Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական. Հայ Ժողովուրդի Մայիսը Կերտող Երախտաւորներուն Նուիրուած Կարեւոր Հրատարակութիւն Մը

Մայիս 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Նոր հրատարակութիւն մը գրախօսելէ առաջ անհրաժեշտ է ընթերցողը լուսաբանել անոր   լոյս ընծայումի շարժառիթը:

Գեղարուեստական երկ մը չէ հալէպահայ մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը, այլ` յուշամատեան մը:

Աւօ Գաթրճեանը ճանչցած եմ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի մէջ ստորագրած զանազան  յօդուածներէն: Զիս տպաւորած է եղելութիւնները    լայն հորիզոնի վրայ, բազմակողմանի տեսանկիւններէ դիտելու եւ վերլուծելու   լայնախոհ մտաւորականի անոր խղճմիտ մօտեցումը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորին մէջ Աւօ Գաթրճեան, իբրեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի  արտայայտութիւն, կը գնահատէ Սարդարապատի հերոսամարտին յաղթանակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  հռչակումը: Հատորին մէջ  բազմաթիւ առիթներով, յատուկ շեշտաւորումով  կ՛ընդգծէ համայն հայ ժողովուրդին դերակատարութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան ամենայատկանշական եւ կարեւորագոյն երկու իրադարձութիւններուն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը համապարփակ ու կարեւոր ուղեցոյց մըն է հայ ժողովուրդի  նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրող հայ պատմաբանին, ուսանողին, ընթերցողին եւ  հասարակութեան համար:

Աւօ Գաթրճեան ընթերցողին տրամադրութեան տակ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ յաջողած է դնել մեր պատմագիրքերէն, դպրոցական  դասագիրքերէն բացակայող հայ ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային այդ օրերու  ժամանակագրութիւնը: Ան միաժամանակ ի մի բերած է Հայաստանի անկախութիւնը կերտող  երախտաւորներու կենսագրութիւնը, յաջողած է   ընթերցողին, ապագայ սերունդներուն փոխանցել անոնց պատգամը, որ յատկապէս այս օրերուն համազգային մտածողութեան ահազանգ մըն է  մէն մի հայու:

Աւօ Գաթրճեան «Ազդակ» պաշտօնաթերթի աշխատակից մը ըլլալու հանգամանքը վերջինիս  տնօրէնութիւնը եւ խմբագրութիւնը մղած է  հատորի տեսքով ընթերցողին մատուցել իր աշխատակիցին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները:

Հատորին նախաբանին մէջ «Ազդակ»  պաշտօնաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան կը գրէ. «Աւօ Գաթրճեանի այս աշխատասիրութիւնը սփիւռքի տարածքին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններու ամէնէն ամբողջականն է, մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն պայծառ էջը լոյսին բերող»: Արդար  գնահատութիւն:

Ես պիտի աւելցնէի, թէ որքա՜ն բախտաւոր է Աւօ Գաթրճեան, «Ազդակ» պաշտօնաթերթի տնօրէնին եւ գլխաւոր խմբագիրին կողքին պետական երեսփոխան, հասարակական  գործիչ Յակոբ Բագրատունիի նման անձնաւորութեան մը   ներկայութեան, որ սիրայօժար ստանձնած է  հատորը լոյս ընծայելու նիւթաբարոյական  պարտականութիւնը, ի յիշատակ իր ծնողքին` Յակոբ եւ Անահիտ Բագրատունիներու:

Վերադառնամ հատորին եւ հեղինակին:

Բանասէր Աւօ Գաթրճեան երեք ենթամասերու  բաժնած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» աշխատասիրութիւնը` հարիւր պատմական դէպք,  հարիւր դէմք եւ յուշ-պատգամներ:

