Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրիստոսի Հետ Պէտք Է Գերեզմանենք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Իր Յարութեամբ Դառնանք Նոր Մարդ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ նպաստաւոր պայմաններուն, Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 2 ապրիլ 2021-ին` Քրիստոսի թաղման արարողութեան, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ` հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին առնչուած դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով:

Թաղման արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս` շրջապատուած միաբան հայրերով: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին վեհափառը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` վեր առնելով Քրիստոսի թաղման իմաստն ու պատգամը: Ան ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդու փրկութեան համար: Նոյն նպատակին համար ան քարոզեց, հրաշագործեց, հալածուեցաւ, խաչուեցաւ եւ ապա յարութիւն առաւ: Մարդու փրկութիւնը կը պահանջէր մարդու վերամարդացումը` իր մեղքերուն թաղումով: Ահա այս նպատակին համար Քրիստոս թաղուեցաւ: Ան անմեղ էր, սակայն թաղուեցաւ մեր մեղքերը թաղելու եւ մեր մեղքերուն թաղումով մեզի վերանորոգ կեանք շնորհելու համար»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ի՞նչ է պատգամը Քրիստոսի գերեզմանին: Այսօր մենք չենք եկած Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ լալու, ողբալու եւ զինք յիշելու, այլ եկած ենք իրմէ խնդրելու, որ մեր մեղքերը իրեն հետ թաղէ, մաքրէ մեր կեանքը ու վերանորոգէ մեր մէջ ապականած աստուածային պատկերը: Այսօր եկած ենք Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, հաւատարիմ մեր Քրիստոնէական կոչումին` մեր մեղքերուն թողութիւն խնդրելու, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի մեղքին ու մահուան վրայ տարած Քրիստոսի յաղթական յարութեան շունչով»:

Արամ Ա. հայրապետական իր պատգամը եզրափակեց` կոչ ուղղելով մեր զաւակներուն, մօտենալու Քրիստոսի գերեզմանին եւ աղօթելու. «Ո՜վ տէր, մենք հաւատարիմ մնացինք առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը ըլլալու քու տուած շնորհքիդ: Մենք չեղանք Սողոս, այլ եղանք Պօղոս, քու հաւատքդ ապրող ու անոր մասին վկայող: Մենք չեղանք Յուդա` քեզ մատնող, այլ եղանք Յովհաննէս Առաքեալ` սիրով ու հաւատարմութեամբ կառչած քեզի: Այսօր մենք գերեզմանիդ առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը` ուխտը սիրոյ ու հաւատարմութեան»:

Թաղման աւարտին, վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի մասունքներուն մաս կազմող Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը պարունակող խաչով օրհնեց ժողովուրդը: Ապա, մինչեւ ուշ ժամեր, հաւատացեալները այցելեցին մայր տաճար եւ, մեր եկեղեցւոյ հին աւանդութեան համաձայն, ծաղիկներ առին գերեզմանէն` իրենց տուները տանելու, որպէսզի Քրիստոսի գերեզմանին խորհուրդով մաքրուին մեր տուները ամէն տեսակ ախտերէ, ցաւերէ, մեղքերէ ու հիւանդութիւններէ:

 

Նախորդը

«Մենք Եւս Սահմանուած Ենք Ժառանգելու Յարութեան Կեանքը, Եթէ Պատուած Ենք Մեր Մարմինները Հետեւելով Քրիստոսի Կեանքի Օրինակին» Հաստատեց Շահէ Արքեպիսկոպոս

Յաջորդը

Զատկական Պատգամ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?