Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատկական Պատգամ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ապրիլ 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրեցեա՛լ զաւակներ,

Եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Ներկայ աշխարհը վախի աննախընթաց օրեր կ՛ապրի այս օրերուս. ի մէջ այլոց, մարդկութիւնը կը հարուածեն ահռելի աղէտներ, որոնց նմանը չէր տեսնուած ցայսօր` ահ ու սարսափի մատնելով ամէնքը: Վախը կը տարածուի ամէն կողմ, «Քորոնա» կոչուած տիտղոս մը կրելով, ան կը հարուածէ ու կը փճացնէ իր անցքին վրայ ամէն ինչ, մահաշուք հիւանդութեամբ մը,  որ արագաքայլ կը յառաջանայ, կործանելով ամէն բան, լեռ ու ձոր, աղքատին տնակն ու հարուստին պալատը, առանց խնայելու ոչ ոք, եւ բիւրաւոր կեանքեր խլելով, ու ողջ մնացողները յուսալքումի մատնելով: Նորակերպ ջրհեղեղ մըն է կարծէք, որ կը խոյանայ յանկարծ, առանց ազդարարելու, կամ Սոդոմ Գոմոր մը, որ կը խոյանայ, չխնայելով ոչ մի մարդկային էակ, կամ Աստուծոյ մի նոր պատուհասը, որ կԲոչնչացնէ ամէն  ինչ որու հանդիպիգ կարծէք Աստուծոյ բարկութիւնն է որ ծայր տուած է ամենուրեք:

Այս աղիտալի վիակին մէջ ուր կը խորասուզուի ամբողջ արարչութիւնը, մենք, որ պատրաստուած ենք ցնծութեամբ տօնախմբելու քրիստոնէութեան ամէնէն հրաշալի տօնը, Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը մեռեալներէն, ուրիշ ելք չունինք եթէ ոչ յարել մեր յուսալից նայուածքը դէպի այն Քրիստոսը որ իր մահուանէն առաջ հռչակեց թէ պիտի մեռնի բայց պիտի յաղթէ մահուան. Գիտենք, թէ արդէն իսկ ան իրագործեց իր մարգարէութիւնը, որու ուժով վերստին կենդանացուց ինքզինքը եւ խոստացաւ կենդանացնել նաեւ ով որ այդ հաւատքին փարի, իր կեանքն իսկ զոհելով իր վկայութեամբ:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հարց տանք պահ մը մենք մեզի, թէ իրենց ատենին, երբ նման օրեր տեսան,     ի՛նչ  դիրք բռնեցին աշակերտները այդ դժուարին պահերուն: Գիտենք, որ անոնց մէջ ամէնէն խիզախը Պետրոսն էր, ինչպէս միշտ  յառաջ նետուողը: Ան խոստացաւ ցմիշտ հաւատարիմ մնալ իրեն: Երբ Յիսուս մարգարէաբար իր չարչարանքներուն ու մահուան մասին խօսեցաւ, Պետրոս, իր խօսելակերպով յայտարարեց թէ պիտի պաշտպանէր իր աստուածային Վարդապետը ամէն գնով եւ պիտի չթոյլատրէր որ դպչին իսկ անոր: Սակայն կացութիւնը փոխուեցաւ երբ յառաջ եկան Յիսուսի թշնամիները: Երբ հասաւ վտանգի պահը, Պետրոս ուրացաւ իր Տէրը եւ լքեց զայն: Կացութիւնը դեռ աւելի սաստկացաւ երբ չարչարեալ Քրիստոսի դէմ իր թշնամիները դիրք բռնեցին առ դէմ եւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ:

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սակայն հասաւ Յիսուսի Յարութեան ու փառքի օրը:

Պետրոս եւ բոլոր առաքեալները յարութեան զօրութեամբ զգեցած, գացին ամբողջ ծանօթ աշխարհը, աւետարանեցին համայն աշխարհը ու հիմնովին փոխեցին, ուսուցանելով Քրիստոսի վարդապետութիւնը: Գիտակցաբար, անոնք մարտիրոսութիւնը յանձն առին եւ աներկիւղ քարոզեցին մարդկութեան Քրիստոսի աւետարանին աւետիսը:

Դժոխքի դռները խորտակուեցան եւ երկինքի դռները բացուեցան բոլոր անոնց առջեւ որոնք ընդունեցան Քրիստոսի փրկագործական աւետիսը: Մահը պարտուեցաւ եւ դժոխքի պարիսպները քանդուեցան. «Ո՞ւր է, մահ, խայթոցդ», պոռաց Պօղոս Առաքեալը. «Ո՞ւր է, գերեզմանի յաղթանակդ»: Մահը, որ մարդկութիւնը իր ճանկերուն մէջ առած էր, Քրիստոսի մահուամբ խորտակուեցաւ:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ, մարդկութիւնը կը շարունակէ կրել արհաւիքի չարչարանքները: Մահը կը շարունակէ կեանքեր խլել, հիւանդութիւնը` չարչարանքները բազմացնել: Սակայն մեզի ներուած չէ յուսահատիլ, որովհետեւ ըստ իր խոստումին, պայքարին անպայման կը յաջորդէ յաղթանակը, տառապանքին` ուրախութիւնը: Շարունակենք պայքարը մինչեւ որ իրականանայ իր խոստումը:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Մենք այսօր, միասիրտ ու միաբերան եւ յոյսով լի, ամէնքս մեր ջերմ աղօթքները կը բարձրացնենք  մեր երկնաւոր Տիրոջ, հայցելով իր գթառատ ողորմութիւնը համայն մարդկութեան եւ յատկապէս մեր սիրելի հայրենիքին, Հայաստանին եւ Արցախին վրայ ու երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի, որ տալէ ետք համբերութեամբ կրելու շնորհքը, շնորհէ յարատեւութեան պարգեւը, գիտնալով որ,  իր խօսքին, «որ համբերեսցէ ի սպառ, նա կեցցէ»:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Նախորդը

«Քրիստոսի Հետ Պէտք Է Գերեզմանենք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Իր Յարութեամբ Դառնանք Նոր Մարդ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Երկու Դրուագ Քեսապի «Տայի» Ովսիա Սաղտըճեանէն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?