Առաջին բաժնին մէջ հեղինակը հարիւր  ենթագլուխներով կը ներկայացնէ հայոց  պատմութեան 1 դեկտեմբեր 1917-2 դեկտեմբեր 1920 ինկած ժամանակամիջոցը, երբ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդը Արամ Մանուկեանը` իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կը ղրկէ Երեւան` Հայաստանի մէջ անդորրութիւն հաստատելու առաջադրութեամբ:

Երեք ճակատագրական տարիներ` Սարդարապատի հերոսամարտ, անկախութեան  հռչակում եւ մեծ երազի մը ակնկալութեամբ` 2 դեկտեմբեր 1920-ին, քանի մը  ժամերու  տարբերութեամբ, Դրօ եւ Համբարձում  Տէրտէրեան  Լեկրանի հետ կը ստորագրեն Երեւանի համաձայնագիրը, մինչ Ալեքսանդր  Խատիսեանի պատուիրակութիւնը թուրքերուն  հետ կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի    դաշնագիրը: Սակայն անկախութեան  գաղափարը  վառ կը մնայ հայ ժողովուրդին մէջ եւ իրականութիւն կը դառնայ 21 սեպտեմբեր 1991-ին, Գ. հանրապետութեան ծնունդով:

Հատորին  երկրորդ բաժինով Աւօ Գաթրճեան կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու եւ դիւցազուններու փաղանգ մը: Թիւով հարիւր նուիրեալներ, հերոսներ, որոնք  լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդն ու ոգին:

Նուիրեալներու փաղանգը երեք մասերու բաժնած է հեղինակը: Ա. անկուսակցականներ, ոչ մէկ հոսանքի հակում ունեցող անձնաւորութիւններ: Բ. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երդումին հաւատարիմ կամաւորներ: Գ. Հայկական   տարբեր  կուսակցութիւններու անդամ   քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, կրթական, հասարակական դէմքեր:

Խորազնին եւ շնորհակալ աշխատանք   կատարած է Աւօ Գաթրճեան, իբրեւ աղբիւր  օգտագործած  է ՀՅ դաշնակցութեան հարուստ  մամուլը` «Ազդակ»-ը, «Դրօշակ»-ի, «Կայծեր»-ի,  «Հայրենիք»-ի, «Վէմ»-ի համարներ, Հրաչ    Տասնապետեանի  խմբագրութեամբ` « Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան  համար»  Ա. հատորը,  Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ` «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ե. Զ. է. Ը. Թ. Ժ. ԺԱ.   հատորները:

Աւօ Գաթրճեան համառօտ կենսագրականներու  ընդմէջէն ընթերցողին կը ծանօթացնէ հարիւր դէմքերու այն փաղանգը, որոնց կեանքն ու գործունէութիւնը խորհրդանիշ դարձաւ Հայաստանի անկախութեան: Գործիչներ, որոնք  կերտեցին հայ սերունդներու միասնականութեան դիմագիծը: Ո՞ր մէկը թուեմ` Արամ Մանուկեանը,  զօրավար Սիլիկեանը, Տիանա Աբգարը, Աւետիս Ահարոնեանը,  Յովհաննէս Բաղրամեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Դանիէլ Բէկ Բիրումեանը, Թովմաս Նազարբէկեանը, Սիմոն Վրացեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին  ու տակաւին շա՜տ շատեր:

Խիստ ուշագրաւ է հատորին երրորդ բաժինը, ուր Աւօ Գաթրճեան ընթերցողին կը ներկայացնէ   հարիւր հայ ականաւոր դէմքերու յուշ-պատգամներ: Անձինք, որոնց մտքերը պատգամ   եւ ազգային գաղափարախօսութեան  հաւատամք  դարձած են հայ ժողովուրդին, ինչպէս երէկ,  այնպէս ալ այսօր եւ վաղը…

Աւօ Գաթրճեանի կարծիքով, ուխտերու ուխտը  հայ ժողովուրդին համար անկասկած Սարդարապատի  հերոսամարտով ամրագրուած`  «Առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսն է:

Ան յաջորդաբար կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդին  կարգախօս դարձած հարիւր յուշ-պատգամներ:   Միտքեր, որոնք հայ ժողովուրդին մէջ վառ պիտի պահեն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի  ու հայ ժողովուրդի միասնականութեան գաղափարը:

Քանի մը օրինակ բերեմ մեր երէկի եւ այսօրուան  պատգամախօսներէն.

