Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 29, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ
Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ֆրանսա

Փարիզ

 

Ապրիլ 24-ին, որ  Ֆրանսայի մէջ 2019 թուականէն ի վեր կը նշուի իբրեւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ գտնուող Կոմիտասի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Նախագահը հայերէն լեզուով ուղղած իր ուղերձին մէջ շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ պայքար մղել` յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Ըստ անոր` անցեալը յիշելն ու ճշմարտութիւնը ընդունիլը, նահատակներուն յիշատակը յարգելն ու ապրողներուն յիշողութիւնը թարմացնելը Ֆրանսային պարտքն է` կանխելու համար մոռացումը, ժխտումը, սուտը:

«Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով մեր միտքերը ուղղուած են դէպի զրկանքներ կրած Հայաստան: Մտովին հայ ժողովուրդին, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներուն եւ տեղահանուածներուն հետ եմ, որոնք ժամանակին հիւրընկալուեցան Ֆրանսայի մէջ, եւ որոնց ժառանգորդները կերտեցին մեր երկիրը: Մենք երբեք չենք մոռնար», յայտնեց Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ պատմութեան ընթացքին միշտ յանձնառու ըլլալով հայութեան կողքին կանգնելու` Ֆրանսա նաեւ յանձնառու է ներկային ու ապագային ալ նոյնը ընելու, մանաւանդ որ Հայաստան անցաւ տարածաշրջանը պատուհասած մահաբեր պատերազմի միջով, որուն ընթացքին չափազանց շատ արիւն հեղեցաւ:

«Յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան պայքարը, զոր Ֆրանսան ձեր կողքին մղած է եւ կը շարունակէ մղել, դադար պիտի չառնէ, որովհետեւ անիկա միայն հայերուն պայքարը չէ, անիկա Ֆրանսայի եղբայրութեան սկզբունքի հիմքը կը հանդիսանայ: Տխրութեան, բայց նաեւ յոյսի այս օրը, երբ միասին կը յիշենք մարտիրոսացած ժողովուրդին սոսկալի տառապանքները, Ֆրանսան ու Հայաստանը կը միաւորուին բարեկամութեամբ եւ եղբայրութեամբ», եզրափակեց Մաքրոն:

Ներկայ էին Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը:

Մինչ այդ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի հետ:

Լիոն

24 ապրիլին Լիոնի «Անթոնեն Պոնս» հրապարակին  մէջ տեղադրուած յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն: Նոյն օրը, Լիոնի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ:

Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններ` մասնակցութեամբ պետական եւ քաղաքային իշխանութիւններու եւ տեղի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն:

Սուրիա

* Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի տիրացու Նուպար Մելքոնեանի, Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, 23 ապրիլի երեկոյեան առաջնորդարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգի արարողութիւնը, իսկ 24 ապրիլի առաւօտեան ս. պատարագ ի յիշատակ Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Օրուան պատգամը յղեց հայր սուրբը, որ շեշտեց, թէ կը հաւատանք Աստուծոյ արդարութեան եւ կը հաւատանք, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը լսելի պիտի դառնայ, աւելցնելով, որ 24 ապրիլը տօնն է հայ ազգի յարութեան, որովհետեւ, ինչպէս Քրիստոս իր չարչարանքով, մահով եւ յարութեամբ կեանք պարգեւեց մարդկութեան, նոյնպէս Մեծ եղեռնի զոհերը իրենց նահատակութեամբ յարութիւն տուին հայ ազգին եւ մեր գոյատեւման երաշխիքը դարձան: Ան շեշտեց, որ պահանջատիրական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական արդար հատուցում: Ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ կասեցնել հայ ժողովուրդը իր յաղթական երթին մէջ, եւ որքան դժուար ըլլայ ճամբան, այնքան աւելի պիտի զօրանան մեր կամքն ու հաւատքը:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց:

* Կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ ջահերով աննախադէպ երթ` մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն, ՀՄԸՄ-ականներու եւ հարիւրաւոր երիտասարդներու:

Միացեալ Նահանգներ

 Լոս Անճելըս

Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ մարմինը (UACLA)` նկատի ունենալով համաճարակին պարտադրած սահմանափակումները, այս տարի կրօնական արարողութեամբ մը ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ` առաջնորդութեամբ համայնքին տարբեր յարանուանութիւնները ներկայացնող հոգեւորականներու:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ապրիլ 24-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:

Նոյն օրը յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀԵԴ-ի կազմակերպած բողոքի ցոյցը, հազարաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ` դատապարտելու համար Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի շարունակուող ջանքերը:

Պոսթըն

Ապրիլ 24-ին աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը` կատարելով քայլարշաւ մը «Պոսթըն Քամըն»-էն դէպի «Ժառանգութեան Այգի», ուր տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան ի յիշատակ յուշարձանը:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու Հայ երիտասարդականի անդամներ առաջնորդեցին քայլարշաւի մասնակցողները:

Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը շատ աւելի եռանդ ստեղծած էր ներկաներուն մօտ, որոնք իրենց խոր շնորհակալութիւնը յայտնեցին Սպիտակ Տան:

Գրեթէ մէկ մղոն քալելէ ետք, «Ժառանգութեան Այգի»-ի մօտ գտնուող յուշարձանին շուրջ սկսաւ օրուան յայտագիրը: Բացման խօսքը կատարեց ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան, որ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Ճօ Պայտընին, որ յանդուգն դիրքորոշում մը որդեգրած էր` ճանչնալով Ցեղասպանութիւնը:

Խօսք առնողներուն կարգին էր նաեւ Պոսթընի նախկին քաղաքապետ եւ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռէյմընտ Ֆլինն, որ զգացումով եւ յուզումով յայտնեց. «Առիթ ունեցած եմ Հայաստան այցելելու: Տեսած եմ, թէ որքա՜ն ցնցուած է նոր սերունդը: Անոնք որքա՜ն կը զայրանային, երբ շատեր չէին ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսօր, այլեւս յստակ է եւ աշխարհը քաջատեղեակ է, թէ ինչ պատահած է»:

Այս հաւաքին մասնակցողներու շարքին էր, նաեւ «Նիւ Ինկլընտ Փաթրիըց» ամերիկեան ֆութպոլի կազմի վարչական պատասխանատուներէն` Պերճ Նաճարեան, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Հայ դատին: Հաւաքին նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յունաստան

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-Ի Առաւօտեան Ժամը 10:00-Ին Յունաստանի Նախագահ Էքաթերինի Սաքելարոփուլու դափնեպսակ զետեղեց երկրի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին վրայ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու անմեռ յիշատակին:

Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներ: Հայկական կողմէ ներկայ եղան Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի հայոց Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ  Սերգօ Գույումճեան:

Որոշեալ ժամուն, զինուորական նուագախումբը տուաւ ազդանշանը, եւ նախագահը դափնեպսակը խոնարհեց դամբանին առջեւ, որմէ յետոյ հնչեց ոգերգը:

Ապա նախագահը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հարիւր վեց տարի կը բոլորենք մէկուկէս միլիոն հայերու հետեւողական բնաջնջումէն, որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ասիկա ողբերգութիւն մըն է, որ իր անջնջելի հետքը թողեց 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն, ցեղասպանութիւն մը, որ հարաւային Կովկասի մէջ ճզմեց քրիստոնէական բարգաւաճ կորիզ մը եւ գրեթէ ոչնչացուց հնամեայ ժողովուրդ մը:

«Այսօր, կը միանանք Յունաստանի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն հետ` պատուելու համար նահատակներու յիշատակը, բայց նաեւ` կորովը, արժանապատուութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը, որոնցմով հայերը դիմադրեցին այլասերումի եւ ստրկացումի վտանգը: Անոնց հետ միասին կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` ի խնդիր աշխարհէն խտրականութեան եւ հալածանքներու վերացման, ուր բոլորը պիտի կարողանան ապահով զգալ, անկախ իրենց ինքնութենէն, ծագումէն եւ համոզումներէն»:

Քանատա

Լաւալ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ Լաւալի Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ու կազմակերպութիւններու, 24 ապրիլին ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը  Լաւալի մէջ կանգնեցուած Մեծ եղեռնի յուշարձանին մօտ: Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի պարտադրած իրավիճակը, այս տարի եւս ոգեկոչումը կատարուեցաւ առցանց: Բայց եւ այնպէս յետմիջօրէի ժամերէն մինչեւ երեկոյ աւելի քան 1300 հայորդիներ, կրտսեր, պատանի ու տարեցներ, անձամբ ներկայացան մատուցելու իրենց յարգանքի տուրքը ի յիշատակ սուրբ նահատակներուն` յուշակոթողին առջեւ զետեղելով ծաղիկներ:

ՀՄԸՄ-ի Լաւալի սկաուտական կազմի տողանցքով սկիզբ առաւ միջոցառումը, որմէ ետք պատգամներ փոխանցեցին մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Հատիտեան եւ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արարատ Թորոսեան` ֆրանսերէնով: Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Սուրբ նահատակներու եկեղեցական պաշտօնական Բարեխօսական կարգի արարողութիւնը:

Քանատայի խորհրդարանի անդամներ, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամներ եւ պետական այլ պաշտօնեաներ եւս ներկայ գտնուեցան միջոցառման ու նոյնպէս յարգեցին յիշատակը Ապրիլեան Սուրբ նահատակներուն` զետեղելով ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ:

Արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ու Լաւալի եւ Մոնրէալի կոմիտէի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն իրենց կարգին զետեղեցին ծաղկեպսակներ:

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Միրնա Ֆուտուլեաի խօսքով:

 

 

 

 

Նախորդը

Պարի Մը Պատմութիւնը. Եարխուշտա

Յաջորդը

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումներն Ու Այցելութիւնները Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?