Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ինքնադաստիարակուելու Եւ Նոր Ռազմահայեցակարգ Վերասահմանելու Ժամանակը

Ապրիլ 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդի լիակատար ոչնչացումն ու հայաջնջումը Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակարգերու կողմէ կանխամտածուած ու ծրագրուած ռազմաքաղաքական հայեցակարգ է, որ ժամանակի տարբեր հանգրուաններուն գործադրուած է հայ ցեղը զանգուածային սպանդի ենթարկելու յաջորդական արարներով. 1894-1896 համիտեան կոտորածներով, 1909 թ. Ատանայի ջարդով, 1915-1923 թ. Հայոց ցեղասպանութեամբ, 1918 թ. Պաքուի հայերի կոտորածով, 1920 թ. Շուշիի ջարդերով, 1988 թ. Պաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի հայութեան ջարդերով, 1992 Մարաղայի կոտորածով:

Հայ ազգը ֆիզիքապէս անէացնելու նպատակներուն զուգահեռ, հայութեան մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Արեւմտահայաստանի եւ Ազրպէյճանի բռնակցուած հայկական պատմական հողատարածքներու վրայ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք շարունակական բնոյթ կրած է:

Հայ ազգի պատմութիւնը կազմաքանդելու նպատակ ունենալով` թուրք-ազրպէյճանական հակահայ ու հայատեաց քարոզչութիւնը նոր թափ ու ծաւալ ստացած է յատկապէս վերջին տարիներուն: Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան յառաջիկայ մարտահրաւէրներէն կը հանդիսանայ հակաքարոզչական այս արշաւը: Պայքարը երկու ճակատի վրայ մղելու պարտադրանքին տակ գտնուելով` գալիք փուլը պիտի ըլլայ վճռական, ուր դիւանագիտական աւելի ազդեցիկ մարտավարութիւն դրսեւորող կողմը յաղթական դուրս պիտի գայ ճակատումէն:

Այս ուղղութեամբ, անհաւասար ուժերով կայացող առճակատման ծանր բաժինը տասնամեակներէ ի վեր իրենց ուսերուն վրայ վերցուցած են աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերը, որոնք թրքական եւ ազրպէյճանական հակաքարոզչական յորձանքը ետ մղելով` վճռական հարուածներով քանդած են ուրացման եւ լռութեան պատը:

Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրները համազօդուած են Հայկական հարցին հետ: Օսմանեան վարչակարգերէն մինչեւ քեմալական հանրապետական Թուրքիոյ վարչակարգերը ֆիզիքական սպանութեան, հարկադիր դաւանափոխութեան ու ձուլման ճամբով բռնաճնշման ու ցեղային զանգուածային սպանդներու ենթարկուած են Թուրքիոյ հայ, քիւրտ, ասորի, յոյն, ալեւի ազգային փոքրամասնութիւնները:

Միջազգային հանրութիւնը այսօր պէտք է յստակօրէն ըմբռնէ, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտումը կը խրախուսէ ապագայ ցեղասպանութիւն իրագործողները, եւ որ` Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելիութիւնը երբեւիցէ կասկածի չի կրնար ենթարկուիլ:

Հայկական հարցը Հայաստանի պատմական բնօրրանի ազատագրման, Հայկական Բարձրաւանդակին տարածքին վրայ հայոց պետականութեան վերականգնման, հայրենազրկուած ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման հարց է, որուն զուգահեռ, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական այսօրուան իրավիճակի մէջ Հայաստանի անվտանգութեան համար ամրակուռ երաշխիք է:

Հայկական հարցի լուծման մէկ բաղադրիչը կազմող Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացը ծանր հարուած ստացաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական վարքագծի հետեւանք` 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի զիջումնային դիրքորոշմամբ: Ոչ հեռու անցեալին Հայաստանի վրայ պարտադրուող հայ-թրքական արձանագրութիւնները մերժած հայ ժողովուրդը դժբախտաբար կորսնցուց այն էական խարիսխը` Արցախը, որուն համար մղուած ազատագրական պայքարն ու երեք տասնամեակներու վրայ երկարող ինքնանկախութիւնը սկզբնակէտ եւ զսպանակող ներուժ դարձած էր Հայկական հարցի լուծման մերօրեայ հանգրուանին:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պայմանաւորուած է Անգարայի կողմէ առանց նախապայմաններու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ անոր յաջորդող նիւթական հատուցումներու իրաւական պարտաւորութիւններու ստանձնումով:

Գերխնդրի հանգուցալուծման պարտադրուող բոլոր մնացեալ փորձերը հայութեան ազգային գոյատեւելիութեան խափանման ուղղուած արկածախնդրութիւններ են, որոնց որոգայթներուն մէջ այսօրուան Երեւանի իշխանութիւնները սկսած են կլանուիլ արդէն:

Արցախեան պատերազմէն ետք Հայաստանի աշխարհառազմավարական վիճակը ծանր հարուած ստացած է եւ բարոյահոգեբանական բեկման ենթարկած` համայն հայութիւնը: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմաշխարհագրական գերակշռութեան ներկայ պայմաններուն մէջ հայկական կողմին առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ պաշտպանողական նոր հայեցակարգի մը վերընձիւղումը, որպէսզի կորսուած ճակատամարտէն ետք շարունակուող պատերազմի յաջորդ արարին պատրաստ ըլլան իր ինքնապաշտպանական պատուարները:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան Փոքր Ասիոյ կեդրոնական տարածքին մէջ ազգային հաւաքականութիւններու` հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրագործուած ցեղային սպանդներն ու ցեղասպանական բռնարարքներու վախճանական նպատակը միատարր ազգաբնակչութեամբ ու թրքացեղ հատուածներու միացումով փանթրքական ծրագրի գործադրութիւնն էր, որուն անմիջական շարունակութիւնն է այսօրուան ստեղծուած իրադրութիւնը: Այսօր արդէն բռնագրաւուած Շուշիի մէջ կը հիմնուին փանթրքական գաղափարախօսութեան դրօշակիր ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան կրթական օճախներ: 100 տարի առաջ փանթրքականութեան ծրագիրներու իրականացման համար օրակարգի վրայ էր հայութեան բնաջնջումը, նոյն օրակարգն է, որ կը շարունակուի 100 տարի ետք, անդրկովկասեան աշխարհատարածքի հայաջնջման ծրագրով: Թրքական այս ռազմավարութեան յաջորդ թիրախը դէպի Կեդրոնական Ասիա Անգարայի յառաջխաղացքին սեպ հանդիսացող Սիւնիքն է:

Ցեղասպանութենէն 106 տարի ետք ազգովին կը գտնուինք ճակատագրորոշ դժուարին հանգրուանի մը սեմին, երբ բազում որոգայթներու իբրեւ հետեւանք` կորսնցուցած ենք ճակատամարտ մը: Սակայն պատերազմը կը շարունակուի, եւ այս պատերազմի յառաջիկայ ժամանակահատուածին մեզ էականօրէն անհրաժեշտ է արցախեան վերջին առճակատումի պատճառահետեւանքներէն ինքնադաստիարակուիլ, վերակազմակերպուիլ, դիւանագիտական նոր ռազմագիծերը վերաճշդել եւ գոյապայքարի մարտավարական նոր աշխարհայեացք ու ռազմահայեցակարգ վերասահմանել:

23 ապրիլ 2021թ.

 

Նախորդը

Ինքնաշարժներու Երթ` ԼԵՄ- ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Սրտանց Պապաս (Կարօ Շահինեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?