ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է:
Առաջին հանրապետութիւնը իրագործուեցաւ 28 մայիս 1918-ին:
Ամէն տարի ոգեկոչելու ենք մայիս 28-ի իրագործումը, որովհետեւ մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը վեց դար գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդարութեան:
28 մայիս 2021-ը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձն է:
Հայ ժողովուրդը, 14-րդ դարու վերջաւորութենէն ետք, ամբողջ վեց դար շարունակ ապրեցաւ ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը: Ան մինակ էր եւ արիւնաքամ: Ոչ ոք կ՛օգնէր հայութեան: Հայ ժողովուրդը թիրախ դարձած էր հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն: Ան կորսնցուցած էր իր հայրենիքը եւ պետականութիւնը: Հազարաւոր զոհեր տուած էր, բայց չէր մեռած: Սեւ ապրիլ 24-էն ետք, երբ ոխերիմ թշնամին` թուրքը կը կարծէր, որ վերջ կրնար տալ նաեւ փոքր Հայաստանին եւ ոչնչացնել վերջին հայը, հայ ժողովուրդը` գիտակից իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, իր բոլոր հատուածներով եւ հոսանքերով մարտնչեցաւ վճռակամութեամբ, դարձաւ ապառաժեայ բռունցք եւ անցաւ ինքնապաշտպանութեան:
Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը` աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Շուտով, սակայն, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան, ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կրնար կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Մայիս 28-ը իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակին խոհեմ եւ վճռական կեցուածքին շնորհիւ: Հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան` ի գին ամէն դաժան նահատակութեան: Ան հրաշք մը չէր, այլ` գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամք:
Արդի հայկական պետականութիւնը սկսաւ 1918-ի մայիս 28-ով եւ իր եռագոյնով: Այդ օր ծնունդ առաւ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ան նուէր չտրուեցաւ մեզի, այլ հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով, ի մասնաւորի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ձեռք բերին զայն նուաճումներով, պայքարով, անհաւասար կռիւներով, արիւնոտ ու հերոսական ֆետայական մարտնչումներով:
Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին` իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագիրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր հայ մարդը: Սակայն երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը: Սեւ ամպեր պատեցին Հայաստանի կապոյտ երկինքը: Ազատ, անկախ Հայաստանը դարձաւ Խորհրդային Հայաստան: Հաստատուեցաւ ռազմական կոմունիզմը, եւ սկսան` բռնագրաւումները, ձերբակալութիւնները, սպանութիւնները, աքսորը, գնդակահարումները եւ այլ վատ արարքներ: Վարչակարգի փոփոխութեամբ, փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ու պետական եռագոյն դրօշը: Ազատ, անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եռագոյն դրօշն ալ բռնեց գաղթի ճամբան եւ եղաւ սփիւռք:
Առաջին հանրապետութիւնը հիմնաքարն էր հայկական արդի պետականութեան, որ գոյատեւեց իբրեւ Խորհրդային Հայաստան` վարչակարգի փոփոխութեամբ: Խորհրդային Հայաստանը մայիս 28-էն կը ստանար իր քաղաքական, իրաւական եւ ազգային արժէքը:
