Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

April 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 27-ին` Թատրոնի միջազգային օրը, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» ամէնամեայ թատերական մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեանը եւ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը:

Յայտնենք, որ յոբելենական 20-րդ մրցանակաբաշխութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր Երուանդ Ղազանչեանի յիշատակին:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան` դիմելով բեմական արուեստի ներկայացուցիչներուն եւ թատրոնի նուիրեալներուն, ջերմօրէն շնորհաւորեց զիրենք Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով եւ մաղթեց անսպառ լաւատեսութիւն, աննահանջ կամք եւ գործի հանդէպ խոր ներշնչանք: Նախարարը կարեւոր նկատելով թատրոնի դերն ու նշանակութիւնը հանրութեան կեանքին մէջ` նաեւ մաղթեց, որ թատրոնը շարունակէ մարդկային եւ մարդասիրական արժէքներու, խաղաղութեան եւ մարդու հանդէպ յարգանքի հաստատման իր յաղթարշաւը:

«Չկայ առաւել հմայիչ եւ խորհրդաւոր ոլորտ, քան` մարդու մասին արուեստը: Թատրոնը մարդու հոգեւոր եւ հոգեկան աշխարհներու հետազօտման, անոր ծպտեալ եւ քողարկուած շերտերուն բացայայտման եւ գեղարուեստօրէն ներկայացման իրականութիւնն է: Այսօր ալ նաեւ հանրային տրամադրութիւններու յաղթահարման, լաւատեսութեան վերականգնման եւ նոր ապագայի կերտման հզօր խթանն ու գործիքն է: Մեծ է այսօր ձեր պատասխանատուութեան չափը, աննախադէպ է ձեր առաքելութիւնը», նշեց նախարարը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ թատրոնի նուիրեալները հետագային ալ պիտի շարունակեն իրենց գործը այն գիտակցութեամբ, ինչպէս կատարած է իր կեանքը թատրոնին նուիրած մեծավաստակ վարպետը` Երուանդ Ղազանչեանը:

Նշենք, որ մրցանակաբաշխութիւնը իրականացաւ Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան  աջակցութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ:

«Արտաւազդ – 2020-2021» թատերական մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերուն մէջ մրցանակներու արժանացան`

– Երուանդ Ղազանչեանի անուան յատուկ մրցանակ. Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սերգէյ Առաքելեան:

– «Լաւագոյն մանկական ներկայացում». «Շրջուած երազ», Հենրիկ Մալեանի անուան կինոդերասանի թատրոն, բեմադրիչ Նարինէ Մալեան:

– «Լաւագոյն երիտասարդ դերասանուհի».  Հռիփսիմէ Նահապետեան (Ժուլիեթ), «Ռոմէօ եւ Ժուլիեթ», Կ. Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոն, Մարիկա Դովլաթբեկեան (Պոյի ալտեր Էգոյի ալտեր Էգօ), «Սեւ կատուն», «Մեթրօ» թատրոն:

– «Լաւագոյն երիտասարդ դերասան». Նարեկ Բաղդասարեան, (Քորնիւտէ) «Փափլիկը», Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային» թատրոն, Դաւիթ Եղիազարեան – (Կրիմով), «N 6», Աբովեանի տրամաթիքական թատրոն:

– «Լաւագոյն երիտասարդ բեմադրիչ». Գոռ Մարգարեան, «12», «Անհատ» թատերախումբ:

– «Լաւագոյն երիտասարդական ներկայացում».  «Օնեկին», Կ. Ստանիսլավսկու անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոն, բեմադրիչ` Նորա Գրիգորեան:

– «Թատերարուեստին անբասիր ծառայութեան համար». Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Իրինա Մարչենքօ` Կ. Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոն, Հայաստանի  վաստակաւոր արուեստագէտ Բորիս Պեպանեան`   Յ. Պարոնեանի անուան  երաժշտական կատակերգութեան պետական թատրոն, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Արա Երնջակեան` Երեւանի պետական սենեկային թատրոն:

– «Լաւագոյն բեմագիր». Սառա Նալպանտեան,   «Յաղթանակի գենեզիս»:

– «Լաւագոյն սցենոգրաֆիա». Գարեգին Եվանգուլեան, «Թռիչք կկուի բնի վրայով», Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոն:

– «Լաւագոյն երաժշտութեան հեղինակ». Ջեմմա Մինասեան, «Սեւ կատուն», «Մեթրօ» թատրոն:

– «Լաւագոյն երկրորդական դերասանուհի». Հերիքնազ Բաղդասարեան (Վարազդատի մայրը), «Վարազդատ», Վանաձորի Յովհ. Աբելեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն:

– «Լաւագոյն երկրորդական դերասան». Անդրանիկ Զաքարեան (Չեզվիք), «Թռիչք կկուի բնի վրայով», Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոն:

– «Լաւագոյն դերասանուհի». Տաթեւ Ղազարեան  (Էլիզապէթ Ռուսէ), «Փափլիկը», Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային» թատրոն:

– «Լաւագոյն դերասան». Արման Նաւասարդեան  (Հեղինակ – Սագօ), «Լոռեցի Սագոն», Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային» թատրոն:

– «Լաւագոյն ռեժիսուրա». Նարինէ Գրիգորեան, «Լոռեցի Սագոն», «Փափլիկը», Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային» թատրոն,  Վահէ Շահվերդեան` «Անուշ», Վանաձորի Յովհ. Աբելեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոն:

– «Դատական կազմի յատուկ մրցանակ». «Լուսաբացից առաջ», Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան տրամաթիքական թատրոն, բեմադրիչ` Ռուզաննա Խաչատրեան: Գրողն է` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն, գրող Հերմինէ Աւագեանը, իսկ անիկա կեանքի կոչուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ:

– «Լաւագոյն ներկայացում». «Փափլիկը», Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային» թատրոն, բեմադրիչ` Նարինէ Գրիգորեան:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նշմար. Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.