Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայ Պատմաբանները Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Լաւատեսական Հիմքեր Չեն Տեսներ
Թուրքիոյ կողմէ պետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ ցեղասպանական շարունակական քաղաքականութիւնը դիմագրաւելու քայլերուն եւ այդ բովանդակութեան մէջ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն անդրադարձած են Հայաստանի գիտական, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, պատմաբանները եւ թրքագէտները, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ կլոր-սեղանի ձեւաչափով կայացած քննարկման ընթացքին:
«Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագրով քննարկման նիւթին արդիականութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան:
«Եթէ փորձենք հայ-թրքական յարաբերութիւնները վերլուծել Հայոց ցեղասպանութեան բովանդակութեան մէջ, պիտի տեսնենք, որ Թուրքիան միշտ փորձած է օրակարգէն հանել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եւ յարաբերութիւնները ի վնաս մեզի կառուցել», նշեց Մելքոնեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեանի խօսքով, Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը թոյլ չտալու եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու քայլերէն են` հայկական քաղաքական-գիտութեան, պետական քաղաքականութեան կարեւորութեան գիտակցման, կազմակերպուածութեան մակարդակի բարձրացումը եւ համապատասխանացումը հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական աստիճանին:
Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան տասնամեակներ շարունակուող ժխտողական քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Ռուբէն Մելքոնեան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման լաւատեսական հիմքեր չի տեսներ:
«Մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որ ո՛չ միայն իրականացուցած է Ցեղասպանութիւնը, այլեւ` հաստատութենական մակարդակով, նախագահական հաստատութեան հովանաւորութեամբ ժխտման քաղաքականութիւն իրականացուցած է», նշեց Մելքոնեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանի համոզումով, Թուրքիան վտանգ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հայոց ազգային եւ պետական անվտանգութեան, այլ նաեւ` ինքնութեան:
«Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ տեղի ունեցող գործողութիւնները, ըստ էութեան, մեր ինքնութեան հարուած հասցնելու նպատակ ունին», ըսաւ Սաֆրաստեան: Ան աւելցուց, որ այսպիսի պայմաններու մէջ պէտք է զօրացնել ազգային ինքնութիւնը եւ Հայկական Լեռնաշխարհի սահմաններու մէջ հայոց պետականութիւնը վերականգնելու հարցը դնել:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ սերունդներու յիշողութեան ամրապնդման եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին դասաւանդման կարեւորութեան մասին:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Ընտանիքներուն Հետքերով» Խորագրով Ցուցահանդէս
«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ ապրիլ 21-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ընտանիքներու հետքերով» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան, ուր ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու, այդ կարգին նաեւ թանգարանի աշխատակիցներու ընտանիքներուն պատմութիւնները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով շրջանառութեան մէջ կը դրուին, եւ որոնց հետ կ՛ուղեկցուին թանգարանի ֆոնտերու մէջ պահուող բնօրինակ բացառիկ իրեր` լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, ընտանեկան մասունքներ եւ այլ նիւթեր: Ներկայացուած են նաեւ հատուածներ` Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու տեսաձայնագրութիւններէն: Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ արդէն երրորդ-չորրորդ սերունդն է, ու շատ բան մոռցուած է, եւ այժմ փորձ մը կատարուած է ներկայացնելու` երեք տասնեակ ընտանիքներու մեզի հասած պատմութիւնները:
