ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քարէն Եփփէի մասին գրուած են քանի մը գիրքեր` դանիացի գրողներու կողմէ:

Այդ գիրքերէն մէկն է` «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը. կեանք մը, կանչ մը», հեղինակութեամբ Քէյթ Ղոյստա (դանիացի գրող), տպագրուած` 2013-ի մայիսին, դանիերէն լեզուով:

Քարէն Եփփէ իր կեանքի ընթացքին գրած է գիրք մը` «Միսաք», որ 2015-ին անգլերէնի թարգմանուած է J. Kauffeldt-ի կողմէ «Misak, An Armenian life» անունով: Գիրքը հիմնականօրէն կը խօսի իր որդեգրած զաւկին` Միսաքի մասին:

Դանիացի ժողովուրդը յաւերժացուցած է Եփփէի ծառայական գործունէութիւնը` փորագրելով անոր անունը յիշատակի խոշոր ժայռի մը վրայ եւ զետեղելով այդ ժայռը Քարէն Եփփէի ծննդավայրին մէջ:

Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնութիւնը կ՛առնէ եւ խաչքար մը կը զետեղէ այս յիշատակի ժայռին մօտ:

Քարէն Եփփէի կիսանդրին նաեւ զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի մուտքին:
Քարէն Եփփէ իր կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերու փրկութեան գործին: Ան գնահատելի ժառանգութիւն թողած է իր սիրած հայերուն` հող, ապրուստ եւ ապագայ, իսկ իր հիմնած գիւղերէն վեցը գոյութիւն ունին այսօր: Ան իր մահէն առաջ հայանուէր փրկարար աշխատանքները դրած է ամուր հիմերու վրայ:

Հայ ժողովուրդը զինք կոչած է` «Հայ որբերու պահապան հրեշտակը»:

Իր մահէն 12 տարի ետք, 1947-ին Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի եւ առաջնորդին` Զարեհ եպս. Փայասլեանի ջանքերով Քարէն Եփփէի հիւղաւաններու կալուածին վրայ կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:
Զարեհ եպիսկոպոսին խնդրանքին ընդառաջ երթալով` Դանիական բարեսիրական միութիւնը հայ ազգին կը նուիրէ 10.000 քառ. մեթր տարածութեամբ մեծարժէք հողը, որուն վրայ այրիանոցի համեստ բնակարաններ կային: Այս կալուածին վրայ կը հաստատուի Ազգային Ճեմարանը Քարէն Եփփէ անունով` ի գնահատութիւն եւ յերախտագիտութիւն մեծ հայասէրին չարչարագին ծառայութեանց հանդէպ հայ ժողովուրդին: Ուստի հալէպահայութիւնը բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ ականատես ըլլալու Քարէն Եփփէ ճեմարանի բացման:

Ճեմարանի բացման հանդիսութեան նախագահած է Սուրիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Այսօր Հալէպի մէջ շատ կան երկրորդական վարժարաններ` անգլիական, ամերիկեան, ֆրանսական կրթարաններ, սակայն անոնք չեն պատրաստեր ճշմարիտ եւ գիտակից հայ հանրային մարդը, որուն այնքան պէտք ունի այսօր գաղթահայութիւնը` ազգային իր գոյութիւնը անաղարտ ու ապահով պահելու համար հազար ու մէկ յորձանքներու, փոթորիկներու դէմ: Հայ ծնողներու վրայ կը ծանրանայ պարտականութիւնը գիտակցելու այն անփոխարինելի դերին, զոր կոչուած է կատարելու հայ երկրորդական վարժարան մը` վաղուան հայ մայրերն ու հայրերը պատրաստելու համար»:

Տարիներ ետք Ճեմարանի հին հիւղաւանները կը քանդուին եւ կը կառուցուի արդիական ճեմարանը: Ան կը գործէ մինչեւ այսօր:
Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութիւնը դրական արձագանգ գտած է հայկական սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ: Սփիւռքի հայութիւնը ուրախութեամբ ընդունած է հալէպահայութեան այս մեծ իրագործումը:

Քարէն Եփփէ ճեմարանը սոսկ դպրոց մը չէ եղած, այլ` հայակերտումի եւ մարդակերտումի լուսաւոր կեդրոն մը: Ան եղած է ազգային ոգին մարմնաւորող կրթամշակութային միջնաբերդ մը: Հոն հայ աշակերտին փոխանցուած է ազգային դաստիարակութիւն, համապարփակ ուսում եւ կրթութիւն:
Ճեմարանը սփիւռքահայութեան իրականութեան մէջ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ բախտորոշ եւ վաւերական ներկայութիւն եւ մեծ դերակատարութիւն` ազգապահպանման սրբազան գործին մէջ:
Ճեմարանը տուած է հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնք այսօր կը գտնուին Սուրիոյ եւ սփիւռքի զանազան հայահոծ կեդրոններու մէջ եւ կը գործեն հանրային, կրթական, եւ մշակութային ու այլ բնագաւառներու մէջ: Անոնք մեծ ներդրում ունեցած են հայապահպանման սրբազան գործին մէջ: Ճեմարանը տուած է սփիւռքին բազմահազար ուսուցիչներ, մտաւորականներ, նշանաւոր ազգային գործիչներ եւ հրապարակագիրներ:
Քարէն Եփփէ ճեմարանը հիմնադրութենէն մինչեւ օրս արժանացած է Սուրիոյ հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին եւ իրերայաջորդ ազգային իշխանութիւններուն ամբողջական հոգատարութեան եւ նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան: Հալէպահայութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է Ճեմարանի գոյութեան, յարատեւութեան, վերելքին եւ բարգաւաճումին` հաւատալով նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անոր անժխտելի դերակատարութեան:
Փա՛ռք ու պատիւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին:
Յաւերժ խաղաղութիւն` հայ որբերու պահապան հրեշտակ Քարէն Եփփէի հոգիին:
Մոնրէալ, 20 յուլիս 2020
(Շար. 2 եւ վերջ)
———————-
Օգտագործուած աղբիւրներ`
- Հայրունի, Աշոտ Ն., «Վէմ» համահայկական հանդէս, հոկտեմբեր-դեկտեմբեր 2017 եւ յունուար-մարտ 2018, Երեւան:
- Հայկական ուսումնասիրութիւնների Անի կեդրոն, «Քարէն Եփփէ` նրա ջանքերով գերութիւնից ու ստրկութիւնից փրկուել է 2000 հայ կին», Երեւան:
- «Ռատիօ Վատիկան», հայերէն հաղորդում, «Քարէն Եփփէն եւ հայ որբուկները», 13 յունիս 2019:
- Karen Jeppe Վիքեբետիա հանրագիտարան:
- Jeppe, Karen, «Misak, An Armenian life» (Gomidas Inst. 2015), translated, edited and introduced by J. Kauffeldt:
- Garivo network, «Karen Jeppe, a righteous woman for the Armenians».
- Eva Lous, «The Danish peace academy, Karen Jeppe, Denmark’s first peace philosopher», 2003.
- UWC, Dilijan College, «Karen Jeppe, Danish missionary and social worker».
- Matthias Bjenlund, Karen Jeppe, AAGE Meyer Bene-dictsen and the Ottoman Armenians, National survival in imperial and colonial settings, Danish institute for study abroad, January 2008.