Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակը

Ապրիլ 28, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը` «Կը յիշենք Ցեղասպանութիւնը, կը սորվինք մեր մշակոյթը, կը պահենք ու կը բաժնենք մեր ժառանգութիւնը» նիւթով:

Ուրբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ մինչեւ շաբաթ,  24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի  մասնաճիւղերու  սկաուտները իրենց բոլոր խմբաւորումներով նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը: Անոնք իրենց մասնաճիւղի ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ հերթականօրէն տեղադրեցին իրենց պատրաստած յայտագիրները, որոնք երգի, պարի, նուագի, ասմունքի եւ դասախօսութիւններու միջոցով ներկայացուցին հայկական արժէքները, սովորութիւնները, մշակոյթն ու աւանդութիւնը:

Գոյատեւա՞ծ է ժողովուրդ մը առանց մշակոյթի ու աւանդութեան…

Հետաքրքրական էր լսել նաեւ մասնագէտ դասախօսներու կողմէ ներկայացուած նիւթերը. սկաուտները առցանց տեղեկացան մեր նախնիներէն ժառանգ մնացած  քանդակագործութեան եւ խաչքարի շինութեան արուեստի մասին, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են հայկական մշակոյթի գոյատեւման մէջ:

Յայտագիրներուն մէջ յատուկ տեղ գտած էին նաեւ հայկական աւանդական ճաշերու պատրաստութեան ձեւը, պարը, երգն ու երաժշտութիւնը, որոնք դասախօսական եւ գործնական կիրարկումներով մաս կը կազմէին առցանց յայտագիրներուն:

1250 սկաուտներ, 43 սկաուտական խումբերով, 35 առցանց աշխատանքներու ընթացքին ներկայացուցին իրենց պատրաստած յայտագիրները` հիւրընկալելով 18 մասնագէտ դասախօսներ:

Ուրբաթ, 23 ապրիլ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային  վարչութեան ներկայացուցիչը,  Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ, Շրջանային խմբապետութիւնն ու մասնաճիւղերու միաւորի եւ մասնաճիւղի խմբապետները այցելեցին Պիքֆայայի Եղեռնի նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղելով մէկ վայրկեան լռութեամբ   յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին  ու «Յառաջ նահատակ» քայլերգով անգամ մը եւս ուխտեցին եւ հաստատեցին, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, սերունդներ չեն մոռնար գործուած սպանդը  ու հաւատարիմ կը մնան անմեղ զոհերու արեան կանչին եւ յիշելով Ցեղասպանութիւնը կը պահանջեն եւ կը շարունակեն պայքարիլ յանուն Հայ դատի արդար յաղթանակին:

 

Իսկ շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի միաւորի խմբապետները այցելեցին Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղելով յարգանքի իրենց տուրքը եւս  մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու անմար յիշատակին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մոմավառութիւն, Ստորագրահաւաք Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր` Լէյլաւանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?