«Այդ պատմութիւնները մեզի հասած են ե՛ւ Հայաստանէն, ե՛ւ այլ երկիրներէ: Կարելի է ըսել, որ ասիկա առաջին թանգարանային ցուցադրութիւնն է, որ այսքան մեծ ծաւալով կը ներկայացնէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու պատմութիւնները: Կը յուսամ, որ այս մօտեցումը կ՛ունենայ իր շարունակութիւնը: Որպէսզի նոր սերունդը հասկնայ, թէ ի՛նչ եղած է 100 տարի առաջ, պէտք է ծանօթանայ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ճակատագիրին», ըսաւ Յարութիւն Մարութեան:
Յայտնենք, որ ցուցադրութեան ներկայ էին Միացեալ Նահանգներէն, Կիպրոսէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ եկած, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած վերապրողներու ժառանգները, որոնք անձամբ ներկայացուցին իրենց ընտանիքին անցած դժուար ուղին: Ցուցադրութեան հեղինակ Սեդա Պարսամեանի խօսքով, այդ ընտանիքները թանգարանի հիմնադրումէն առ այսօր կիսուած են իրենց ծանր պատմութիւններով, վստահած եւ ի պահ յանձնած են ընտանեկան մասունքներ` փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ, յուշեր, լուսանկարներ եւ այլն:
«Աւելի քան մէկ դար հեռաւորութենէ յառաջացած այս վկայութիւնները եզակի են` ուրուագծելու համար այն պատմական իրադարձութիւնները, որոնք նախորդեցին, ուղղորդեցին եւ յաջորդեցին Հայոց ցեղասպանութեան: Այս ցուցադրութեան ընտանիքներուն պատմութիւնները կը ներկայացնեն Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքը իր բոլոր դրսեւորումներով եւ ծանր հետեւանքներով: Այդ պատմութիւնները միեւնոյն ժամանակ կը բացայայտեն նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը` անհատի մակարդակով», նշեց Սեդա Պարսամեան: Վերապրած ընտանիքներէն մաս մը հասարակ քաղաքացիներ էին, ուրիշներ իրենց գործունէութեամբ, մասնագիտական հմտութիւններով լուրջ ներդրում ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան զարգացման գործին մէջ: Բոլորին ճակատագիրները միահիւսուեցան մէկ ընդհանուր ողբերգութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեամբ: Քիչ թիւով մարդիկ կրցան վերապրիլ այս արհաւիրքը, տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն, բնօրրանէն, սփռուեցան աշխարհով մէկ եւ նոր կեանքի հիմք դրին օտար ափերու վրայ: Ուրիշ մեծ գերդաստաններէ կրցած են փրկուիլ մէկ կամ երկու հոգի միայն, սակայն անոնք յաղթահարելով արհաւիրքը` իրենք զիրենք վերագտած են եւ շարունակողը դարձած են իրենց բնաջնջուած գերդաստանին:
Ցուցադրութեան բացման զուգահեռ, տեղի ունեցաւ ներկայացուող ընտանիքներէն մէկուն` մալաթիացի Թեւեքելեան ընտանիքին պատմութեան նուիրուած գիրքին շնորհահանդէսը:
Տեղեկացնենք, որ այս ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 10 սեպտեմբեր:
Մուշեղ Իշխանի Նուիրուած Ձեռնարկ` Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ապրիլ 21-ին Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած գիտաժողովի զեկոյցներու շնորհահանդէս:
«Մեր մերժուած, բանտարկուած, արտաքսուած մշակոյթը այսօր մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը չէ: Խօսքը Լեւոն Շանթի, Մուշեղ Իշխանի, Համաստեղի, Օշականի եւ ուրիշներու մասին է, մշակոյթ մը, որ ինքնին կը բանայ մեզի համար կարեւոր ժամանակաշրջան մը, ի մասնաւորի` արեւմտահայ կեանքը». իր խօսքին մէջ նշեց «Դրօշակ»-ի խմբագիր, Համազգայինի խորհուրդի անդամ, արձակագիր Արտաշէս Շահբազեան, Մուշեղ Իշխանի նուիրուած գիտաժողովի զեկոյցներու շնորհահանդէսի ընթացքին:
«Մեզի համար 19-րդ դարու երկրորդ կէսը եւ 20-րդ դարու սկիզբը պատմական շրջափուլ է, անկիւնադարձային ժամանակահատուած: Եկաւ Խորհրդային Միութիւնը, դրաւ երկաթէ դարպասներ, ըսաւ` կռիւ, բախում, ամէն ինչ վերջացաւ, եւ այդպէս պահեց 70 տարի: Բայց եթէ 700 տարի ալ պահէր, միեւնոյնն է, այդ ամէնը նորէն պիտի վերադառնար, որովհետեւ պատմութիւնը, որ արհեստականօրէն ընդհատուած էր, նորէն պէտք էր զարգանար», նշեց Արտաշէս Շահբազեան:
Ըստ բանախօսին, այս ճանաչողութիւնը մեզի համար նաեւ մշակութային, ազգային քաղաքականութեան հարց է: «Բոլորիս մտքին մէջ այսօրուան դառն իրականութիւնն է, եւ թերեւս տասնամեակներ պիտի փորփրենք, պիտի փնտռենք այն հարցումին պատասխանը, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, թերեւս նաեւ այսպէս եղաւ, որովհետեւ մենք մանկապարտէզէն, դպրոցէն պետականօրէն չդրինք ազգային դաստիարակութեան հարցը: Սերունդի անդաստիարակ, հակազգային տեսակը ինչպէ՞ս եկաւ, դարձաւ մեր կեանքին տէրը եւ փլուզեց մեր երկիրը, մեր իրականութիւնը, մեր երազները, մեր հեռանկարները», նշեց Արտաշէս Շահբազեան:
Պատմութեան Թանգարանը Մեկնարկեց «Մասունքներ, Որ Լուռ Չեն» Խորագրով Խորհրդանշական Առցանց Ցուցահանդէս
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը առցանց մեկնարկեց «Մասունքներ, որ լուռ չեն» խորագրով ցուցադրութիւնը: Թանգարանը ցուցադրութիւնը նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին:
Ցուցադրութեան ծիրին մէջ Պատմութեան թանգարանը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջով ներկայացուց լուսանկար, որուն մէջ պատկերուած է կոպելեն (մինտար)` կնոջ պատկերով:
«Մինտարը գործուած է գաղթի ճանապարհին, 1915-1918 թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստան (հեղինակը` պ. Գրիգոր, ծնեալ Կեսարիա, 1851-53 թուականին): Թանգարանին նուիրած է Երանուհի Հայտոսթեան (Գերմանիա): 1933 թուականին Գրիգորը Պէյրութի մէջ մինտարները վաճառած է Կ. Գաւանճեանին` տուն վարձելու համար գումար ստանալու նպատակով»: Այս մասին գրած է լուսանկարին կից զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Խաչատուր Աբովեանի Տուն-Թանգարանի Մէջ` Աբովեանական Օրեր
Վերջերս Խաչատուր Աբովեանի բացօթեայ գրադարանին այս տարուան աշխատանքներուն մեկնարկը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ: Թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան կարեւոր նկատեց բացօթեայ գրադարանի գործունէութիւնը յատկապէս համավարակի պայմաններուն մէջ, որովհետեւ այս ձեւաչափով կարելի է առաւել անվտանգ միջավայրի մէջ հաղորդակից դառնալ մշակութային արժէքներու եւ գրական-երաժշտական ձեռնարկներու: Ան յատկապէս շեշտեց ընթացիկ տարուան մեծ յոբելեանը` «Վէրք Հայաստանի» պատմավէպին ստեղծման 180-ամեակը, որուն նուիրուած պիտի ըլլայ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի այգիին տարուան ամբողջ գործունէութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին կողմէ տպագրուած երեք գիրքերուն շնորհահանդէսը. ներկայացուեցան Վարդգէս Ահարոնեանի, Յովհաննէս Թումանեանին, Անդրանիկին եւ Րաֆֆիին նուիրուած գիրքերը: Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան մեծապէս կարեւոր նկատեց յատկապէս մեր օրերուն ազգային, հայրենասիրական արժէքներու սերմանումը երիտասարդութեան մէջ, նշեց, որ կարելի եղածին չափ շատ պէտք է մօտենանք գրականութեան, մեր մեծերուն պատգամները դարձնենք առաջնորդող: Թանգարանի բարեկամուհի Ճուլիեթա Սահակեան նոյնպէս ներկայացաւ իր «Հայրենիքիս հողը» նորատիպ գիրքով: Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի այգիին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Զարդարուեստի արհեստագործական ուսումնարանի սաներու կողմէ պատրաստուած գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցադրութիւն: Նոյն վայրին մէջ հնչեցին Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին բացառիկ ձայնագրութենէն հատուածներ` Սուրէն Քոչարեանի ընթերցումով: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Քրիսթինէ Աւետիսեանի կիթառի կատարումներով:
