ՃԵՆԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Մա՛յր, դուն կեանք ու բազկերակ, շունչ ու զարկ իմ սրտի,
Մշտարթուն հրեշտակ, շող, բիբ ու լոյսն իմ աչքի,
Հիասքանչ հնչիւն տաւիղ, թովիչ ձայնն իմ ականջի,
Սիրոյ ակունք, մեղեդի, երկ ու երգն իմ բարբառի:
Հայաշունչ ազնուական տոհմէն տիպար թագուհի,
Ոսկեզօծ մազերով կապուտաչեայ ժիր գեղուհի,
Երազային աշխարհի աստղ, դրոշմ, մտքի լոյս սփռող դիցուհի,
Լիազօր բարձր արժէքներով վսեմացած` յուշ պանծալի:
Մա՛յր իմ, հայրենիքի երկիր է, մեր տունը անուանեցիր,
Հայ մշակոյթի ջատագով, համանուագով սարքեցիր,
Բազմամեայ Կոմիտասով, Նարեկով, Մ. Մաշտոցով աղօթավայր կազմեցիր,
Կրթօճախ, հօրս սազով, Յ. Թումանեանով, Լ. Շանթով դրախտավայր կոչեցիր:
Հայաբոյր դիմագիծով, աննկուն մղումով մեզ կերտեցիր,
Լիարժէք յոյսով, հոգեմտաւոր աւիշով սնանեցիր,
Վառ սիրով, ազգային աւանդութեամբ յիշատակդ յաւերժացուցիր,
Լիակատար, Սուրբ կտակդ օրհնութեամբ կնքեցիր, երբ փոխանցեցիր:
—————
Ողջունելով Մայրերու տօնը. փառք ու պատիւ, սէր, յարգանք եւ երախտագիտութիւն, նաեւ աստուածային օրհնութիւնը բոլոր հայ մայրերուն: