Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Ապո՛ւշ

Մայիս 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Այցելուներ ունէի, կը խօսէինք համով հոտով: Յանկարծ հեռաձայնը հնչեց: Զիս ուզեցին: Դիմացէն կը խօսէր մեր ազգային գործիչներէն մէկը, որ ըսաւ, թէ կարեւոր տեղեկութիւն մը տալ կ՛ուզէր ինծի: Համայնքային լուր մը: Խօսակիցս կը կարծէր, որ գոհ պիտի մնայի իր տուած լուրէն: Մինչդեռ սաստիկ զայրացայ: Լուրը կը ցոլացնէր մեր ազգային վարիչներէն ոմանց տգիտութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, նոյնիսկ` անխելքութիւնը: Բայց իրենք գաղափար իսկ չունէին այդ մասին: Եւ կը կարծէին, որ լաւ գործ կը տեսնէին: Երբ ընկալուչը տեղը դրի, ուզեցի աղուոր հայհոյութիւն մը պայթեցնել: Չկրցայ: Ես հայհոյել չեմ կրնար:

Հայհոյել չեմ կրնար, բայց գիտեմ բարկանալ: Ո՛չ միայն գիտեմ բարկանալ, այլ նաեւ բարկանալը կը նկատեմ օգտակար, նոյնիսկ` սուրբ: Սուրբ բարկութիւն: Աստուած չընէ, որ ըլլամ մարդ մը, որ ամէնէն անախորժ, ամէնէն ընդվզեցուցիչ պատահարին դիմաց իսկ կը մնայ անզգամ, անտարբեր, կը թօթուէ իր ուսերը ու կ՛անցնի ուրիշ նիւթի: Ես չեմ կրնար ընել այդպիսի բան մը: Կը բարկանամ եւ, բացի անկէ որ կ՛ուրախանամ, որ բարկացած եմ, երկար ատեն կ՛ուզեմ մնալ ու մտածել այդ բարկութեան վրայ:

Չկրցայ հայհոյել եւ ջանացի զսպել իմ բարկութիւնը: Այնուհետեւ քիչ մը դժուարաւ շարունակեցի զրոյցը բարեկամներուս հետ, եւ երբ այցելուներս մեկնեցան, ես մտածեցի երկու տարբեր նիւթերու մասին: Նախ` մտածեցի ինծի տրուած լուրին անախորժ կողմերուն մասին: Յետոյ` ես ինծի հարցուցի, թէ ինչո՞ւ ես չեմ կրնար հայհոյել իմ ուզածիս պէս: Ամօ՞թ կը նկատեմ արդեօք հայհոյելը: Չկարենալ հայհոյելը պակաս մը չէ՞, թերութիւն մը չէ՞, անճարակութիւն չէ՞: Շատերու ծանր ու լպիրշ մէկ հայհոյութեան դիմաց որքան ալ ցնցուիմ, որքան ալ գայթակղիմ, չի պատահիր, որ երբեմն նախանձիմ այն մարդոցմէ, որոնք վարպետօրէն աղուոր ու շռնդալից հայհոյութիւն մը կը պայթեցնեն օդին մէջ: Եւ ես ինծ հարցուցի նաեւ, թէ ո՞րն է այն ամէնէն ծանր բառը, որ բերնէս դուրս կու գայ, երբ ես մէկու մը կը բարկանամ: Ապո՞ւշ: Անխե՞լք: Տգէ՞տ: Անշնո՞րհ:

Բարկութիւնս անցաւ, ու այս անգամ սկսայ խնդալ: Ապո՛ւշ: Թերեւս եւ անկասկած` այս բառն է, որ ամէնէն շատ կը գործածեմ, երբ կը բարկանամ մէկու մը: Ապուշ: Բայց ասիկա հայհոյել չէ: Ասիկա նախատել է, ասիկա վարկաբեկել է, բայց հայհոյե՞լ չէ: Պէտք է լաւ տեսնել այս երկուքին տարբերութիւնը: Վերջն ալ պէտք է հարցնել, թէ ո՞րն է, որ աւելի ծանր է եւ դատապարտելի, հայհոյե՞լը, թէ՞ նախատելը:

Խնդալու բան չէ, բայց ես իսկապէս խնդացի ու միաժամանակ պատկերացուցի, թէ բարկացող մարդոց համար ի՛նչ հանգստացում է, ի՛նչ ինքնագոհացում է մէկու մը հասցէին հայհոյելը կամ մէկու մը հասցէին նախատական բառ մը շպրտելը: Ո՞ր բժիշկը կամ հոգեբանը պիտի կարենայ մարդուս ջիղերը հանգստացնող այնքան ազդու դեղագիր մը գրել, որքան ազդու  հանգստացուցիչ են այս երկուքը. հայհոյութիւնն ու նախատինքը: Երկուքն ալ ապահովութեան ծորակներ են կարծես, որոնց ընդմէջէն մարդ իր բարկութիւնը դէպի դուրս կը պոռթկացնէ եւ կը փրկուի այդ բարկութեան ներքին ճնշումէն:

Բայց հայհոյութիւնն ու նախատինքը կէտի մը վրայ իրարմէ կը տարբերին: Եւ այս կէտը շատ կարեւոր է մեզի համար, եթէ ուզենք հասկնալ, թէ այդ երկու պոռթկումներէն ո՛րը աւելի ծանր է:

Հայհոյութիւնը հայհոյութիւն է, եթէ մարդ անգամ մը պիտի հայհոյէ մէկու մը հասցէին, այլեւս դիմացինին ով կամ ինչ տեսակ մէկը ըլլալը կարեւոր չէ, բոլոր հայհոյութիւնները գրեթէ բոլորին կը փակցուին հայհոյող մարդուն ճաշակին ու նախընտրած բառամթերքին համաձայն: Բայց նախատինքը այդպէս չէ: Եթէ մէկու մը «ապուշ» ըսես, հարց կը ծագի, թէ դիմացինը իսկապէս ապո՞ւշ է, թէ չէ, որովհետեւ մարդիկ կրնան ըլլալ ապուշ, կամ խելացի: Ապուշին ապուշ ըսելը ուրիշ բան է. խելացիին ապուշ ըսելը ուրիշ բան է: Եւ ընդհանրապէս եւ տրամաբանօրէն պիտի կարծուէր, որ ապուշին ապուշ ըսելու իրաւունք ունինք, եւ ատիկա նախատինք չի նկատուիր, մինչ խելացիին ապուշ ըսելու իրաւունք չունինք, եւ ատիկա այս պարագային նախատինք կը նշանակէ: Այդպէս պիտի կարծուէր, եւ անշուշտ գիտենք, թէ այդ ալ սխալ կարծիք էր, որովհետեւ մենք իրաւունք չունինք «ապուշ» ըսելու թէ՛ խելացիին, թէ՛ ապուշին, տրուած ըլլալով մանաւանդ, որ դիմացդ ոչ մէկը պիտի ընդունի, որ ինք ապուշ է եւ արժանի է «ապուշ» յորջորջուելու:

Ճիշդ է, մեր դիմացը ոչ մէկը պիտի ընդունի, որ ինք ապուշ է, բայց փաստ է նաեւ, որ աշխարհը լեցուն է ապուշներով: Եւ աւելին կայ: Փաստ է նաեւ, որ մարդիկ ընդհանրապէս շատ ճիշդ բան մը ըսած կ՛ըլլան, երբ, կռուազան մանուկներու նման, իրենց «ապուշ» ըսողին անմիջապէս կը փոխադարձեն. «Դո՛ւն ես ապուշը»:

– Դո՛ւն ես ապուշը:

Իրաւունք ունի: Որովհետեւ եթէ ոչ մէկը կ՛ընդունի, որ ինք ապուշ է, ոչ մէկը պիտի կարենայ նաեւ պնդել, թէ ինք կեանքին մէջ բնաւ ապուշութիւն ու անխելքութիւն չէ գործած: Բոլորս ալ, որքան ալ խելացի ըլլանք, ապուշ կողմ մըն ալ ունինք: Թէեւ չենք հանդուրժեր, որ ուրիշը մեզի ապուշ ըսէ, բայց մենք, ո՛վ գիտէ, մեր կեանքին մէջ քանի անգամ մեր գլուխը ծեծած ենք` ըսելով.

– Ես ինչ ապուշ մարդ եմ որ…

Այսպէս է, եւ անշուշտ ես ալ սիրով կ՛ընդունիմ մարդոց միջեւ այնքան առատօրէն բաշխուած սա ապուշութենէն ինծի ինկած բաժինը: Բայց ատիկա արգելք պիտի չըլլայ, որ եթէ մէկու մը բարկանամ, անոր հասցէին ազատօրէն եւ յաճախ ալ իրաւացիօրէն պոռամ.

«Ապո՛ւշ»:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մօրս Կտակը

Յաջորդը

Հայ Դասական Ժապաւէններ. Եւ Երեւանի Դիմագիծի Հոլովոյթը – Ա.

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022
Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Կրթական Տարին Աւարտեցաւ, Նաեւ` Հայկական. Հարկ Է Ընել Հակակշիռներ

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In