Միքայէլ Նալպանտեանի Աքսորը Եւ Մահը
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Խորհրդային իշխանութիւնը ի զուր փորձեց իւրացնել Մ. Նալպանտեանի գործը, որովհետեւ Նալպանտեան, յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած, գրած էր «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ»-ը ու կը քարոզէր հաւաքական աշխատանք: Նշեալ երգը Նալպանտեան տպագրեց 1862-ին, արտասահմանի ազատ պայմաններու մէջ, երբ այցելեց Կ. Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն եւ Հնդկաստան: Լոնտոնի մէջ ան յարաբերութիւններ հաստատեց ռուս տարագիր յեղափոխականներու հետ: Նոր Նախիջեւանի գաղութին համար հնդկահայերուն կողմէ եղած...


















