Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Սակաւ Ու Թանկագին Արեան» Հետքերով

April 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գործ` Արա Ազատի

… Թուական` 9 ապրիլ 1916:

Վայր` Սորպոնի համալսարան, Փարիզ:

Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տարելիցի սեմին, յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ այդ օր` «Ի պատիւ Հայաստանի» նշանաբանով. մասնակցեցան հայութեան սերտ բարեկամներ: Անոնց կարգին էր բանաստեղծ, վիպագիր եւ քննադատ Անաթոլ Ֆրանս (1844-1924), որ բեմ բարձրանալով` կարճ խօսեցաւ, սակայն միտքերն ու ապրումները խոր ու ազդեցիկ էին:

Յատկապէս նախավերջին պարբերութեան մէջ ան կ՛ըսէր. «Հայաստանը մահուան սեմին է, բայց պիտի վերածնի: Մնացած սակաւ ու թանկագին արիւնը ծնունդ պիտի տայ հերոս սերունդի մը: Այն ազգը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր»:

Ժամացոյցին սլաքներուն նստած` անցեալէն փոխադրուինք ներկայ:

Թուական` մարտ – ապրիլ 2021:

Վայր` Երեւան:

Ակնթարթ մը մէկդի դնենք Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած արհաւիրքը, Եռաբլուրի բարձունքին պարզուած դժնդակ իրավիճակն ու դեռ աւելի ահաւորը` գերեվարուած, կորսուած, անգտանելի ու անվերադարձ զինուորներու ստեղծած ծանր կացութիւնը, կեդրոնանանք` կիզակէտ ունենալով Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, զրոյցներն ու զեկուցումները, եւ անոնց զուգահեռ` քանի մը իրադարձութիւն:

Հոս է, որ հայորդին կ՛այլայլի, կը զայրանայ եւ կը բորբոքի…

Ի տարբերութիւն հայամէտ Անաթոլ Ֆրանսի եւ այլոց (Փիեռ Քիար, Ժան Ժորես եւ դեռ շարքը երկար է), Ազգային ժողովի անդամ թրքամէտ երիտասարդ «գիտուններ» բարի դրացնութեան (միաժամանակ` հայ – թուրք եւ հայ-ազերի) նոր էջ բանալու կիսատ-պռատ առաջարկներ կը կատարեն, հայեացքներ կը ներկայացնեն` իրենք զիրենք յոյն հանճար Արքիմետէսը նկատելով եւ կարծելով, որ անոր հռչակաւոր «Էվրեքա»-ն («Ես գտայ») կը կրկնեն, այսինքն գիւտ մը կատարած են:

Գի՞ւտ, մտայղացո՞ւմ, թէ՞ զառանցանք ու ցնդաբանութիւն:

Յիշատակելի այլ վիճակ մը ստեղծուեցաւ նոյն օրերուն, երբ Պաքուէն Երեւան վերադարձաւ իբր թէ գերիներ փոխադրող… դատարկ օդանաւը, իսկ նոյնինքն Պաքուի մէջ Իլհամ Ալիեւ բացումը կատարեց հայոց դէմ ցեղասպանական նորագոյն արարքին` Արցախի վերջին պատերազմին նուիրուած «յաղթանակի թանգարան-պուրակ»-ին: Այս բոլորին կարծէք թէ անհաղորդ` Հայաստանի պարոն վարչապետը ազատ ու համարձակ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ կ՛եզրակացնէր, որ Արցախի վերակառուցման գործը լաւ կ՛ընթանայ, եւ որ` պատերազմին զոհերուն թիւը չորս հազար է… «յիսուն աւելի, յիսուն պակաս»…

Հայաստանին ու հայութեան ուղղուած ազերիական աղաղակող վարկաբեկումներէն ետք հայը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ այն որոտընդոստ ծափողջոյնները, որոնք կրկին ու կրկին որոտացին Ազգային ժողովի սրահին մէջ` նոյնինքն վարչապետին հլու կամակատար «իմքայլական»-ներուն կողմէ: Ինչպէ՞ս կարելի է զոհերուն թիւին մասին խօսիլ այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ կարծէք թէ մեր նահատակները անհոգի ապրանք ու առարկայ են: Ներողութեան հայցի հազար արտայայտութիւն չի կրնար ծածկել այս անմարդկային ու սնանկ մտածելակերպը, որ յար եւ նման է ալիեւեան տրամաբանութեան:

Այս բոլորը տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի սեմի՛ն:

Ներկայ իշխանաւորները, ազգային արժանապատուութենէ պարպուած ու սնանկացած «գիտնականները» թող լա՛ւ գիտնան, որ նման տեսակէտ, մօտեցում եւ հայեացք դատապարտուած են ձախողութեան:

Անաթոլ Ֆրանս շա՛տ աւելի լաւ ճանչցած է Հայաստանն ու հայորդին` անոր զոհաբերութիւնն ու չմեռնելու կամքը: Անոր նկարագրած «ՍԱԿԱՒ ՈՒ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ԱՐԵԱՆ» ՀԵՏՔԵՐՈՎ Հայաստանն ու Արցախը պիտի վերածնին եւ վերաշխուժանան, որքա՛ն ալ որ սայթաքին իշխանութեան ղեկին նստողները, մեղսակից կրաւորականութիւն պահեն զանոնք հովանաւորողները, անոնց առջեւ խոնարհողները:

Նախորդը

Նկատառումներ` Արձանագրուած Քաղաքական Մեծ Կէտի Վերաբերեալ

Յաջորդը

Պայտընի Յայտարարութեան Լոյսին Տակ – Ա. – Ամերիկեան Բուրգին Գագաթը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.