Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Նոր Ոճի Փնտռտուք

Մայիս 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» զոյգ կեդրոնները շաբաթական դրութեամբ հազարէ աւելի պատանի-պարմանուհիներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կը յաճախէին:

Շաբաթ առաւօտները «Լեւոն Շանթ»-ի մուտքին մեծ թիւով ծնողներու խումբ մը նստած կ՛ըլլար` սպասելով իրենց զաւակներուն փորձի աւարտին:

Երաժշտանոցի աշակերտներուն թիւը շրջանցած էր 250-ը, «Կարկաչ»-ը եւ «Այգ»-ը` 100-ը, «Գայիանէ» պարի դպրոցը` 250-ը, «Թորոս Ռոսլին»-ը` 80-ը, «Արեգ» թատրոնի դպրոցը` 30-ը, «Քնար»-ը, «Գուսան»-ը, «Գ. Իփէկեան»-ը, յանձնախումբերը…

Կար ժամանակ, երբ մարդիկ կը գանգատէին, որ շատ խճողուած է գաղութը` ձեռնարկներով, նոյնիսկ այս գծով լոյս տեսաւ յօդուած մը` «Ձեռնարկախտ» խորագիրով:

Անցան այդ օրերը:

Գաղութի լաւ տարիներն էին: Յունուար 5-ին կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն 800-1000 հոգինոց սրահ կ՛ապահովուէր:

Եկաւ «Քորոնա»-ն, տնտեսական աննախադէպ տագնապը, քաղաքական լարուած եւ անհեռանկար վիճակը, Արցախի պատերազմը, անորոշութիւն եւ յուսալքում:

Համազգայինը վերածուեցաւ Դիմատետրի մէկ էջի: Զանազան տեսակի յայտագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին: Սակայն կարելի է ըսել, որ տակաւին փնտռտուքի մէջ է իր աշխատանքի նոր դաշտը ձեւաւորելու համար: Կամաց-կամաց բնական ընթացք առնելու ռազմավարութիւն պէտք է ունենալ:

Շատ լաւ է ճիգը, գնահատելի է կորովը, ուրախանալի է այլազանութիւնը եւ նախաձեռնութեան ոգին, կը պակսի որակի, հեռանկարի եւ աշխատաոճի հարցը: Պէտք է ընդգծել, որ միջազգային մակարդակով Դիմատետրով փորձուած մշակութային բոլոր փորձերը ժամանակաւոր եւ ոչ արդիւնաբեր են: Այդ մէկը փաստած է Պերլինի ֆիլհարմոնիքի փորձը, Իտալիոյ, Չեխիոյ, Պուլկարիոյ քառեակներու եւ օփերաներու փորձը: Պէտք է իրապաշտօրէն հասկնալ եւ ընդունիլ այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ ծրագրել: Շատ մեծ յոյսեր չդնել Դիմատետրով  սպառած մշակութային որակին եւ տարածման վրայ:

Պէտք է գիտնանք, որ ասիկա իբրեւ նախաձեռնութիւն իր ժամանակին եւ ծաւալին մէջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ միայն, բայց հետք չի ձգեր:

Պէտք չէ ընենք այն, զոր կը սիրենք, այլ ընենք այն, ինչի որ կարիք կայ: Ընելու սիրոյն ընելը տեղ մը անիմաստ կ՛ըլլայ: Համազգայինի վայել, Համազգայինի շունչով, Համազգայինի մթնոլորտով պէտք է ըլլայ ամէն ինչ:

Հասկնալի է, որ սփիւռքի մեր համեստ պայմաններուն մէջ ստեղծուած եւ իրականացած աշխատանքը, դարձեալ կը շեշտեմ, գնահատելի է եւ ողջունելի:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

Վստահ եմ, որ Համազգայինը իր բազմաբնոյթ աշխատանքներով մեր գաղութին մէջ մշակոյթի ջահը բարձր պահող միութիւնը կը մնայ, եւ անցնող փուլին կատարուած ճիգը գնահատելի է: Ինչպէս միշտ, Համազգայինէն միշտ ալ աւելին կը սպասուի:

 

 

Նախորդը

Հայ Դասական Ժապաւէններ. Եւ Երեւանի Դիմագիծի Հոլովոյթը – Ա.

Յաջորդը

Ընտրական «Եղանակ»-ի Բացում – Գ. Անձերէ Անդին` Շօշափելի Ծրագիրներ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?