Դ.- Գեղարուեստական օտար ժապաւէններ.– Գեղագիտական եւ կամ կատարողական առումով ուշագրաւ էին երեք գծագրային (animation) ժապաւէններ, երկու ժապաւէն, որոնք կը պատմէին դերասանական արուեստի ցաւերուն մասին եւ երկու անխօս  ժապաւէններ, ուր արտայայտութեան միակ լեզուն մարմինն էր` գլխաւորաբար պարը: Այս ժապաւէնները կարելի չէ «պատմել»: Այս իմաստով աւելի զտարիւն ֆիլմարուեստ են: Կարելի չէ պատմել, օրինակ երաժշտական մեղեդի մը եւ կամ արձան մը: Ցաւօք եօթնէն եւ ոչ մէկը արժանացաւ մրցանակի:

Դ1.- Գծագրային ժապաւէններ.-

«Relation-shape» (Յարաբեր-ա-ձեւ) Jiatong Han, 2 վ. (Միացեալ Նահանգներ): Ինչպէս վերնագիրի բառախաղը կը թելադրէ (Relationship-relationshape), ժապաւէնը կը փորձէ մարդկային յարաբերութիւնները ներկայացնել երկրաչափական պարզ ձեւերով: Կ՛ենթադրեմ, որ այդ հումոր է, որովհետեւ նման պարզամիտ մօտեցում հոգեբանական հիմնաւորում չի կրնար ունենալ:

«Urban Goat», «Քաղաքային Այծը» Svetlana Razgulyaeva, 11 վ., Ռուսիա: Նուրբ եւ կիրթ բժշկուհի մը (այծը) Սիպերիոյ հեռաւոր չքաւոր կորած գիւղ մը կ՛երթայ` տեղացիները խնամելու: Այդտեղ գրաւիչ ոչինչ կայ նման կնոջ մը համար բացի… առնական կոշտ տղամարդէ մը: Գայլը ի վերջոյ կը «յօշոտէ» այծը: Հանդիպումը թերեւս կը պատահի երեւակայութեան մէջ: Կինը արագ կը հեռանայ, թերեւս սարսափած այն մտքէն, թէ ինչի՞ ատակ է ինք նման պայմաններու տակ:

A la mer poussière «Դէպի փոշու ծով» Héloïse Ferlay, 12 վ. Ֆրանսա: Աշխատող մինակ կին մը պարտադրուած է իր երկու մանուկները առանձին ձգել քաղաքէն հեռու տան մը մէջ: Երեկոյեան աշխատանքէ կը վերադառնայ յոգնած ու սպառած: Մանուկները կարօտ են գուրգուրանքի: Երբ շատ կը թախանձին, ջղագարուած կինը զիրենք կը շպրտէ ինքնաշարժին մէջ եւ կը սկսի խելագար սուրալ: Տեղի կ՛ունենայ մեծ արկած: Տարաբախտ ընտանիքը դուրս կու գայ խորտակուած ինքնաշարժէն եւ կ՛ուղղուի դէպի անտեսանելի ծովափ: Այդ թերեւս կը պատահի մեռնող կնոջ երեւակայութեան մէջ: Աղոտ ծովափին վրայ կը տեսնենք մութ խաչ մը… Տիկնիկները եւ բոլոր մակերեսները ունին գզուած փոշոտ տեսք: Փոշին մահուան խորհրդանիշ կրնայ ըլլալ: Ահաւոր մելամաղձոտ ժապաւէն մը:

Դ.- Պարարուեստ

Maids (Սպասուհիներ), Սոֆիա Քասթրօ, 6 վ., Բրիտանիա: Ներշնչուած է նոյնանուն գրականութենէ: Սպասուհի մը աշխատանքի պահուն ժամանակակից պալէի շարժումներով ձայնասփիւռէն լսուող ոճիր մը կը մարմնաւորէ: Երկու անձեր կը փորձեն զիրար սպաննել: Յանկարծ ներս կը մտնէ տանտէրը: Բարձր ճաշակ եւ բացառիկ հումոր:

«Le Derive» (Շեղումը) Թանին Թորապի, 8 վ. Իրան: Կին մը արտերկրային կրկնուող մեղեդիի մը կշռոյթին տակ  (տես վերի նկարը) պարային շնորհալի շարժումներով կ՛անցնի փակ «պազար»-ի փողոցներէն, պահ մը կենսունակութիւն տալով ճնշուած մթնոլորտին: Պարը, որ Իրանի մէջ (եւ ոչ միայն)  արգիլուած է, կ՛աւարտի մզկիթի դարպասին առաջ: Պազարը եւ մզկիթը ի սկզբանէ սերտ (organic) յարաբերութեան մէջ եղած են: Այս մասին անդրադարձած էի Համօ Բեկնազարեանի «Զարէ» (1926) ժապաւէնի առնչութեամբ: Յանդուգն, բայց զուսպ ժապաւէն մը:

