Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համակրանք Եւ Յարգանք

April 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալին, եթէ դպրոցի տնօրէնի մը, ուսուցիչի մը, միութեան ատենապետի մը, վարչականի մը, կուսակցական ղեկավարի մը կամ կրօնաւորի մը հետ խօսէինք, որոշ ամօթխածութեամբ, մտածելով, հաշիւ ընելով, տեղ-տեղ վախնալով, տեղ-տեղ հանգամանքը նկատի ունենալով է, որ կ՛արտայայտէինք մեր միտքերը, կը ներկայացնէինք առաջարկներ ու կարծիքներ եւ ըստ այնմ քննադատութիւններ կը կատարէինք:

Կը յիշեմ, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ էի, շաբաթ օրերը թէեւ մեր ժողովը ժամը 4:00-ին կ՛ըլլար, բայց ժամը 2:00-էն «Սարդարապատ» կ՛երթայինք: Եթէ պատահէր, որ ակումբ մտնէր դպրոցի տնօրէն մը, ուսուցիչ մը, կոմիտէի անդամ մը, բոլորս կը լռէինք կամ յաճախ ոտքի կ՛ելլէինք:

Աւելի ուշ, Ճեմարանի Հայագիտականի տարիներուն, պրն. Տասնապետեանի ծխախոտին հոտն իսկ մեզ կը զգաստացնէր, որ մօտեցած էր եւ պիտի գար: Ուսանողներս ըստ այնմ մենք մեզ կը պատրաստէինք:

Նման տասնեակ օրինակներ կարելի է յիշել` յարգանքի, համակրանքի եւ կարգապահութեան իբրեւ դրսեւորում:

Այսօր, մեր օրերուն, երբ ակումբ մտնէ կուսակցական բարձրագոյն պաշտօն ունեցող ընկերոջմէ մինչեւ ուսուցիչ մը կամ տարեց կուսակցական մը, ոչ ոք տեղէն կը շարժի կամ արտայայտութիւն կ՛ունենայ: Ներկաները կը շարունակեն հեռատեսիլ դիտել, թղթախաղն ու զրոյցները իրենց բնական ընթացքով կը շարունակուին:

Նոյնպէս, եկեղեցիներու մէջ, թաղումներու ընթացքին, ձեռնարկներուն կամ պարզ հրաւէրներուն ալ յարգանքի եւ ակնածանքի այս տարրական դրսեւորումները ամբողջովին մէկդի դրուած են, ոչ ոք ուրիշը հանդուրժելու, դիմացինին նկատմամբ պատշաճօրէն վերաբերելու, ինքզինք յարգելու եւ յետոյ ալ դիմացինը յարգելու պարտաւորութեան եւ գիտակցութեան տակ կը դնէ իր անձը:

Այսօր մարդիկ կրնան համակրանք ունենալ այս կամ այն անձին նկատմամբ, սակայն բնաւ յարգանք չունին:

Կրնան յարգանք ալ չունենալ այս կամ այն անձին նկատմամբ, սակայն բնաւ կարգապահ ալ չեն ըլլար:

Ազատութեան եւ համաշխարհայնացման մեր դարու բարիքներէն մէկն ալ այս է դժբախտաբար: Յարգանքի եւ կարգապահութեան օրակարգը:

Մեր կեանքին ու առօրեային մէջ բնական դարձած են մարդիկ անտեսելու, չյարգելու եւ, ազատ արտայայտութեան պիտակին տակ, ամէն տեսակ անկրթութիւն կատարելու երեւոյթներն ու դրսեւորումները, որոնք արտօնուած կը նկատուին զանոնք կատարողներուն կողմէ:

Անշուշտ, այս առումով, մեծ աւեր գործած են ընկերային ցանցերը, ուր կեղծ անուններով կամ ուղղակի` յականէ անուանէ  գրառումներով զիրար վիրաւորելու եւ արժէքներու կարմիր գիծը շրջանցելու անվերականգնելի քանդումներ տեղի կ՛ունենան:

Այսօրուան քանդումներուն եւ աւերակներուն վրայ նոր արժէքներու համակարգ կառուցելն ու մեկնարկ ստեղծելը շատ դժուար պիտի ըլլայ:

Արժէքները կարեւոր են, զանոնք պահպանելը անհրաժեշտութիւն է, արժէքները պէտք է շարունակուին: Այս առումով ալ նոր սկիզբ դնելու պահը եկած է:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Նշումին Դիմաց

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.