Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտանց Պապաս (Կարօ Շահինեանի Յիշատակին)

Ապրիլ 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Ջարդէն վերապրած ուրֆացի Գէորգ Շահինեանին եւ այնթապցի Զարուհի Լիպարեանի վեց զաւակներէն երկրորդը Կարոն էր` պապաս: Ան ունէր լայն սիրտ եւ այդ ամբողջ սրտով սիրած էր` ընտանիքը, գերդաստանը, հայութիւնը, եկեղեցին, Դաշնակցութիւնն ու Լիբանանը:

Հակառակ բարեկեցիկ ընտանիքի պատկանելուն, հայրս` իբրեւ անդրանիկ որդի, պատանի տարիքէն կեանքի ասպարէզ սկսած է: Սրտանց, անվախ եւ անդադար աշխատելով` ան յաջողած է Ֆրանսայի հետ վաճառականութիւն հիմնել` չմոռնալով բարեսիրական գործերը:

Կարոյին կեանքին սէրը եւ ընկերը Մարոն էր: Պապաս սէրով լեցուցած էր իր երեք դուստրերն ու թոռները` մեզ կոչելով «Իմ աչքիս լոյսերը»: Մեծ էր անոր ցաւն ու տխրութիւնը, երբ ես ու քոյրս գաղթեցինք Լիբանանէն եւ հեռացանք իրմէ: Իր յուզումը կը փորձէր ծածկել` ըսելով. «Քոլոմպոսին եւ Ժաք Քարթիէին ի՛նչ ըսեմ, իմ երկու աղջիկներս առին ու տարին»:

Հակառակ անոր որ ճամբորդած էր Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, տեսած էր շատ բան, սակայն միշտ կը կրկնէր. «Լիբանանի պատշգամս ամբողջ աշխարհը կ՛արժէ»: Ո՛վ ինչ ալ ըսէր, ան անդրդուելի կը մնար իր կարծիքին եւ կը հաստատէր, որ Լիբանան աշխարհի լաւագոյն երկիրն էր: Լիբանանի նկատմամբ հօրս այս սէրը արմատացած էր անոր մէջ, հակառակ անոր որ 1978-ին Էշրեֆիէի մէջ պատահած պայթումին ատեն գտնուելով իր գործատեղին` ան մահացողներու ցանկին մէջ էր, բայց եւ այնպէս հրաշքով ողջ մնաց եւ շարունակեց կեանքը` մարմնին մէջ ռումբի կտորներով…

Հայրս կը սիրէր` հայոց լեզուն, գրականութիւնը, վէպերը, երգերը, ոտանաւորները, հեղինակները, բայց ամէնէն աւելի` հայոց պատմութիւնը, հերոսամարտերը, ֆետայիները: Իրեն համար աւելի քան հաճոյք էր իր թոռներուն կողմէ պատմական որեւէ դէպքի կամ դէմքի մասին ուղղուած հարցումը, որուն մանրամասն, ճշգրիտ եւ փաստացի տեղեկութիւններով կը պատասխանէր` պատգամներ ալ փոխանցելով:

Հայերէն գիրքն ու թերթը Կարօ Շահինեանի ամէնէն մտերմիկ ընկերներն ու մօտիկ բարեկամներն էին: Տան գրադարանին գիրքերը քանի՜ անգամ կարդացած էր` կարելի չէ հաշուել, երբ իրեն տանէի Համազգայինի որեւէ նոր հրատարակութիւն, յատկապէս` ազգային-կուսակցական նիւթերու մասին, նոյն վայրկեանին իսկ կը սկսէր կարդալ եւ հանգիստ չէր ունենար, մինչեւ հասնէր աւարտին, իսկ անկէ ետք մեր խօսակցութեան նիւթը կը դառնար անոր կարդացած այդ գիրքը:

«Ազդակ»-ի հաւատարիմ եւ մոլի ընթերցող էր, այն աստիճան, որ երբ «Ազդակ»-ը ձեռքը ըլլար, ոչ մէկ հարցումի կը պատասխանէր, կը սուզուէր թերթին մէջ եւ կ՛անջատուէր շրջապատէն: «Պա՛պ, «Ազդակ»-ը քեզի հաւատարիմ ընթերցողի շքանշան պիտի տայ, Քանատայէն եկած եմ` հետս չես խօսիր, թերթ կը կարդաս», կ՛ըսէի կատակով: Ան թերթերը շարելու իր ուրոյն ոճը ունէր, հին դեղնած թերթերու տրցակներ, ընտրուած յօդուածներ, էջեր կը պահէր, կը հանէր, կը կարդար, կրկին տեղը կը զետեղէր: Որքա՜ն նեղացաւ, երբ «Ազդակ»-ին էջաթիւը նուազեցաւ: Նոր ու հետաքրքրական յօդուածներուն էջերէն կը ծալէր թերթը, վրայ վրայի կը շարէր եւ յաճախ կը յանձնարարէր այս կամ այդ յօդուածը կարդալ, իսկ երբ ես ուզէի մտովին արագ ընթերցում կատարել, հարցումներ կ՛ուղղէր գրութեան մանրամասնութիւններուն մասին` ըսելով. «Հիմա բարձր ձայնով կարդա՛»:

Ան ոչ միայն ընթերցող էր «Ազդակ»-ին, այլ միշտ ալ առիթ կը գտնէր տարբեր ձեւերով իր սէրն ու կապուածութիւնը արտայայտելու թերթին նկատմամբ` քաջալերելով զայն եւ տարուած նուիրական աշխատանքը:

Հայ դպրոցին հաւատացողն էր Կարօ Շահինեան, այդ պատճառով ալ չզլացաւ ծառայել անոր` տարիներ շարունակ վարելով Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի խնամակալութեան ատենապետութիւնը:

Սրտանց ուրֆացի էր, այն աստիճան, որ մենք մեր մանկութեան-պատանեկութեան կը կարծէինք, որ բոլոր հայերը ուրֆացի են: Այս առումով եւս ան իր սէրը դրսեւորեց գործնական քայլերով` ըլլալով Ուրֆայի հայրենակցական միութեան բարերար:

Սրտանց ապրեցաւ եւ սրտին խոր ցաւով տառապեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն ի տես: Դիմատետրի էջերով եւս կը հետեւէր զարգացումներուն եւ իր գրառումներով հայոց պատմութենէն օրինակներ կը բերէր` խրատներ եւ խորհուրդներ տալով ներկայ իշխանաւորներուն, յուսալով, որ այդպէս կարելի կ՛ըլլայ աւելի լաւ ապագայ կերտել:

Կարօ Շահինեանի արեան մէջ կ՛եռային մարդոց նկատմամբ անսակարկ սէրն ու հայութիւնը. իւրաքանչիւրին ազգային երգ մը կ՛երգէր, իսկ իմս` «Զիմ Կիկոն» էր, զոր կ՛երգէր սրտանց, յուզումով եւ փոփոխութիւն մը կատարելով.

«Իմ Զանիին ի՞նչն էր պակաս,

Որ չեն գրեր ֆետայի»:

Պա՛պ, հիմա քու անուշ, խորունկ, հայու զուլալ ձայնդ ականջիս` կ՛երգեմ.

«Քու Զանիիդ դո՛ւն ես պակաս, իմ սրտա՛նց պապաս»:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ինքնադաստիարակուելու Եւ Նոր Ռազմահայեցակարգ Վերասահմանելու Ժամանակը

Յաջորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցներու Արձագանգը Պայտընի Ուղերձին

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?