Ազատ, անկախ հանրապետութեան վերացումէն եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց, ընդունեց աքսորեալ ազատ, անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէր կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն` հաւատալով, որ «վերադարձը դէպի հայրենիք», դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ, հայը ի՛նք պիտի որոշէ իր կեանքի ճանապարհը` իր սեփական հողին վրայ, իր սեփական երկինքին տակ եւ իր սեփական մշակոյթով:
Հայրենիքի մէջ կարելի չէր արմատախիլ ընել մայիս 28-ի կարգախօսը եւ ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութիւնը: Հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կառչած մնաց իր ազգային համոզումներուն, իտէալներուն եւ սկզբունքներուն: Տարուէ տարի ուռճացաւ մայիս 28-ի ոգին, արմատներ նետեց ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ: Հաւատաւոր հայրենի ժողովուրդը տոկաց բոլոր անմարդկային դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն, նաեւ` տաժանակիր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային բոլոր պայմաններուն:
Սեւրի դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 1920 օգոստոս 10-ին, Հայաստանի անկախութեան կապուած միջազգային կարեւոր փաստաթուղթն էր: Առաջին անգամ ըլլալով Սեւրի մէջ ազատ, անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչները նստան ազատ ազգերու կողքին` հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները պահանջելու համար: Առաջին անգամ ըլլալով մեծ պետութիւնները, ճանչնալով այդ իրաւունքները, ստորագրեցին Սեւրի դաշնագիրը, որ կոչուած էր հայերուն վերադարձնելու իր պապենական հողերը: Այս միջազգային դաշնագիրին կնքումով Հայաստանի գոյութիւնը կը ստանար նաեւ իրաւական բնոյթ: Սակայն հետագային դաւադրաբար ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրը եկաւ ու հարուածեց հայ ժողովուրդի ազգային ակնկալութիւնները: Սեւրի դաշնագիրը մոռցուեցաւ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն եւ մեծ պետութիւններուն կողմէ:
Խորհրդային կարգերով հաստատուած երկրորդ հանրապետոթեան փլուզումով 1991-ին հաստատուեցաւ երրորդ հանրապետութիւնը` իր եռագոյն դրօշակով եւ մայիս 28-ի քայլերգով: Երրորդ հանրապետութիւնը պտուղն էր 1918-ի մայիս 28-ին:
Սակայն ի՞նչ հոլովոյթով հայ ժողովուրդը տիրացաւ առաջին ազատ, անկախ հանրապետութեան եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ստեղծուեցան երկրորդ` խորհրդային հանրապետութիւնը եւ երրորդ ազատ, անկախ հանրապետութիւնը:
Եթէ ակնարկ մը նետենք ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան վրայ, կը տեսնենք, որ բոլոր ժողովուրդները դարեր շարունակ, իրենց հաւաքական կամեցողութեամբ, իբրեւ ազգ, ձգտած են ունենալ իրենց հայրենիքը: Անոնք քաջ գիտակցած են, որ առանց անկախութեան` գոյութիւն չ՛ունենար հայրենիք, եւ առանց հայրենիքի գոյութիւն` չ՛ունենար անկախութիւն եւ ազատութիւն: Ազատ, անկախ հայրենիքի մը գոյութիւնը կարելի եղած է պատմութեան մէջ միայն ու միայն պայքարով եւ յարատեւ ու գործօն մասնակցութեամբ ազգի մը բոլոր անդամներուն: Հայ ժողովուրդն ալ այլ ժողովուրդներու նման իրաւունքը ունեցած է իր ճակատագիրին տէրը ըլլալու, իր ազատութիւնը, անկախութիւնը, հայրենիքը եւ ներքին ու արտաքին ինքնիշխանութիւնը ունենալու: Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ պայքարած է ի խնդիր իր ազատութեան, անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ստեղծման:
14-րդ դարու վերջերը Հայաստանը կորսնցուցած էր իր պետականութիւնը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը: Այս թուականէն ետք հայ ժողովուրդը ապրեցաւ ստրկութեան եւ մութ պատմաշրջան մը, որ տեւեց մօտ 600 տարի: Հայութիւնը կորսնցուց իր ազգային պետականութիւնը, ազատ ապրելու իրաւունքը, բայց չհաշտուեցաւ իր ազգային թանկագին իրաւունքներու կորուստով: Դարեր շարունակ ան մնաց ազատասէր, կենսունակ եւ տոկուն:
Կացութիւնը հետզհետէ վատթարացաւ, եւ հայ ժողովուրդը ամբողջ հայրենիքի տարածքին, ներառեալ` Արեւմտահայաստանի մէջ ապրեցաւ ազգային քաղաքական մահաքունի վիճակ մը մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը: Անտանելի էր կացութիւնը, ամէն տեղ` թալան, կողոպուտ, առեւանգում եւ քանդում: Ամէն կողմ կը տիրէր անբնական կացութիւն, եւ իբրեւ բնական հետեւանք այս բոլորին` յառաջ եկաւ հայկական յեղափոխութիւնը, որուն նպատակն էր պաշտպանել հայ ժողովուրդը, հայ եկեղեցին, Հայ ընտանիքի պատիւը եւ հայ գիւղացիին աշխատանքն ու կեանքը:
Այս պայմաններու մէջ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնան հայկական կուսակցութիւնները: 1885-ին հիմնուեցաւ Արմենական կուսակցութիւնը` Մկրտիչ Փորթուգալեանի առաջնորդութեամբ:
1887-ին հիմնուեցաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը` Աւետիս Նազարբեկեանի ղեկավարութեամբ: 1899-ին հիմնուեցաւ Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւնը` առաջնորդութեամբ Քրիստափոր Միքայելեանի, իրեն հետ ունենալով անմիջական գործակիցներ` Ստեփան Զօրեանը (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանը: Հայ յեղափոխաններու դաշնակցութիւնը կարճ ժամանկ մը ետք կոչուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն: 1921 հոկտեմբեր 1-ին հիմնուեցաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը:
Նորակազմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մասնաճիւղեր հաստատեց Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կովկասի քաղաքներուն մէջ, կազմեց երդուեալներու փաղանգ մը, պատրաստեց հայդուկային խումբեր, որոնք մեծ զոհողութիւններով, զրկանքներով եւ դժուարութիւններով նետուեցան պայքարի դաշտ` յանուն հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի սրբազան գործին: Ֆետայական գործողութիւնները ուղղուած էին թուրքին, ռուսին եւ թաթարին:
19-րդ դարուն հայ ժողովուրդը իր ճակատագիրը կապած էր ռուսական պետութեան: Հայերը մեծապէս կ՛օժանդակէին ռուսերուն, որոնք, հակառակ ասոր, կը գրաւեն Անդրկովկասը եւ կը միացնեն գրաւուած նահանգները ռուսական կայսրութեան: Ցարերը չեն յարգեր իրենց խոստումները, կը մոռնան հայերու հաւատարմութիւնը եւ կը սկսին հակահայ քաղաքականութիւն մը: 1903-ին Կովկասի մէջ ցարը կը փակէ հայկական վարժարանները, կը գրաւէ հայ եկեղեցական կալուածները եւ կը հալածէ հայ յեղափոխական գործիչները: Հայ ժողովուրդը եւ յեղափոխութիւնը կը կազմակերպեն ինքնապաշտպանութեան միջոցներ եւ կը կռուին ցարիզմին դէմ: 1894-ին տեղի կ՛ունենայ Սասնոյ առաջին ապստամբութիւնը: 1897-ին` Խանասորի արշաւանքը: 1904-ին զօրավար Անդրանիկ կը ստանձնէ Սասնոյ բարձունքներուն վրայ հայ ֆետայիներու ընդհանուր հրամանատարութիւնը: Ան կը կռուի Սեբաստացի Մուրատի, Քեռիի եւ ուրիշներու հետ` Սասնոյ անառիկ բարձունքներուն վրայ, ոխերիմ թշնամիին դէմ:
Արեւմտեան ճակատի վրայ 1915-ին օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ որոշուած հրէշային ծրագիրը` հայ ժողովուրդին բնաջնջումը գործադրութեան կը դրուի: Տեղի կ’ունենայ հայ մտաւորականներու, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ զինուորներու կոտորածը: Կը նահատակուին յայտնի դէմքեր, տաղանդաւոր գրողներ, հռչակաւոր լրագրողներ եւ բժիշկներ: Ասոնց կը յաջորդեն` գաւառներու մէջ կողոպուտն ու թալանը, առեւանգումներն ու սպանութիւնները: Տեղի կ՛ունենայ նախադէպ չունեցող Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը կ՛ուղղուի դէպի արաբական անապատները: Կը տարագրուի ամբողջ հայութիւնը` առանց խտրութեան:
Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր նիւթական, մարդկային, մշակութային եւ հողային հարստութիւնը, կը կորսնցնէ մէկուկէս միլիոն հայորդիներ եւ Ռուբինեան թագաւորութեան ժառանգորդ` Սիսի կաթողիկոսութիւնը: կը յառաջանան ծովածաւալ հայ գաղթակայաններ եւ որբանոցներ: Հայ ժողովուրդը տեղ-տեղ հերոսական կռիւներ կը մղէ, կը դիմադրէ թուրք բռնակալութեան եւ կ՛իրագործէ աննախընթաց հերոսամարտեր: Տեղի կ՛ունենան Վանի, Շապին Գարահիսարի, Սուէտիոյ եւ Ուրֆայի հերոսամարտերը:
Արեւելեան ճակատի վրայ 1905-ին կը սկսին հայ-թաթարական կռիւները, որոնք կը տեւեն մէկուկէս տարի: Կռիւները կը սկսին Պաքուէն եւ շուտով կը տարածուին մինչեւ Երեւան, Արցախ, Գանձակ եւ Թիֆլիս: Հայ ֆետայական խումբեր` ընդհանուր հրամանատարութեամբ` Նիկոլ Դումանի, կը ստանձնեն ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը եւ տանին հերոսական ու նախանձելի կռիւներ` պարտութեան մատնելով թշնամին: Կովկասի մէջ կը կազմուին հայ կամաւորական գունդեր` մասնակցութեամբ բոլոր կազմակերպութիւններու եւ հրամանատարութեամբ Անդրանիկի, Քեռիի, Դրոյի, Համազասպի եւ Յովսէփ Արղութեանի:
1917 փետրուար 27-ին տեղի կ՛ունենայ ռուսական յեղափոխութիւնը: Անդրկովկասի մէջ կը հաստատուի առանձին կոմիտէ` «Օզակոմ»-ը` Ռուսաստանի Անդրկովկասի երկրամասային մարմինը, որուն մէջ հայ ներկայացուցիչը կ՛ըլլայ Պապաջանեանը: Հոկտեմբեր 25-ին տեղի կ՛ունենայ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը: Անդրկովկասը կը մերժէ ճանչնալ խորհրդային իշխանութիւնը: Երկու ամիս ետք, նոյեմբեր 27-ին Անդրկովկասի մէջ կազմուի, «Օզակոմ»-ին տեղ «կոմիսարիատ», ուր Լենին Ս. Շահումեանը կը նշանակէ որպէս հայ կոմիսար: 1917 դեկտեմբեր 5-ին զինադադար կը ստորագրուի թուրք բանակին եւ Անդրկովկասի Կոմիսարիատին միջեւ:
Դեկտեմբերին սկիզբը տեղի կ՛ունենայ արեւմտահայ մարմիններու խորհրդակցութիւնը Թիֆլիսի մէջ: Կը կազմուի Արեւմտահայ խորհուրդը` Կոմսի ատենապետութեամբ, եւ կ՛որոշուի պարտադիր զօրակոչ յայտարարել: Կը հիմնուի հայկական զօրաբաժինը` Անդրանիկի հրամանատարութեամբ:
31 դեկտեմբեր 1917-ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ռուսական բանակը կը լքէ ճակատը եւ կը վերադառնայ տուն:
6 փետրուար 1918-ին, երբ հայկական զօրամասերը կը լքեն ճակատը, թուրքերը կ՛անցնին ընդհանուր յարձակողականի` Էրզրումէն մինչեւ Վան, եւ կը յառաջանան դէպի ռուսական սահմանը: Կը կազմուի Անդրկովկասի «Սէյմ»-ը (խորհրդարան): Հայերը կը ներկայացուին ՀՅԴ-ի պատգամաւորներով: 16 փետրուար 1918-ին «Սէյմ«-ը կ՛որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ:
3 մարտ 1918-ին կը ստորագրուի Պրեսթ Լիթովսքիի դաշնագիրը` Գերմանիոյ եւ Խորհրդային իշխանութեան միջեւ: Կ՛որոշուի Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը յանձնել թուրքերուն:
9 մարտ 1918-ին «Սէյմ»-ը կ՛որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել: Կը կազմուի նոր կառավարութիւն, որուն կը մասնակցին` Ա. Խատիսեան, Յ. Քաջազնունի եւ Ա. Սահակեան:
7-8 ապրիլ 1918-ին տեղի կ՛ունենան հայ եւ թուրք կռիւները Արարատեան դաշտին մէջ: 15 մայիս 1918-ին թուրքերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը: Այս դժուարին օրերուն կը յաջորդեն հերոսական օրեր: 22 մայիսին թշնամիին առջեւ բաց կը մնայ Երեւանի ճամբան: Այս կացութեան մէջ Հայոց Ազգային խորհուրդը կը նշանակէ Արամ Մանուկեանը տիքթաթոր:
Ան, հակառակ տիքթաթորի հանգամանքին, իր իրաւասութիւները կը բաժնէ իր գործակիցներուն հետ, կը գործէ անոնց հաւանութեամբ եւ ժողովրդավար սկզբունքներով, աակայն կ՛ըլլայ անխնայ` հանդէպ աւազակներու, շահամոլներու եւ դասալիքներու ու դաւաճաններու: Արամ շուտով կը կազմակերպէ հայոց բանակը եւ կ՛անցնի յարձակողականի: Հայկական բանակներու սպարապետ կը նշանակուի Թովմաս Նազարբէկեան. անոր օգնականները կ՛ըլլան զօրավարներ` Սիլիկեան, Փիրումեան եւ Դրօ:
24 մայիսին զօրավար Նազարբէկեան հայկական բոլոր զօրաբաժիններուն կը հրամայէ ընդհանուր յարձակողականի անցնիլ: Ամբողջ հայ ժողովուրդը` իր կղերականով, քաղաքական ուժերով, բանակով, այդ օրհասական օրերուն միաձայն կամքով կ՛որդեգրէ իր ազատ ապրելու իրաւունքը: Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ի հայրապետական կոչը ժողովուրդը կը մղէ առաւել մարտական ոգիի: Կաթողիկոսը չի լքեր Էջմիածինը եւ կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին` որպէս հոգեւոր զինուոր եւ պատրաստ` զոհուելու: Մայիս 24-26 տեղի կ՛ունենան Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսայի արիւնահեղ կռիւները: Հայերը ճգնաժամային կռիւ կը մղեն: Թուրքերը կը կրեն չափազանց ծանր կորուստներ, կը պարտուին բոլոր ճակատներու վրայ եւ կը նահանջեն:
Մայիս 26-ին Անդրկովկասի «Սէյմ»-ը կը լուծուի, եւ Վրաստան կը յայտարարէ իր անկախութիւնը: Յաջորդ օր` մայիս 27-ին, Ազրպէյճանն ալ կը յայտարարէ իր անկախութիւնը:
Մայիս 28-ին բոլոր ճակատներուն վրայ հայ բանակը յաղթական դուրս կու գայ, եւ Հայոց Ազգային խորհուրդը այս յաղթանակներէն ետք ժողով կը գումարէ թէ՛ Թիֆլիսի եւ թէ՛ Երեւանի մէջ: Այս ժողովներուն կը մասնակցին հայ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք քննելով ստեղծուած կացութիւնը` կ՛որոշեն հռչակել Հայաստանի անկախութիւնը:
Այսպէս, 28 մայիս 1918-ին, վեց դարերու ստրկութենէ ետք, կը հռչակուի Հայաստանի անկախութիւնը, եւ հիմը կը դրուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան: Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք կը նշանակուի Երեւանը: Կ՛որոշուի հանրապետութեան ազգային դրօշը` հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով: Հայկական եռագոյնը ունէր իր խորհուրդը. հայ ժողովուրդին թափած արիւնը կը ներկայացնէր կարմիրը, կապոյտը Հայաստանի երկինքն էր, իսկ նարնջագոյնը` հայ ժողովուրդին աշխատանքը:
Հանրապետական Հայաստանի առաջին վարչապետը կ՛ըլլայ Յովհաննէս Քաջազնունի, ապա յաջորդաբար` Ալեքսանդր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեեան եւ Սիմոն Վրացեան:
Ազատ, անկախ Հայաստանը գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի: Այս ժամանակաշրջանին ոչինչէն կ՛արձանագրուին մեծ իրագործումներ: Կը կազմակերպուին լուսաւորութեան, կրթական, արդարադատութեան, ելեւուտքի, առեւտրական, արդիւանաբերական, գիւղատնտեսական, խնամատարութեան, աշխատանքի, առողջապահական, ներքին գործոց-ապահովական եւ զինուորական նախարարութիւնները: Հայաստան կը բաժնուի 10 գաւառներու: Կը կազմակերպուի 30 հազարնոց պատկառելի հայկական բանակը: Կը տեղաւորուին թափառական հայ գաղթականները: Կը հրատարակուի հայկական թղթադրամը: Աշխատանք կը տարուի կազմակերպելու առեւտրական եւ արդիւնաբերութեան կեանքը: Կը հիմնուի տուրքի օրինագիծը: Կը հաստատուին արհեստանոցներ, գործարաններ, կը հիմնուին համագործակցական միութիւններ, զարկ կը տրուի երկրագործութեան: Տեղի կ՛ունենայ լքուած եւ եկեղեցական հողերու բաշխումը հայ գիւղացիներուն: Կ՛արձանագրուի առողջական պայմաններու բարելաւում: Կը հիմնուին 20 նոր հիւանդանոցներ եւ Երեւանի պետական համալսարանը: Տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր բացում` Հայաստանի օրէնսդիր ժողովին: Կը սկսի պետութեան կազմակերպութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքը:
Արեւելեան Հայաստանի ազատագրումէն ետք, 28 մայիս 1919-ին Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով Հայաստաններու խորհրդարանի անդամներուն, կառավարութեան եւ հայ բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ կը կատարուի արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանի միութեան յայտարարութիւնը` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»` ունենալով 71.333 քառ. քմ տարածութիւն: Յունիս 21-23 տեղի կ’ունենան Հայաստանի խորհրդարանին ընտրութիւնները: Օգոստոս 1-ին, Ա. Սահակեանի նախագահութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի հանդիսաւոր բացումը:
Օգոստոս 5-ին կը կազմուի նոր կառավարութիւն` Ա. Խատիսեանի վարչապետութեամբ: Դեկտեմբեր 26-ին խորհրդարանի օրէնքով հայէրէնը կը յայտարարուի պետական լեզու:
1920 յունուար 19-ին Դաշնակիցներու գերագոյն խորհուրդը կը ճամչնայ Հայաստանի կառավարութիւնը:
28 ապրիլին պոլշեւիկները թուրքերու աջակցութեամբ կը գրաւեն Պաքուն, եւ Ազրպէյճանը կը յայտարարուի խորհրդային հանրապետութիւն:
Մայիս 1-ին պոլշեւիկները ապստամբութեան դրօշ կը բարձրացնեն Ալեքսանդրապոլի, Կարսի, Նոր Պայազիտի եւ Կաղզուանի մէջ:
Մայիս 5-ին Հայաստանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ կը գումարէ: Խատիսեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի եւ կը կազմուի Համօ Օհանջանեանի դահլիճը:
1920 յունիս 4-ին կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հայաստանի տարածութիւնը կ՛ըլլայ 12.000 քառ. քմ: Սեպտեմբեր 30-ին թուրքերուն ձեռքը կ՛իյնայ Պաքուն: Տեղի կ՛ունենայ շուրջ 30.000 հայերու կոտորածը: Հոկտեմբեր 24-ին թուրքերը կը սկսին հեռանալ Անդրկովկասէն: Նոյեմբեր 18-ին հայկական զօրքերը կը մտնեն Ղարաքիլիսէ: Դեկտեմբեր 2-ին հայերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը: Տասնմէկ օր ետք կը սկսի հայ-վրացական պատերազմը, որ կը վերջանայ հայերու յաղթանակով: Դեկտեմբեր 31-ին կը հաստատուին դիւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւններ` Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ:
1920 Օգոստոս 10-ին Աւետիս Ահարոնեան կը ստորագրէ Սեւրի դաշնագիրը, որուն իբրեւ արդիւնք` Հայաստանը կը ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն` ունենալով Վանի, Պիթլիսը, Կարինի եւ Տրապիզոնի հողերը: Հայաստան պիտի ունենար 161.330 քառ. քմ տարածութիւն:
Սեպտեմբեր 23-ին կը սկսի հայ-թրքական պատերազմը: Թուրքերը կը յարձակին Հայաստանի վրայ: Հոկտեմբեր 13-ին Հայաստան կը հասնի խորհրդային պատուիրակ` Լեգրանը, որ հետեւեալ պահանջները կը դնէ Հայաստանի կառավարութեան դիմաց.
- Հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն,
- Թոյլ տալ, որ Կարմիր բանակը անցնի Հայաստանի տարածքէն` միանալու համար Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերուն, եւ
- Հայաստանի սահմաններուն հարցը ձգել խորհրդային իշխանութիւններուն:
1920 հոկտեմբեր 30-ին Կարսը կ՛իյնայ թշնամիին ձեռքը: Նոյեմբեր 22-ին տեղի կ՛ունենայ հայ եւ թուրք զինադադարը: Յաջորդ օր կը հրաժարի Օհանջանեանի կառավարութիւնը: Նոյեմբեր 25-ին կը կազմուի Ս. Վրացեանի կառավարութիւնը: Նոյեմբեր 29-ին հայ համայնավարները Ազրպէյճանի օգնութեամբ կը մտնեն Իջեւան: Նոյեմբեր 30-ին Լեզրան վերջնագիր կու տայ Հայաստանի կառավարութեան` խորհրդայնացնելու համար Հայաստանը: Դեկտեմբեր 2-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ կը ստորագրուի հաշտութեան դաշնագիր` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հայաստան կը հռչակուի խորհրդային հանրապետութիւն: Դեկտեմբեր 6-ին Յեղկոմը` Հայաստանի յեղափոխական կոմիտէն կը մերժէ ճանչնալ ստորագրուած համաձայնանութիւնը: Կը հաստատուի ռազմական կոմունիզմը, եւ կը սկսին` ձերբակալութիւններ, սպանութիւններ, աքսոր եւ գնդակահարութիւն:
1921 փետրուար18-ին հայ ժողովուրդը կ՛ապստամբի եւ կը վտարէ Յեղկոմն ու Կարմիր բանակը: Հայաստանի մեծ մասը կ՛ազատագրուի, եւկը հաստատուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի իշխանութիւնը: Մարտ 16-ին կը ստորագրուի թուրք եւ ռուս բարեկամական դաշնագիրը, որուն հետեւանքով Կարսն ու Սումալուն կ՛անցնին Թուրքիոյ, իսկ Շարուր- Նախիջեւանը` Ազրպէյճանի: Ապրիլ 2-ին պոլշեւիկները կը վերագրաւեն Երեւանը: 3 հոկտեմբերին կը կնքուի բարեկամութեան դաշնագիր` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, որուն հետեւանքով կը հաստատուի եւ կը վաւերացուի մարտ 16-ի դաշնագիրը:
1923 յուլիս 24-ին կը ստորագրուի Լոզանի դաշնագիրը, որուն մէջ ոչ մէկ խօսք կը նշուի Հայաստանի եւ հայերու մասին: Ան կ’ըլլայ հայերու համար անիրաւ եւ արդարադրուժ դաշնագիր մը:
Խորհրդային կարգերը կը մնան ամբողջ 70 տարի: Այդ տարիներուն հայրենի ժողովուրդը կը ստեղծագործէ, կը մշակէ, կը շինէ եւ տէրը կը կանգնի իր մշակոյթին ու արժէքներուն: Կը մնայ հայրենասէր եւ ազատասէր:
Խորհրդային կարգերու փլուզումով, 1991-ին հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով կը վերատիրանայ իր ազատութեան եւ անկախութեան: Կը հռչակուի Հայաստանի երրորդ` ազատ, անկախ հանրապետութիւնը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Եռագոյն դրօշը կը ծածանի ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Ազատ, անկախ հայրենիքի քայլերգը կը ղօղանջէ ամէն օր բոլորին ականջին: Հայրենիքը կը բարգաւաճի, եւ մեծ իրագործումներ կը յայտնաբերուին շարունակ: Սակայն շա՜տ ու շատ իրագործելի աշխատանքներ կը մնան սպասողական վիճակի մէջ: Հայրենի ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ՛ապրի` բարօր կեանք մը ունենալու ակնկալութիւններով:
Ամբողջ հայ ժողովուրդը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ուրախ է իր ազատ, անկախ Հայաստանով, սակայն ան կը սպասէ տեսնել ազատ, անկախ միացեալ Հայաստանի իրականացումը, որ կը համապատասխանէ իր ազգային, քաղաքական, հողային եւ պատմական պահանջներուն ու իր դարաւոր երազներուն եւ իղձերուն:
Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը սպասումով չի կրնար իրականանալ: Ան կ՛իրականանայ հայրենիքի եւ սփիւռքի ամբողջ հայ ժողովուրդի յարատեւ եւ միացեալ պայքարով եւ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու:
Մեր ականջներուն թող հնչեն առաջին հանրապետութեան կերտիչներուն պատգամը` վառ պահել միասնականութեան ոգին, պահպանել հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, բարելաւել հայրենիքի ընկերային կեանքը, հզօրացնել հայկական բանակը, հետապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը:
Խոնարհինք մայիս 28-ի 103-րդ տարեդարձին առջեւ եւ հպարտօրէն փառաբանենք իրագործուած ազգային աննախընթաց նուաճումը` առաջին հանրապետութեան հռչակումը եւ ազատ, անկախ Հայաստանի հաստատումը:
Մոնրէալ, 24 մայիս 2021