Կատարողի ողբերգութիւնը.-

Carrie (Քարոլինա) Էմմա Լինտալ, 25վ. Լեհաստան: Անշուք տեսքով դերասանուհի մը կ’ընդունուի իր առաջին կարեւոր յանձնառութեան: Շուտով կը պարզուի, սակայն, որ այդ դաժան կատակ մըն է: Վերնագիրը եւ աւարտական արիւնոտ տեսարանները ակնյայտօրէն կը յիշեցնեն Պրայըն տը Փալմայի ծանօթ սարսափ ժապաւէնը (1976):

«Չպահանջուածները» (Նի վասթրիպավանիյէ) Վիքթորիա Սաւինա եւ Էլենա Թորկալօ, 45վ., Ռուսիա, վաւերագրական: Երեք երիտասարդ արհեստավարժ դերասաններ պարտադրուած են իրենց ապրուստը հոգալ պատահական աշխատանքներով: Բայց ինչպէ՞ս կրնայ դերասան մը ապրիլ առանց բեմի: Անոնք, որոնք ոեւէ ձեւով առնչուած են թատերական կեանքի, պիտի չկարենան զսպել իրենց յուզմունքը եւ վրդովումը:

Մրցանակը .- Դատակազմը կը բաղկանար 5 կիներէ` Լիւսիան Քերի (արտադրող, Միացեալ Նահանգներ), Նորա Արմանին (դերասանուհի, Միացեալ Նահանգներ) Էլենա Քուցենքո (շարժապատկերի մասնագէտ, Ռուսիա), Թամարա Յակոբեան (շարժապատկերի մասագէտ, Հայաստան), Քելլի Հարքրեյվս (բեմադրիչ, Քանատա): Գլխաւոր մրցանակը շնորհուեցաւ Paola Manno-ի «Գրկախառնումը» (L’abbraccio, 15 վ. Իտալիա) ժապաւէնին: Աղջնակ մը դպրոցական թանգարանային պտոյտի մը ընթացքին կը գողնայ  Ս. Մարիամի հրաշագործ արձանիկը: Երկար հետախուզութենէ ետք կը պարզուի, որ այդ ձեռքէ-ձեռք հասած է գաղթական սեւամորթ աղջնակի մը, որպէսզի հրաշքով մը կարենայ վերագտնել իր կորսուած մայրը: Ժապաւէնին քաղաքականութիւնը այնքան բարեպաշտ եւ մաքրակրօն (correct politics) էր, որ չկարողացայ ծայրէ ծայր դիտել: Կը թուի, թէ պահանջուած «հրաշք»-ը մարդոց կարեկցանքն է տարաբախտ կարիքաւորներու հանդէպ:

Անկախ ամէն նկատառումէ, ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կայ մարդոց թիւ մը, որ վճռակամ է պահպանել մշակութային կեանքը: Կը յուսամ, որ այդ օգնէ մաքրելու թունաւորուած մթնոլորտը:

18 դեկտ. 2020
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

  1. Մ. Քեմալ որդեգրած եւ մոլեռանդ թրքուհիի վերածած էր հայ որբ մը: Պոլսոյ մօտ գտնուող օդակայան մը կը կրէ այդ կնոջ անունը: Քիւրտեր եւ կարգ մը այլ կողմեր կը պահանջեն, որ օդակայանը վերանուանուի:
  2. Ալեւիներ ի սկզբանէ ճնշուած են, նոյնիսկ ենթարկուած ջարդերու:
  3. Խոշոր դեղին շուշանի նմանող ծաղիկներով պատրաստուած «դոլմա», որ թերեւս աւանդական ճաշ է:
  4. «Յարդագողի ճանապարհը» մեր ծիրկաթինի տեսանելի մասն է, հետեւաբար կը գտնուի մօտաւորապէս հասարակածի հարթակին մէջ: Հիւսիսային կիսագունդին համար այս կը նշանակէ, որ Յարդագողը կը ծագի եւ մայր կը մտնէ կամար մը գծելով հարաւային հորիզոնին վերեւ:
  5. Արարատը այդտեղ կը կոչուի «Աղրը Տաղը», որ կը նշանակէ «Ցաւի լեռ»: Եղանակի տարբերակներէն մէկը հասանելի է youtube-ի վրայ watch?v=IB5uNiQrn7A:

 

Նախորդը

Պիչ Վոլիպոլ. Միրվեթ Համզա-Միրնա Շէյխօ Զոյգը Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Յաջորդը

Շուշի՞ն…

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?