Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայաստանը Մե՞րն Է

April 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Այս տարօրինակ հարցումը կ՛ուղղեմ հայրենի ժողովուրդի այն հատուածին, որ տակաւին Նիկոլի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-էն գինովցած` թմբիրի մէջ կ՛ապրի ու դեռ չէ արթնցած տեսնելու համար հայրենիքի արդի պատմութեան սեւ  էջը:

Երեք տարիներ առաջ համայն հայութեան երազներու հորիզոնին վրայ  ուրուագծուած ծիրանի գօտին հազիւ եռամսեակ մը ապրեցաւ, ոմանք շուտով անդրադարձան, որ  այդ ծիրանի գօտիի շքեղ գոյներուն տակ թաքնուած են «սեւն ու սպիտակ»-ը:

Ո՞ւր է այսօր խորհրդային եօթանասունամեայ կարգերու կապանքներէն ազատած 1988-ի այն սերունդը, որ  «Երեւանի մէկ միլիոն»-ը իրականացուց, «Արցախեան պահանջատիրութիւնը» որպէս կարգախօս հաստատելով` կերտեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յար եւ նման 1918-ի անկախութեան` թշուառ, աղքատութեան պատմուճանը հագած, սակայն` ազատատենչ իր ժողովուրդով:

Այդ պայմաններու մէջ ծնաւ սեպտեմբերեան անկախ մեր հայրենիքը երեսուն տարիներ առաջ` երկրաշարժի հետքերով, խորհրդային սնանկ վարչաձեւի ժառանգութեամբ «օժտուած»:

Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, ապրած ենք Արարատի շուրջ, ծովից ծով Հայաստանով, դարերու ընթացքին ունեցած ենք թագաւորութիւններ ու մայրաքաղաքներ` պատմութիւնը վկայ: Անդին` հազիւ հարիւրամեակ մը ինքզինք պետութիւն հռչակած բարբարոս եկուորները, տիրապետելով շրջանի հարուստ ընդերքին, կարողացան գնել համաշխարհային պոռնիկ քաղաքականութեան խամաճիկները ու անոնց թելերը բռնողները, այդ խամաճիկներու խումբին միացան «թաւշեայ յեղափոխութեան» անհայրենիք պետական այրերը, որոնց հայրենիքը միայն ու միայն իրենց գրպաններն են:

Եւ այսպէս, ականջալուր կը դառնանք, երանի թէ խուլ ըլլայինք եւ չլսէինք, «Շուշին տժգոյն քաղաք էր», «Քարվաճարը մերը չէ», «Շուռնուխը ազրպէյճանական է» արտայայտութիւններուն, որոնք մեծ պարտութիւնը արդարացնելու ձախող փորձերուն մաս կը կազմեն: Աւելի՛ն. «Խոնարհում եմ այդ ազգի առջեւ», «Իրենք լաւ թուրքեր են», «Չթշնամանանք»… խօսքերով` Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան, դրացնութեան եւ առեւտուրի հեռանկարներ երազողները, որոնց  անունները գրելն անգամ  կը պղծեն մեսրոպեան մայրենին:

Ժամանակը հասած է, որ մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնի եւ նշանաբան ընտրէ Ա. Ահարոնեանի պատգամը`

«Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ,

Զա՛րկ, երբ փակում են քո փառաւոր ընթացքը,

Զա՛րկ շարունակ… եւ այն ժամանակ, հաւատա՛, նահատա՛կ ժողովուրդ, արիւնարբու թշնամիդ անգամ ծունկ կը չոքի ու կը կոչի` ՅԱՐԳԱ՛ՆՔ ՔԵԶ»:

Այլապէս, հեռու չէ այն օրը, երբ ժողովրդային թմբիրը վերածուի մահաքունի, եւ յայտնուին հայախօս թուրքեր ու հարց տան` «Հայաստանը մե՞րն է»:

Ժընեւ                        

 

Նախորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Յաջորդը

Արցախեան 1001 Պատում. Ծիծաղ Եւ Ափսոսանք. Աղանդներու Եւ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու Դարաշրջան

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.