Յայտնենք, որ Խ. Աբովեանի տուն-թանգարանի այգիին մէջ այսուհետեւ պարբերաբար պիտի կազմակերպուին բացօթեայ ձեռնարկներ` մնայուն կերպով վառ պահելով աբովեանական պատգամները եւ հայրենասիրական ոգին:
Ռոպերթ Ամիրխանեանի Երաժշտութիւնը, Մտքերը, Յիշողութիւնը Ամփոփուեցան` «Սիրտն Իմ» Անուան Նոր Ժապաւէնին Մէջ
Ապրիլ 20-ին Երեւանի մէջ կայացաւ «Սիրտն իմ» անուան նոր ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը` նոր փաստավաւերագրական կարմիր գիծով, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած է երգահանին արցախեան համերգը, ճանապարհորդութիւնը դէպի Արցախ:
Այս ժապաւէնը Ռոպերթ Ամիրխանեանի մասին առաջին ժապաւէնը չէ: Առաջին ժապաւէնը նկարահանուած է մօտաւորապէս կէս դար առաջ: Ըստ Ամիրխանեանի դստեր, Աննա Խաչատրեան-Ամիրխանեանի, ժապաւէնը ամփոփումն է այն կէս դարուն, որուն ընթացքին լոյս աշխարհ եկան երգահանին ստեղծագործական վերելքները, ապրումները: Ժապաւէնին ստեղծման գաղափարը յառաջացաւ 2019-ին եւ կը նախատեսուէր ցուցադրել արդէն 2020-ի մայիսին, սակայն տարբեր-տարբեր պատճառներով ցուցադրուեցաւ աւելի ուշ:
«Ժապաւէնին մէջ կարմիր գծով անցաւ իր արցախեան նուագահանդէսը, որ կայացաւ պատերազմէն ուղիղ 1 տարի առաջ: Նուագահանդէսը ունէր շատ կարեւոր խորագիր` «Այստեղ Հայաստանն է»», ըսաւ Խաչատրեան-Ամիրխանեան:
Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած են այդ նուագահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները: Իսկ թէ ինչո՛ւ կը կոչուի «Սիրտն իմ» խորագրով, այդ մասին բացատրեց Ամիրխանեանի դուստրը: «Սիրտն իմ»-ը հօրս երգն էր, որ գրած էր 80-ականներու կէսերուն, սակայն մոռցուած էր, բայց մենք վերականգնեցինք զայն: Նշեմ, որ առաջին անգամ ձայնագրուեցաւ եւ առաջին անգամ հնչեց ժապաւէնին մէջ», ըսաւ Աննա Խաչատրեան-Ամիրխանեան:
Ժապաւէնի բեմադրիչ Հայկ Մկրտչեան նշեց, որ նախքան նկարահանելը` քննարկած են զանազան տարբերակներ: Օրինակ` ներգրաւել տարբեր հերոսներ: «Սակայն հասանք այն եզրակացութեան, որ ժապաւէնին մէջ հիմնական հերոսը պէտք է մնայ ինքը: Ժապաւէնին մէջ գերիշխողը հիմնականօրէն ան է: Ես փորձած եմ 52 վայրկեանի մէջ ներկայացնել մայեսթրոյին ստեղծածը», յայտնեց Մկրտչեան եւ խոստովանեցաւ, որ Ամիրխանեանը հրաշալի հերոս է:
«Ժապաւէնը ընդամէնը կեանքի պատուհանէն նայող տեսարան մըն է, ուր կայ հաւատացեալ մարդու հոգեւոր կեանքին նկարագիրը»: Ռոպերթ Ամիրխանեան ժապաւէնը այսպէս բնութագրեց: Ան տեղեկացուց, որ շուտով պիտի պատրաստուի հետաքրքրական համերգային ծրագիրներու շարքի: Ամիրխանեան նշեց նաեւ, որ համավարակի շրջանին գրած է 15-20 երգ, որոնց մէջ կան ճափոնական հոկկուներու հիման վրայ գրուած երգեր, իտալերէն երգեր, հայ բանաստեղծներու լաւագոյններու ստեղծագործութիւններուն վրայ գրուած մեղեդիներ եւ անոնք առաջին անգամ հնչեցին:
Ներկայացուեցաւ նաեւ «Խոստովանանք» եռահատոր գիրքը: Անոնց մէջ ամբողջական ձեւով ի մի բերուած է Ամիրխանեանի արուեստը: Առաջինին մէջ ներկայացուած են` անոր ստեղծագործութիւնը, յիշողութիւնները, լուսանկարները, հոգեւոր երգերը: Երկրորդ եւ երրորդ հատորներուն մէջ ներկայացուած են անոր անտիպ երգերը, որոնք նոր կը հրապարակուին:
Հաղորդենք, որ ժապաւէնը նկարահանած է «Օրդեր ֆիլմ փրոտաքշըն»-ը, ժապաւէնին բեմագրութեան հեղինակներն են Պաւել Սելինը, Օլկա Մայակովան, արտադրողը` Հայկ Օրդեանը: