Գործակցաբար Եւրոպական Միութեան Եւ ՄԱԿ-ի Միաւորներուն Հետ. Եզակի Նախաձեռնութեամբ Մը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Վերյիշեցուց Բնակիչներուն Տրամադրուած Թէժ Գիծին Մասին
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միաւորներուն, չորեքշաբթի, 26 եւ հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ Պուրճ Համուտի զանազան փողոցներուն մէջ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց շրջանի բնակիչներուն, որ քաղաքապետութիւնը իրենց կողքին է ու պատրաստ է...




