«Ամբողջ սրտով գուրգուրանք ուրեմն, հայե՛ր,  Հայաստանի մեր նորածին  հանրապետութեան վրայ…», Մկրտիչ  Փորթուգալեան:

«Մեր  սերունդը էն սերունդն է, որ դեռ երէկ ազատ, անկախ Հայաստան էր երազում», Յովհաննէս  Թումանեան:

«Մենք ունինք մի ամենաթանկագին կռուան, դա  Հայաստանի Հանրապետութիւնն է», Ստեփան Սապահ-Գիւլեան:

«Այս հանրապետութիւնը կորիզն է, առաջին արտայայտութիւնը` ամբողջ  Հայաստանի վերածնութեան», Պօղոս Նուպար փաշա:

«Հայաստան  կոչուած  երկիրը  դարձեր է մեզի  համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ: Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական   քաղաքակրթութեան  մի անբաժան մասնիկը»,   Միքայէլ Վարանդեան:

«Մեր անկախութիւնը դրուած է այնպիսի հիմքերի վրայ, որ ոչ ոք չի կարող նրան քանդել. հայ  ժողովուրդը իր խօսքը արտասանել  է»,  Յովհաննէս  Քաջազնունի:

«Ովքե՛ր գիտեն արժէքը մայիս 28-ի մեզ նման`  թող գօտեպնդուին. հայութիւնը ազատ է  հոգիով… անկախ ու միացեալ Հայաստանի մէջ ամէնքը անխտիր պիտի տօնեն մայիս 28-ը»,  Նիկոլ Աղբալեան:

«Կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է այս:  Երեսուն  տարուայ պայքարս, բողոքս, տառապանքս եւ յոյսերս պսակուեցին փառաւոր յաջողութեամբ», Աւետիս Ահարոնեան:

«Ժողովուրդները  իրենց  անկախութեան ձգտելնուն  համար չէ, որ կը  մեռնին: Շատ աւելի  ճիշդ է  հակառակը. կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռակամութիւն  չունենալնուն համար», Լեւոն Շանթ:

«Սուղ  վճարեցինք, շա՜տ սուղ, գնելու համար մեր անկախութիւնը: Եւ հաւանաբար ո՛չ ոք մեզի չափ սուղ վճարած է իր անկախութեան համար:  Հազարաւորներու  մաքուր արեամբ գրուած է   1918 մայիս 28-ը: Զայն ուրանալ փորձել` կը նշանակէ ցեղի ձայնին դաւաճանել», Գէորգ Գանտահարեան:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին  մէջ լոյս տեսած, 528  էջերէ բաղկացած գեղատիպ  այս հրատարակութեան վերջին էջերուն մէջ զետեղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումին նուիրուած երգեր (հեղինակ` Աւօ Գաթրճեան, երաժշտ.` Րաֆֆի Ապէճեան):

«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը յանձնարարելի է բոլորին` մօտէն ծանօթանալու մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային…

Գնահատելի աշխատանք կատարած է Աւօ Գաթրճեան` նոր լոյս սփռելով Սարդարապատի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծագումին եւ   հետագայ անդրադարձներուն վրայ: Կարդալով այս հատորը` ընթերցողը պիտի ըմբոշխնէ արժանի գործ մը:

Հաճելի եւ ուսանելի ընթերցում:

 

 

 

Նախորդը

Յանուն Նորանոր Մայիսեան Յաղթանակներու

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւն 103-Ամեակ. Քանի Մը Պատկեր Հայաստանի Հանրապետութեան Օրերէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?