ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ականաւոր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան» (հատոր 13), (Պէյրութ, 2020), «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները», (Երեւան, 2020), «Նիկոլ Դուման. նամականի», (Երեւան, 2021) գիրքերու շնորհահանդէսը:
Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը ոչ թէ սովորական քաղաքական կազմակերպութիւն է, այլեւ ունի հայ քաղաքական միտքը արձանագրելու աւանդոյթ, որ աւելի կը հարստացնէ մեր հայրենական պատմագրութիւնը: Ան նշեց, որ այս արժէքաւոր վաւերագիրներու հրատարակութեան համար մենք երախտապարտ ենք Երուանդ Փամպուքեանին, որ կեանքին մէկ մասը նուիրած է ՀՅԴ-ի պատմութեան վաւերագրութեան:
«Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ Նիկոլ Դումանը ոչ միայն գործի մարդիկ էին, այլ նաեւ կ՛արտայայտէին միտքեր, որոնք թուղթին յանձնուած են նամակներու տեսքով, որ հանդիսատեսի դատին յանձնելը իւրատեսակ շնորհակալութիւն է այդ գործիչներուն», ըսաւ Ստեփանեան:
Պատմաբանը յիշեց ակադեմիկոս Հրաչիկ Սիմոնեանի խօսքը, որ եթէ ՀՅԴ Վանի Կեդրոնական կոմիտէն Ռուբէն Տէր Մինասեանին չգործուղեր Տարօն, ապա հայ պատմագրութիւնը մեծապէս պիտի տուժէր:
«Միւս կուսակցութիւնները, յատկապէս Հնչակեանը, որ նոյնպէս ազատագրական շարժման մէջ մեծ ներդրում ունեցած է, այս աւանդոյթը չունեցաւ», ըսաւ ան: Խաչատուր Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան» 13-րդ հատորի մեկենաս Կարպիս Մխճեանին, «Նիկոլ Դուման. նամականի» հատորի հրատարակութեան մեկենաս Նազարէթ Պարսումեանին եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան. անտիպ նամակներ» հատորի մեկենաս Մարտիկ Պօղոսեանին:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ Երուանդ Փամպուքեանի վաստակին առջեւ բոլորս կը խոնարհինք: «Մեզի` պատմաբաններուս, ատիկա բնորոշ է. ժլատ ենք արխիւային նիւթը գիտական հանրութեան հասցնելու իմաստով: Մեզմէ շատեր արխիւային նիւթը ուսումնասիրելէ ետք, մենագրութիւններ տպագրելէ ետք նոր հրապարակ կը հանեն արխիւային վաւերագիրները, որ յանկարծ ուրիշ մէկը չօգտուի: Ի տարբերութիւն շատ պատմաբաններու` Երուանդ Փամպուքեան այս ահռելի աշխատանքը կատարելու ընթացքին երբեւէ չըսաւ` ես այս հսկայական նիւթի հիման վրայ կրնայի ստեղծել հատորներ, յետոյ նոր արխիւային նիւթը մատուցել գիտնականներուն: Այսինքն այդ ծանր բեռը ինք տարած է եւ այս նիւթը ներկայացուցած` մեր գիտական հանրութեան, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Ասիկա գիտական հանրութեան նկատմամբ առանց խիղճի խայթ ունենալու գովելի գործ է», յայտնեց ան:
ՀՅԴ-ի արխիւներու գլխաւոր հետազօտող, խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան անդրադառնալով իրեն ուղղուած գովեստի խօսքերուն` ըսաւ. «Ա՛յ մարդ, դաշնակցական աւանդութեան մէջ մարդը իր ողջութեան չեն գովերգեր, այլ` յետմահու, ես ողջ եմ տակաւին»:
Ան նշեց, որ անհանգիստ է այն բոլոր գովասանքներէն, որոնք ուղղուած են իրեն: «Կը ներէք բոլորդ, ես այս կամ այն չափով Դաշնակցութեան աւանդութիւնը պահող, պահպանողն եմ եղած, եւ ինծի համար քիչ մը խորթ են այս շռայլանքները, գովասանքները», յայտնեց Փամպուքեան:
Ան ըսաւ, որ նշուած գիրքերը իր վերջին հրատարակութիւններն են, ինք ֆիզիքապէս այլեւս ի վիճակի չէ ամէն տարի երթալ տարբեր արխիւներ ուսումնասիրելու կամ ՀՅԴ արխիւի կեդրոնին մէջ ծանր արկղերը վեր ու վար դնելու: «Վստահ եմ, շատ աւելի մեծ արժանավարութեամբ այդ գործը կը կատարէ Խաչատուր Ստեփանեանը: Այս գործը Հրաչ Տասնապետեանով է սկսուած, ինձմով շարունակուած, պիտի շարունակուի այսուհետեւ Խաչատուր Ստեփանեանով», ըսաւ ան:
Երուանդ Փամպուքեան նշեց, որ բախտաւորութիւն ունեցած է ՀՅԴ Պոսթընի Կեդրոնական արխիւներէն երեւան հանել այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք մինչեւ հիմա պեղուած չէին:
«Կան բազմաթիւ սեւագրութիւն մատեաններ, որոնք մինչեւ հազար էջնոց մատեաններ են. կը բանաս` ժողովական նիստերու օրակարգ, ժամադրութիւն Ժընեւի մէջ տարբեր անձնաւորութիւնների հետ` հայ կամ օտար, որոնք անմիջական շատ բան չեն ըսեր… բայց այդ սեւագրութիւններու մատեաններուն մէջ կը գտնես նաեւ այնպիսիները, որոնք կ՛ապշեցնեն. գաղտնի թանաքով գրուելիք նամակներու բնօրինակները, եւ ձեռամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի, Սիմոն Զաւարեանի, Վռամեանի, Ակնունիի, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք Ժընեւի մէջ գտնուած են, անոնց ձեռագիրով նամակներու բնօրինակները, որոնք սահմանուած էին արտագրուելու եւ ուղարկուելու իրենց հասցէներով: Հազարաւոր այս տեսակի նամակներ, որոնք պատմական, քաղաքական հսկայական կարեւորութիւն ունին: Անոնց մէջէն ջոկած եմ Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակներուն մեծ մասը այն տարիներուն, երբ Թիֆլիսի ՀՅԴ ժողովէն ետք անցաւ Եւրոպա եւ իր գործունէութիւնը այնտեղ շարունակեց», յայտնեց պատմաբանը:
Նիկոլ Դումանի` մեր մեծագոյն հայդուկապետին, որ նոյնիսկ Անդրանիկի ուսուցիչն էր, նամակներուն մասին հրատարակիչը ըսաւ, որ շատ ժլատ մարդ էր: «Նիկոլ Դուման ժլատ մարդ էր, իր գործերուն մասին երբեք չէր խօսեր, ուրիշներուն գործերուն մասին կը գրէր: Խանասորի արշաւանք կազմակերպած է, եւ այդ Խանասորի արշաւանքին մասին երբեք չէր խօսեր: Պարսկաթրքական սահմանի վրայ գտնուող թրքական մազրիկ ցեղը մեծ խոչընդոտ էր Երկիր մտնելու, հայկական գիւղերը փչացնող այդ ցեղը պէտք էր պատժել, եւ ան այդ գործը յամառօրէն հետապնդեց` հակառակ ընդդիմադիրներուն», պատմեց Երուանդ Փամպուքեան:
Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանեցին եւ հրատարակուած հատորներուն կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առին գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ «Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմագիտութեան դոկտոր Գէորգ Խուդինեան: