Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ. Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Յունիս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Աղէտներու դառն զգացողութիւն, թերեւս ալ` տարիքի թելադրութիւն, սուր կերպով կը տագնապիմ հայ կեանքի մէջ բուռն կերպով դրսեւորուող պառակտումներով եւ չխոստավանուող անհանդուրժողութիւններով: Այս` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւենք մեր գոյութենական մարտահրաւէրները, թատերական ձեւով ըսենք Շէյքսփիրի պէս` «լինել չլինել»-ու dilemme-ը, բառարանը կ’ըսէ` երկսայրաբանութիւն:

Աղէտի զգացողութիւնը կը շեշտուի նաեւ այն պատճառով, որ իրաւ արժէքներու անտեսում կայ, անոնք փոխարինուած են եսերով, միջակութեամբ, նեղմտութեամբ: Մեծ կամ պզտիկ դաւերով եւ դաւադրութիւններով դիրքեր կը գրաւուին, ընտանեկան-խնամիական քոմպինացիաներով (մեքենայութիւններով), որոնք արժէք եւ տեսիլք վանած են: Էականը կը մոռցուի, անհանդուրժողութիւնը կանոն է: Այս իրականութիւնը չի վարագուրուիր խանդավառող, յուզիչ եւ տպաւորիչ խօսքերով:

Եւ հաւաքականութիւնը կը կանգնի անելի առջեւ:

Պահ մը իրականութիւնները դիտենք` առանց իրատեսութիւնը պղտորեցնող անշահախնդրութեան, մեր եսէն դուրս գալով, փորձենք ճիշդը տեսնել, թերեւս մեր ժողովուրդի անցանկալի կացութիւնը կը բարւոքի կարողութիւններու եւ ճիշդ կողմնորոշումներու բարիքով:

Մի՛շտ պէտք է կրկնել` ներսը եւ դուրսը:

Փոքրիկ Հայաստանի խորհրդարանին անդամակցելու յաւակնութեամբ արձանագրուած են 27 կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ: Ուրեմն Հայաստան ունի վարչապետի պաշտօնին համար 27 յաւակնորդներ: Անոնք կրնային գումարտակ մը կազմել եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանել: Գումարեցէ՛ք ցանկի վրայ եղող անունները: Քանի մը հազար: Անոնք պիտի խօսին ժողովուրդին, եթէ ան զիրենք լսէ: Ան վստահօրէն պիտի շուարի:

Ընտրական թատրոնը պիտի խաղցուի` անհանդուրժողութիւնը ունենալով որպէս խորքի պաստառ, քանի որ կան, ենթադրաբար, ճշմարտութեան 27 դիպաշարեր, սցենարներ: Անոնց առանցքային նիւթը հայրենիքի եւ ազգի պաշտպանութի՞ւնն է, պարտութեան եւ կորուստի դարմանո՞ւմը, թէ՞ սովորութիւն դարձած դիրքապաշտութիւնը, որ լաւագոյնին որոնման մասին չի վկայեր:

Հանդուրժողութեան բացակայութիւնը աւերի կ’առաջնորդէ:

Անցեալ դարու մեծ գիտնականներէն Քլոտ-Լեւի Սթրոս այս մասին ըսած է, որ` «Հանդուրժողութիւնը միայն հիացական կերպով դիտելու կեցուածք չէ: Ան ուժական կեցուածք է, որ կը կայանայ նախատեսելու, հասկնալու եւ առաջ մղելու անոնք, որոնք կ’ուզեն հանդուրժող ըլլալ»:

Այսինքն հանդուրժողութիւնը համակեցութեան եւ համագործակցութեան ճանապարհ է, որպէսզի ընկերութիւնը աւելի լաւ ըլլայ, աւելի յաջող եւ արդար: Մեծաթիւ յաւակնութիւնները կրնա՞ն յանգիլ հանդուրժողութեան: Աւելի լաւ ըլլալու համար ընդառաջ պէտք է երթալ աւելի լաւին, լաւագոյնին, անոր, որ պիտի գիտնայ տիրապետել ղեկին եւ նաւը անցնցում տանիլ խութերու եւ փոթորիկներու մէջէն:

Ողջախոհութեան պակաս է փոքրիկ երկրի մը համար, նաեւ` մեծ երկրի մը համար, 27 վարչապետական փառասիրութիւն: Այս կը նշանակէ չհանդուրժել միւսը: Եթէ քիչ մը իմաստուն ըլլայինք եւ յաճախէինք մեծերու դպրոցը, 27-ը չորսով կամ հինգով կը բաժնէինք: Քաղաքացիին համար ընտրութիւնը կը դիւրանար, ան աւելի դիւրին կրնար բաղդատել, դատել: Երկիր ղեկավարելու համար երբ փառասիրութիւններ բազմաթիւ են, կը նշանակէ, որ եսերը կը տիրեն, ինքնանպատակ են, ուրեմն կը տիրէ անհանդուրժողութիւնը, անոր հունով կու գայ պառակտումը:

ԺԸ. դարու ազատութեան եւ ազատ խօսքի ախոյեան ֆրանսացի իմաստասէրը` Վոլթեր, ըսած է. «Պառակտումը մարդկութեան մեծագոյն ախտն է, եւ հանդուրժողութիւնը` անոր դարմանը»:

Հանդուրժողութիւնը ամենագիտութեան հակաթոյնն է (antidote):

Ես ինծի հարց կու տամ, թէ փառասիրութիւն, շահախնդրութիւն եւ անոնց հետեւող կիրքեր մեր ժողովուրդի մէկ մասը մղա՞ծ են կորսնցնելու իրականութիւնը տեսնելու ողջմտութիւնը, եւ միւս մասը` անտարբերութեան, լքման, հրաժարումի: Չե՞նք տեսներ, որ Հայաստան եւ մեր ժողովուրդը շեշտուող եւ տեսակաւոր սպառնալիքներու ենթակայ են: Եսի, շահախնդրութիւններու եւ փառասիրութիւններու կոյտին վրայ նստելով` սպառնալիքներուն դէմ թումբ չի կանգնուիր:

Թումբ չի կանգնուիր հրաշքով, օտարին կապելով մեր փրկութեան յոյսը:

Հայու հին սովորութիւն է դուրսի վրայ յոյսեր կապել: Կար ժամանակ, երբ հայը կը հաւատար, որ խաչապաշտները պիտի փրկեն զինք: Անոնք ե՞րբ նման խոստում տուած էին, ոչ ոք գիտցած է եւ գիտէ: Ա. Աշխարհամարտին հայութիւնը կոչուեցաւ փոքրիկ դաշնակից, հայեր խանդավառութեամբ ճակատ գացին, լեգէոն կազմեցին: Ի՞նչ ստացանք` բացի կարգ մը տարեդարձներու առիթով ըսուած խօսքերէ:

Երբ յաղթանակներ կ’ոգեկոչուին, ուրիշներու կողքին կռիւներու մասնակցածի հպարտութեամբ դրօշներ կը պարզենք:

Յետո՞յ: Ոչի՛նչ:

Այդ ոչինչին համար միշտ երախտապարտ ենք, ճառ կը խօսինք: Հիմա խաչապաշտը եւ փոքրիկ դաշնակիցի դաշնակիցները փոխարինուած են նոր երազով մը, որուն կը կառչինք` հաւատալով, որ ան մեր հարցերուն լուծում պիտի բերէ, մեզ պիտի պաշտպանէ. ան կը կոչուի միջազգային հանրութիւն: Եւ կ’երթեւեկենք մէկ ժողովէ միւսը:

Հայ փաստաբաններու միութիւններ կան: Մտածա՞ծ են, կը մտածե՞ն ամբաստանական թղթածրար մը կազմել եւ դիմել համապատասխան ատեաններու:

Տասնեակներով վարչապետի պաշտօնին յաւակնորդները ի՞նչ կը խոստանան անելէն դուրս գալու, միացնելու եւ յաջողելու համար:

Ժողովներու կ’երթանք, յաճախ կը մնանք սպասման սենեակներու կամ քուլիսներու մէջ: Օր մը առարկայական հաշուեկշիռը պէտք է ընել սպառումներուն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն, որոնք օդին մէջ մնացած չըլլան, իջած ըլլան գետնի վրայ, եւ մենք տեսնենք այդ արդիւնքները: Բանաստեղծը ըսած է, որ մեր «փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է», խանդավառութեամբ եւ թութակաբար կը կրկնենք, բայց մեր աչքերը կը յառենք այլ տեղ: Բանաստեղծին խօսքը բեմի համար չէ: Ան իսկական քաղաքական առաջադրա՞նք է:

Ո՞ւր եւ ե՞րբ կը միանանք հաւաքական ուժ ստեղծելու համար:

Հիացումով կարդացի հարցազրոյցի մը ընթացքին արհեստավարժ քաղաքական գործիչներէն տարբեր յանդգնութեամբ արտայայտուած բեմադրիչ Արթուր Սահակեանի իրատեսի ընդվզումի պարզ, յստակ եւ ճշմարիտ ազգային իրաւ խօսքը: Ան ըսած է.

«Ի՞նչ միջազգային հանրութիւն…

«Ապուշութեամբ են լցրել մեր գլուխները եւ փորձում են հաւատացնել: Ո՞վ է այդ հանրութիւնը, ե՞րբ էք զգացել նրա ազդեցութիւնը: Ֆոսֆորային ռմբակոծութեան ժամանա՞կ, թէ՞ ծննդատան վրայ «Կրատ»-ի պահին, թէ՞ Ղազանչեցոցի վրայ յարձակման ժամանակ:

«Ի՞նչ միջազգային հանրութիւն…

«Միջազգային հանրութիւն գոյութիւն չունի»:

Եթէ ուժ եւ իրաւ դաշնակիցներ ունենայինք, Արթուր Սահակեանի յիշած երեք պարագաներու հիման վրայ, որպէս ցեղասպան, դատարան կը տարուէր այն պետութիւնը, որ այդ արարքները գործած էր: Եթէ միջազգային համայնքը ունենար իրա՛ւ բարոյական, առանց մեր դիմումին` ի՛նք դատարան կը տանէր ցեղասպանը:

Պէտք է հասկնալ, որ միջազգային համայնքը մրցադաշտ մըն է, ուր յաւելեալ իրաւունքներ կը հետապնդուին, կ’անգիտանացուին յաւելեալ պարտաւորութիւնները:

Ազրպէյճանը պէտք է պատասխանէ, միջազգային համայնքն ալ, առանց ճապկումներու, պէտք է վճռէ. ֆոսֆորային ռմբակոծութիւն, ծննդատան վրայ «Կրատ», Ղազանչեցոցի վրայ յարձակում: Եթէ ան լուռ մնայ, կ’ընդունի ըլլալ մեղսակից:

Հայաստան ընտրապայքար կ’ընթանայ: Սփիւռք(ներ)ը կը հետեւի, կարծիք կը յայտնէ, կը կողմնորոշուի` թեր եւ դէմ: Բայց ո՛չ ներսը եւ ո՛չ ալ դուրսը մրցակցութիւններէն անդին նայող  յաջողութեան նախատարրերը չեն տեսնուիր:

Պարզ. ինչպէ՞ս պիտի պահուի Հայաստանը` որպէս հայու անկախ հայրենիք, ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին նախայարձակումներու աղէտները:

Պարտութեան հոգեկան ընկճուածութիւնը պէտք է յաղթահարել` ինքնավստահութիւն վերականգնելով, իրական արժէքներու եւ ձեռնհաս ուժերու մէկտեղումով եւ յանձնառութեամբ:

Կ’ունենա՞նք միացնող եւ աղէտը յաղթահարող ապագայատես ղեկավարում եւ ղեկավարութիւն:

Առանց տեսութիւններու եւ իրարու դէմ նիզակ ճօճելու ախտի:

29 մայիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Անբարոյ Մարդու Գեղջկական Խորամանկութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?