Եւ այսպէս, առանց աղմուկի կը հեռանաս մեզմէ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս քու գիտակցական կեանքիդ մէջ եօթանասուն եւ աւելի տարիներ անաղմուկ ծառայեցիր մեր ժողովուրդին:
Դառն մանկութիւն ունեցար, բայց միաժամանակ եղար համբերութեան եւ յարատեւութեան բացառիկ օրինակ:
Բարձրագոյն ուսման արժանացար, բայց նախընտրեցիր ծառայել լիբանանցի ժողովուրդին` քու դեղարանդ հաստատելով հեռաւոր Սուրի մէջ, որպէսզի կարենաս բառին ամբողջական իմաստով «հասնիլ» իրաւազրկուած ու թշուառութեան մէջ տառապող լիբանանցիին:
Երիտասարդ տարիքիդ մուտք գործեցիր ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, քու բնորոշումովդ` «անսխալական» այս կուսակցութեան ճամբով ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր Դատին:
Դաշնակցութեան ծառայական առաքելութեան աստիճաններէն բարձրացար մէկ առ մէկ` Պէյրութի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան մէջ խմբապետի պարտականութենէն մինչեւ կոմիտէի անդամ, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ապա` ներկայացուցիչ, Ընդհանուր ժողովի պատգամաւոր թէ Բիւրոյի ընտրուած փոխանդամ, ու ապա քու պաշտած հայահոծ Պուրճ Համուտի անխոնջ քաղաքապետ:
Սիրելի՛ ընկեր Ցոլակ,
Դաշնակցական ծառայական ոգիդ ընդարձակեցիր քու շրջապատիդ մէջ այլ կառոյցներու ճամբով եւս` ՀՄԸՄ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւն, ԼՕԽ-ի բազմաճիւղ գործունէութիւն, Լիբանանի Ազգային իշխանութեանց անդամ եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Ազգային խորհուրդ, Ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան քարտուղար եւ դեռ` Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի առողջապահական հարցերու խորհրդատու եւ դեղագործներու սենտիքայի խորհուրդի քարտուղար:
Այսքան ընդարձակ, բազմաշերտ, ճիգ ու քրտինք պահանջող, ջիղ սպառող գործունէութեան տէր անձ մըն էր ընկեր Ցոլակը` դաշնակցական մեր ընկերը, իրա՛ւ ու գլխագիր ՀԱՅ մարդը:
Բայց այս բոլորը` առանց աղմուկի, առանց տրտունջքի, առանց ինքնագովութեան եւ ցուցադրամոլութեան:
Միշտ իր դէմքին քաղցր ժպիտով, քաղաքավար ու համբերատար ոճով, երբեմն նաեւ հաճելի հիւմըրով եւ բոլորին հետ ըլլալու, բոլորին հասնելու եւ բոլորը յարգելու անսայթաք վարուելակերպով:
Ու իբրեւ այդպիսին` յարգանքի արժանացաւ բոլորին կողմէ:
Լիբանանի հայութիւնը չի կրնար ուրանալ այն հիմնական դերակատարութիւնը, զոր ունեցաւ Ցոլակ Թիւթէլեան, երբ կուսակցական տարբեր պատասխանատուութեանց բերումով, Լիբանանի պատերազմի օրերուն ան ճիգերու առաւելագոյն լարումով ու իր ընկերներով գլխաւորեց հայութիւնը նուազագոյն վնասներով խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու պարտականութիւնը:
Գիտական մտքի տէր, ժպիտով ու քաղաքավարութեամբ ծանօթ մեր ընկերը անվարան կը վերածուէր վագրի, երբ պատերազմի հակահայ տարբեր զինեալ խմբակներ կը փորձէին թիրախ դարձնել լիբանանահայութիւնը:
Այն ատեն կը հանդիպէինք ընկեր Ցոլակին, միւս ընկեր Ցոլակին` անզիջող, խիստ, խիզախ, անվախ, իրաւունք պաշտպանող, նահանջ չճանչցող ընկ. Ցոլակին, որ կը մերժէր ամէն սպառնալիք, ամէն թափանցում, ամէն նենգափոխում եւ կը պարտադրէր Լիբանանի հայութեան կամքը, Դաշնակցութեա՛ն կամքը:
Իր տան ու դեղարանին ճամբան վաղուց արդէն մոռցած ընկեր Ցոլակ քաղաքի «Երեւանեան» ակումբը, «Սարդարապատ» թէ «Աղբալեան» ակումբները վերածած էր իր տան: Շատեր պիտի յիշեն, թէ ինչպէ՛ս կտոր մը սպունգի վրայ եւ սաւանի նմանող ծածկոցով քանի մը ժամ կ՛ուզէր քնանալ, յաջորդ օրերուն իր աշխատանքը շարունակելու համար:
Ոչ մէկ սպառնալիք ազդեց իր վրայ: Անհատապէս ինք դարձաւ հայանուն թէ այլ տարրերու մէկէ աւելի հարուածի թիրախ: Քանիցս իր հաստատութիւնը եւս դարձաւ խափանարարական արարքի թիրախ: Բայց ինք մնաց կանգուն, ամուր եւ աներեր:
Բծախնդրութեամբ եւ իր անձին հանդէպ խստապահանջութեամբ կատարեց իր աշխատանքները: Համբերութեամբ պատասխանեց հալածանքներուն, անտեղի վերագրումներուն, իր դաշնակցականի եւ հայավայել գործը արատաւորել ուզող բամբասանքներուն: Ու միշտ մնաց կարգապահ դաշնակցական զինուոր:
Ընկե՛ր Ցոլակ, դամբանականի քանի մը էջով չենք կրնար խօսիլ քու մասիդ:
Մեզի սորվեցուցիր աշխատանք:
Խթան եղար երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան:
Լուռ բարերար էիր ու հասար հարիւրաւոր կարիքներու եւ կարիքաւորներու:
«Ո՛վ է դաշնակցականը»-ի ամենամօտիկ տիպարներէն էիր վստահաբար:
Այո՛, տարբեր էիր ուրիշներէ: Այլ տեսակ էիր դուն:
Հիմա պիտի բաժնուիս մեզմէ, բայց մենք պիտի մնանք քեզի հետ:
Պիտի փորձենք քեզմէ մեր սորվածներուն գէթ մէկ մասը կիրարկել:
Քու ամբողջ կենդանի կեանքդ թող օրինակ մնայ, ուսանելի օրինակ` մեր բոլորին ու մեզմէ ետք եկողներուն:
Հանգիստ` քու յոգնաբեկ մարմնիդ:
Գնա՛ ու ննջէ՛ քու սիրելիներուդ մօտ եւ բազմահազար դաշնակցական ընկերներուս անունով փոխանցէ անոնց, որոնք մեզ կը դիտեն վերէն, երէկի քու ընկերներուդ, որ քու եւ քեզի նմաններուն ցանած սերմերը պիտի աճին, պիտի մեծնան, պիտի բազմանան, տկար ճիւղերը պիտի չորնան, սակայն կաղնին ամուր պիտի մնայ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Ցտեսութիւն ընկ. Ցոլակ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Դամբանական Խօսքը` Ցոլակ Թիւթէլեանի Թաղման