Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն…

April 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին: Խօսքը միայն պատերազմի օրերուն նահատակուած զինուորներու աճիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ` եկեղեցիներու, գերեզմաններու, մշակութային կոթողներու փճացման, հայութեան հետքերու ջնջումին մասին: Օր աւուր երկարող ցանկին դէմ, բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները… «մենք կ՛ըսենք` մենք կը լսենք» առաւելաբար:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մեր ու տեսնել ուզողներո՛ւ աշխարհի աչքերուն առջեւ: Արցախի մեծ մասին կորուստը սգացող հայութիւնը սուգ եւ մորմոք պատճառող թրքաբարոյ նոր «պարգեւներ» կը ստանայ օրը օրին:

… Հայաստանի իշխանական վերնախաւը փաստօրէն ինքզինք խզած է այս իրականութիւններէն եւ կը փորձէ ստեղծել երեւակայական աշխարհ մը` հայ զանգուածներն ալ հաւաքագրելով իր երեւակայածին փոխադրամիջոցին մէջ: Պէտք չունինք թուելու, թէ 27 սեպտեմբերին յաջորդող 44 օրերուն, ապա նաեւ յաջորդած 140 օրերուն թուրք-ազերիական «սխրագործութիւնները» ինչպիսի՛ ընթացք ստացած են ու նոր սպառնալիքներ կը կախեն մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն: Ասոնք իրականութիւններ են, վէճ ու… «կողմ» չեն ճանչնար: Սակայն, անդին, ընտրապայքարի ելած վարչապետը, Անվտանգութեան խորհուրդի իր օգնականը, արտաքին գործոց նախարարը (կէս բերան), «իմքայլական» երեսփոխաններ ու բազում խօսնակներ սկսած են նոր թափ ներարկել այն «փիլիսոփայութեան», որ թուրքն ու ազերին պէտք չէ դիտել իբրեւ թշնամիներ, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք անոնց հանդէպ մեր թշնամական կեցուածքը, կարծէք թէ Արցախը բռնադատողն ու նախայարձակը հայն էր, թէ` փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակումը պիտի ըլլայ 9 նոյեմբերի չնաշխարհիկ համաձայնագիրին նո՛յնքան չնաշխարհիկ բարիքներէն մէկը (ահա թէ ինչո՛ւ մարդը գաղտնի պահած էր զայն, որպէսզի այսպիսի հաճելի անակնկալնե՜ր ընէր հայութեան…):

Պետական հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ շարունակուող ոճրային քանդումները փակ աչքերով դիտողները նո՛յնքան ամուր փակած են իրենց ականջները` թրքական ու ազերիական այն սպառնալիքներուն դիմաց, որոնք կ՛ուղղուին Արցախէն մնացած պատառիկին, Սիւնիքին եւ այլ շրջաններու (Զանգեզուրը զէնքի ուժով գրաւելու Ալիեւի սպառնալիքը), որովհետեւ համոզուած են, որ եթէ թուրքին հետ բարեկամանաս, ան կը հրաժարի քեզ հալածելէ, Հայաստանն ու հայութիւնը իր համաթուրանական ծրագիրներուն թիրախ պահելէ (այսօր աշխարհի մէջ իսկ համաթուրանականութեան վերականգնումը սարսուռներ կը տարածէ, իսկ մենք, անոր առաջին թիրախը…): Փակ աչքերով ու ականջներով, սակայն լայն բերանով կը քարոզեն, որ ազերիական քարիւղն ու թրքական արտադրութիւնները բարի՜ք պիտի բերեն Հայաստանին (չարհամարհենք այն իրականութիւնը, որ իշխանութեան վերնախաւին ետին կանգնող եւ նման ծրագիրներ շահու աղբիւրի աչքով դիտողնե՛րն ալ հայ են…): Իսկ ո՜վ կարեւորութիւն կու տայ Արցախէն դէպի Գորիս նահատակներու աճիւնները փոխադրող ինքնաշարժին քարկոծումին պէս «մանրուքներու»…

***

Իւրաքանչիւր արեւածագի հասնող ԻՐԱԿԱՆ լուրերուն դիմաց, աւելի ու աւելի՛ ուժեղ կերպով կը հնչէ հարցումը. թուրքն ու ազերին (նաեւ` անոնց Արցախ բերած ոճրագործ խմբակները) դեռ քանի՞ եկեղեցի, յուշարձան-կոթող եւ գերեզմանաքար-խաչքար պէտք է քանդեն-փճացնեն, որպէսզի ամբողջ հայութիւնը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ եւ ուժգնօրէն շարժի Արցախի վերատիրացման ուղղութեամբ: Գիտենք, որ այս իշխանութիւնը նման քայլ պիտի չառնէ. վկա՛յ` թուրք-ազերիին հետ ա՛յս պայմաններուն մէջ բարեկամութեան էջ բանալու անոր քարոզչութիւնը: Հայաստանէն, Արցախէն մինչեւ սփիւռք, ո՞ր օրուան կը սպասենք, վերջ տալու ու հայութիւնը ստորնացնող, դէպի կործանում տանող «քայլական արշաւին», որպէսզի Երեւանի իշխանութեան ղեկին հաստատուին Հայաստանի ու հայութեան ազգային իրաւունքներուն, պահանջներուն նախանձախնդիր կարող մարդիկ, որ քանդուածն ու կործանածը իսկական, եւ ո՛չ թէ շինծու ու խաբեպատիր քայլերով վերականգնեն, ցարդ առաւելաբար մեր ներքին դաշտերուն մէջ հնչող ահազանգերը հասցնենք աշխարհին եւ նահանջի ենթարկենք թուրք-ազերի զինակցութեան ոճիրները:

«Պարտուած ենք. ի՞նչ կրնանք  ընել» մտածողութիւնը վայել չէ ո՛չ Սարդարապատ, ո՛չ ալ արցախեան ազատամարտեր իրականացնողներու ժառանգորդներուս: Այդ իրագործումները կեղծիք չէին, այլ իբրեւ իսկական յաղթանակ արձանագրուած են մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Ազերիական քանդումներուն դադարեցումը պարզապէս մեկնակէտն է արցախեան հողերուն վերատիրացման, անկէ անդին` մեզմէ խլուած բոլոր հողերուն պահանջատիրութեան կենսագործման, իսկ այսօրուան վայրէջքները «սպառման ժամկէտ»-ով չեն պայմանաւորեր մեր իրաւունքները: Չսպասենք, որ Շուշիի եւ արցախեան այլ շրջաններու մէջ հայութեան մշակութային ԲՈԼՈՐ ժառանգութիւնները ոչնչանան, ինչպէս եղաւ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեծագոյն բաժինին մէջ, նոյնը եղաւ Նախիջեւանի սահմանին, թուրքին գործակալները նոյն ձեռքերով հասան մինչեւ Տէր Զօր եւ Հալէպ, ինչպէս որ աւելի քան 40 տարի առաջ հասած էին Լիբանանի Պիքֆայայի բարձունքը եւ ականահարած` Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողը:

Հատ ու կտոր ուխտավայրեր հասնելու արտօնութիւնը շնորհ չէ, կարելի չէ բաւարարող պերճանք համարել: Կոթողին ու եկեղեցական կառոյցին չափ ու անոնցմէ աւելի` հրամայական է զանոնք գրկող-կրող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂ-երուն վերադարձը` սեփականատիրոջ:

30 մարտ 2021

Նախորդը

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.