Սփիւռքահայ Գրողներ
Յարութ Կիւլիւզեան
– Ի՞նչ է ծրագիրդ:
Ծրագիրս սփիւռքահայ վեց գրողներու` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Պօղոս Սնապեանի, Պէպօ Սիմոնեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ պատրաստել է: Իւրաքանչիւր գրողի պարագային, սկզբունքով, խօսք պիտի առնեն անոր ընտանիքի անդամներէն մէկը, գրչընկեր մը կամ գրականագէտ մը ու մտաւորական մը: Միջանկեալ պէտք է ըսեմ, որ կարգ մը գրողներու պարագային, ինչպէս` Ալիքեանի ու Մանուկեանի, առաջին բաժինը զանց պիտի առնուի` զանազան պատճառներով: Մենք ընտանեկան պարագաներու վկայութեանց ընդմէջէն պիտի ծանօթանանք յիշեալ գրողներուն կեանքին այն մտերմիկ մասին, որ կարելի չէ տեսնել անոնց գործերուն կամ հանրային կերպարին մէջ: Իսկ գրականագէտներ կամ գրչընկերներ հանգամանօրէն պիտի անդրադառնան անոնց գրական վաստակին ու հասարակական գործունէութեան: «Եութիուպ»-ի վրայ հրապարակուելիք իւրաքանչիւր տեսերիզ պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 30 վայրկեանի սահմաններուն մէջ. թերեւս ոմանք` աւելի երկար, իսկ ուրիշներ` աւելի կարճ: Անոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հնարաւորինս ամբողջական պատկերը ունենալ այս վեց գրողներուն, որոնցմէ ոմանք աւելի ծանօթ են մեզի, քան միւսները, բայց բոլորն ալ իրենց արժանի տեղը ունին սփիւռքահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակին մէջ:
– Ինչո՞ւ այս վեց անունները:
Նախ պէտք է ըսել, որ Անդրանիկ Ծառուկեան բոլորովին կ’առանձնանայ միւս հինգէն: Վերջ ի վերջոյ Ծառուկեան ընդունուած ու արդէն դասականացած գրող մը կը համարուի, իսկ միւսներէն իւրաքանչիւրին ներդրումը մեր գրական կեանքին մէջ ունի իր ուրոյն տեղը: Ինծի համար շատ կարեւոր էր այս ծրագիրով ուղղել հետեւեալ պատգամը. կարելի չէ անընդհատ զբաղիլ դասականներով ու անտեսել ժամանակակիցները: Թէեւ, ցաւօք սրտի, իմ ցանկիս մէջ եղող անուններէն ոչ մէկը կ’ապրի այսօր, եւ անոնց ժառանգութիւնը կը գտնուի մոռցուելու վտանգին տակ` այս լաբիւրինթոսային ու շատ արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ: Կան ժամանակակից բազմաթիւ ստեղծագործողներ, որոնք պէտք է իրենց կենդանութեան արժանանան մեր ուշադրութեան:
– Ինչո՞ւ նկարահանուած նիւթեր եւ ո՛չ` գրական աշխատանք:
Մեր այսօրուան իրականութեան մէջ տեսողական մշակոյթը կը գերիշխէ: Մարդիկ յաճախ կը խուսափին գիրքեր կարդալէ, ոչ թէ որովհետեւ հետաքրքրուած չեն, այլ` որովհետեւ հնարաւորութիւնը չունին երկար ժամեր տրամադրելու ընթերցանութեան, մանաւանդ որ իրենց ժամանակը պէտք է բաժնեն` բազմատեսակ տեղեկութեանց առնչուելու: Գաղտնիք չէ, որ տեսերիզով մը կարելի է շատ աւելի լայն շրջանակներու հասցնել մեր ձայնը, քան գիրքով: Եւ որովհետեւ նման հաղորդաշարի մը խիստ անհրաժեշտութիւնը կար, ուստի ես` որպէս հայագէտ ու գրականութեամբ սնանող մարդ, ուզեցի իմ ուսերուս վերցնել այս ծանր գործը, կատարել հետազօտութիւններ ու խմբագրական աշխատանքներ եւ հանրութեան ներկայացնել խիտ, գրաւիչ ու դիւրըմբռնելի նիւթեր: Շատ զարմանալի է, որ մինչեւ օրս Անդրանիկ Ծառուկեանի կշիռով գրողի մը մասին ո՛չ մէկ տեսերիզ կամ հաղորդում կայ «Եութիուպ»-ի վրայ, իսկ եթէ կայ, ապա հանրութեան հասանելի չէ ան: Կը կարծեմ, որ այս նիւթերը կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել ոչ միայն դպրոցական բարձր կարգերու, այլեւ համալսարաններու հայագիտական ծրագիրներուն մէջ:
– Ինչպէ՞ս կ’ընթանան ծրագիրիդ աշխատանքները:
Հեղինակներուն ընտրութիւնը կատարելէս ետք վերադարձայ իմ ընթերցումներուս: Առաջին հերթին կապ հաստատեցի զանազան անձնաւորութիւններու հետ` գրագէտ, գրականագէտ ու մտաւորական: Կարդացած ըլլալով հեղինակներուն գործերուն մեծ մասը, ինչպէս նաեւ` իրենց մասին յօդուածներ ու կարճ ուսումնասիրութիւններ, քիչ թէ շատ գիտեմ, թէ շուրջս ո՛վ կայ, եւ որո՛նք կրնան այս անուններուն մասին լուրջ խօսք մը ըսել կամ վկայութիւն տալ: Ցաւօք սրտի, օրերը այնպէս մը բերին, որ անոնցմէ շատեր ի վիճակի չեն իրենց ներդրումը ունենալու այս ծրագիրին մէջ: Ոմանք սիրով կ’ընդառաջեն առաջարկիս, իսկ ուրիշներ աւելի վերապահ են:
Որպէսզի բոլորը ի ձեռին ունենան ուղեցոյց մը ու գիտնան իրենցմէ պահանջուածը, ես անշուշտ իւրաքանչիւրին համար կը պատրաստեմ առանձին հարցարան մը: Անոնք, հիմք ունենալով վերջինս, իրենց քով կը կատարեն նշումներ, որպէսզի մինչեւ նկարահանումի օրը անոնք իրենց մտքին մէջ պատրաստած ըլլան իրենց ըսելիքը:
Հարկ է նշել, որ ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ նկարահան բարեկամս, որուն հետ միասին յետոյ պիտի խմբագրենք մեր նկարահանած նիւթերը: Կան այնպիսի դէպքեր, երբ նիւթերը պիտի ստանանք արտասահմանէն, այսինքն Լիբանանէն դուրս գտնուող ընտանեկան պարագաներուն, գրականագէտներուն ու մտաւորականներուն խօսքը պիտի արձանագրէ այս անգամ անոնց մօտակայքը բնակող արհեստավարժ ու փորձառու նկարահանող մը ու տեսերիզները յարմար միջոցով մը ղրկէ մեզի: Անկէ ետք անշուշտ մենք հոս պիտի կազմակերպենք խմբագրութեան գործերը:
– Ի՞նչ արժէք ունի այս ծրագիրը քեզի համար: Դուն ի՞նչ կ’ուզես ստանալ այս բոլորէն:
Ցաւով պէտք է նշեմ, որ մեր տեսողական մշակոյթը, (բացէ՛ք «Եութիուպ»-ը ու կը տեսնէք), տակաւին նոր-նոր կը ձեւաւորուի: Այսինքն կը մտնես «Եութիուպ»` սա կամ նա գրողին մասին նիւթեր փնտռելու. կա՛մ մէկ-երկու հատ, կա՛մ ալ ոչինչ կը գտնես: Հետեւաբար շատ կ’ուզեմ, որ այս ծրագիրը խթան հանդիսանայ ուրիշներու համար ալ: Անձնական մեծ գոհունակութիւն պիտի ապրիմ, եթէ տեսնեմ, որ մարդիկ ոչ միայն այս վեց գրողներուն կը ծանօթանան, այլեւ իրենք եւս ջանք կը թափեն` ուրիշներ յայտնաբերելու եւ անոնց մասին իրենց ձեռք բերած գիտելիքները բաժնելու ընթերցասէր հանրութեան հետ:
Ձեր ծրագիրը ե՞րբ հանրային պիտի դառնայ:
Սփիւռքահայ գրողներու մասին այս ծրագիրը իր յատուկ ալիքը պիտի ունենայ «Եութիուպ»-ի վրայ, ինչպէս նաեւ ընկերային տարբեր հարթակներու վրայ ներկայութիւն` սկսած օգոստոս 2021-էն:
————————–
Ես Յարութ Կիւլիւզեանն եմ, ծնած եմ 1997-ին, Պէյրութ: Նախակրթական ուսումս ստացած եմ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն: Յաճախած եմ Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը: Գիր ու գրականութեան հանդէպ ունեցած մեծ սէրս զիս առաջնորդած է դէպի Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժանմունքը, ուրկէ շրջանաւարտ եղայ անցեալ տարի: Որպէս ընդհանուր սրբագրիչ` պաշտօնավարած եմ ՌԱԿ-ի օրկան «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, իսկ ներկայիս կանոնաւոր աշխատակցութիւն կը բերեմ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին` ստորագրելով յօդուածներ, առաւելաբար` մեր գրական խնդիրներուն շուրջ:
Գիտահետազօտական հետաքրքրութիւններուս հիմնական կորիզը կը կազմեն հայ գրականութիւնն ու, զարմանալիօրէն, քերականութիւնը: Անոնց կողքին ի՛նքս կը գրեմ բանաստեղծութիւններ: Ազատ ժամերուս ընդհանրապէս կը զբաղիմ ընթերցանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, թէեւ ոչ ազատ ժամերս ձեւով մը նոյնպէս գիր ու գրականութեամբ կ՛անցնին. ահաւասիկ կեանքս` քանի մը տողերու մէջ: