Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

Մայիս 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն, մարդիկ մղուած են եկեղեցի աւելի յաճախելու` իրենց դժուարութիւններուն դարման մը գտնելու եւ ցաւերը սփոփելու համար: Եկեղեցին, աղօթքը բաւարարութիւն կու տան մարդոց, յոյս եւ համբերութիւն կը ներշնչեն:

Իբրեւ կանոնաւոր կերպով եկեղեցի յաճախող հայուհի, առիթը չենք փախցներ եկեղեցական մեր բոլոր արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու: Ո՛չ «Քորոնա»-ն, ո՛չ երկրի ընդհանուր փակման պայմանները արգելք եղած են, որ հեռու մնանք Աստուծոյ տունէն եւ հաւատքի օճախէն:

Անցնող ամիսներու ամէնէն դժուարին օրերուն ես ու ընտանիքս ներկայ գտնուեցանք եկեղեցական գրեթէ բոլոր արարողութիւններուն, բայց ինչ որ զարմանք պատճառեց մեզի եւ առիթը տուաւ այս նամականիին գրութեան, 13 մայիսին` Համբարձման տօնին պարզուած երեւոյթն էր: Այդ օր, սովորականին նման ուղղուեցայ Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Համբարձման տօնին յատուկ եկեղեցական արարողութեան ներկայ գտնուելու համար: Բայց տարօրինակօրէն եկեղեցին այդ օր ամայի էր. եկեղեցական արարողութիւն չկար: Հաւատացեալներ ներկայ չէին: Հետաքրքրուեցայ եւ պարզուեցաւ, թէ այս տարի Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ Համբարձում չէ նշուած, հակառակ անոր որ «Քորոնա»-ի ծանր օրերը անցած են, եւ երկրի փակման սահմանափակումներ չկան:

Այդ օր, զարմանալու յաւելեալ պատճառ մըն ալ ունէի, որովհետեւ անդրադարձայ, որ Ազգային առաջնորդարանը եւս դռները բացած է եւ սովորական օրերու նման կը գործէ:

Երեւոյթը իսկապէս անբացատրելի է: Եկեղեցին եղած է եւ կը մնայ աւանդապահը մեր հոգեւոր-ազգային արժէքներուն ու տօներուն: Եկեղեցին, որքան գիտենք, Համբարձումը նշելու համար իր դպրոցները փակ կը պահէ, բայց, ըստ երեւոյթին, ինք չի նշեր տօնը: Մօտիկ անցեալին Առաջնորդարանը փակ կը մնար, եւ եկեղեցիներն ալ կրօնական համապատասխան արարողութիւններ կը կատարէին: Իսկ ինչո՞ւ այս տարուան թերացումը, չհասկցանք…

Երբ մեր շուրջը ամէն օր ականատեսը կը դառնանք ազգային աւանդութիւններէ հրաժարման եւ կրօնական-բարոյական արժէքներէ հեռացման երեւոյթներու, մեր կառոյցները` եկեղեցին, դպրոցները եւ ակումբները կը մնան գլխաւոր պահապանները այդ արժէքներուն, իսկ եթէ անոնք եւս տեղի տան եւ նահանջեն, ո՞ւր կրնանք հասնիլ արդեօք…:

Պէտք է մտահոգուիլ եւ ակնկալել, որ պատասխանատուներ աւելի ուշադիր ըլլան նման պարագաներու, որպէսզի այս տարուան թերացումը չկրկնուի եւ, կրկնուելու պարագային, մնայուն ընթացքի չվերածուի, այսօր Համբարձումը, վաղը, միւս օր, Աստուած գիտէ ո՛ր տօնէն զրկելով մեզ:

ՄՏԱՀՈԳ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ

Նախորդը

«Հնչող Ձայներ»` Արցախի Վերջին Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Ստեղծագործութիւններու Ժողովածուի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Միջին Արեւելք

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?