Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նկատառումներ` Արձանագրուած Քաղաքական Մեծ Կէտի Վերաբերեալ

Ապրիլ 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու այդ քայլը կատարած առաջին նախագահ` ապահովեց պատմութեան մէջ իր պատուական տեղը:

Երեք ազդակներ կարելի դարձուցին Հայ դատի համար արձանագրուած այդ յաջողութիւնը:

Առաջին` ամերիկահայութեան, մասնաւորաբար ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին ու յանձնախումբին երկարամեայ ժրաջան աշխատանքը եւ, հակառակ իրերայաջորդ նախագահներու խոստումնադրժութեան, ընկրկում, յուսաբեկութիւն մերժող անոր ամուր հաւատքը:

Երկրորդ` Սպիտակ տան ղեկավարը: ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան եւ այժմ Պայտընի կողմէ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավարի թեկնածու առաջադրուած Սամանթա Փաուըր «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ուաշինկթընի Ազգային տաճարին մէջ կրօնական արարողութեան ընթացքին, օրին փոխնախագահ եղող Պայտըն իրեն յայտնած է, որ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եթէ երբեք այդ մէկը կատարելու դիրքի վրայ ըլլայ: Այլ խօսքով, ան այդ քայլին դիմեց` մեկնելով անձնական համոզումէն ու պատրաստակամութենէն, ինչպէս նաեւ` իր տուած ընտրական խոստումէն:

Կատարուած պատմական քայլը, սակայն, կարելի չէ միայն անձնական կանխատրամադրուածութեան, արժանիքներու կամ ընտրական խոստումի կատարման նախանձախնդրութեան վերագրել: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-չճանչնալու հարցը ընտրական խոստումի, իմա` ներքին  քաղաքականութեան չի վերաբերիր միայն, այլ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, իմա` արտաքին քաղաքականութեան: Այստեղ երեւան կու գայ երրորդ ազդակը` Թուրքիոյ նախագահը:

Ամերիկեան վարչակազմը Միացեալ Նահանգներու նախագահի ապրիլքսանչորսեան տարեկան ուղերձէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ անանուն բանբերներու ճամբով շրջանառութեան մէջ դրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման պատմական քայլի հաւանականութիւնը` այդպիսով թրքական կողմին առիթ ընծայելով մինչեւ 24 ապրիլ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացնող հարցերէն առնուազն մէկուն մէջ զիջում կատարելու, որուն դիմաց Պայտըն հաւանաբար պիտի հետեւէր Միացեալ Նահանգներու խոստումնադրուժ նախկին նախագահներուն օրինակին ու իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ չօգտագործեր «ցեղասպանութիւն» եզրը: Բարեբախտաբար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը այնքան մեծամիտ ու յամառ է, որ մերժեց ամերիկեան կողմին առաջարկած գործարքը:

Այժմ երկու նկատառումներ` հրապարակուած հաղորդագրութեան ու անոր արժէքին մասին.

– Հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը խօսէր «Օսմանեան կայսրութեան» եւ «Օսմանեան իշխանութիւններու» մասին եւ կ՛ընդգծէր. «Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Մենք այդ կ՛ընենք ոչ թէ մեղադրելու, այլ ապահովելու համար, որ տեղի ունեցածը երբեք պիտի չկրկնուի»: Թուրքիոյ անուան բացակայութիւնն ու մեղադրանքի բացակայութեան մասին հաւաստումները ձախող փորձ մըն էին մեղմացնելու «վիրաւորանք»¬ը: Ատիկա թերեւս յաջողէր, եթէ Թուրքիոյ ղեկավարը նոր-օսմանական «սուլթան»¬ը չըլլար: Էրտողանի համար «Թուրքիա» կամ «Օսմանեան կայսրութիւն» նշումները իրաւամբ միեւնոյնն են: Փոխան Իսթանպուլի Կոսդանդնուպոլսոյ ուշագրաւ օգտագործումը իր կարգին չնպաստեց թրքական իշխանութիւններուն համար ուղերձին ունեցած «ժխտական» բնոյթի մեղմացման:

– Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմական ու քաղաքական մեծ  արժէք ու նշանակութիւն ունեցող զարգացում մըն է: Ի վերջոյ, Հայոց ցեղասպանութիւն ճանչցողը Երրորդ աշխարհի երկիրի մը խորհրդարանը չէ, այլ` աշխարհի միակ գերտէրութեան նախագահը: Արձանագրուած պատմական դէպքը կը պատկանի քաղաքականութեան ոլորտին, եւ ոչ թէ` պատմաբանութեան: Հայ ժողովուրդին համար անիկա Հայ դատի լուծման ի նպաստ արձանագրուած քաղաքական ու քարոզչական կարեւոր կէտ մըն է, եւ ոչ թէ` պատմական հաստատում մը, որուն կարիքը չունինք:

 

 

Նախորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցներու Արձագանգը Պայտընի Ուղերձին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Սակաւ Ու Թանկագին Արեան» Հետքերով

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?