Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք` Առ Հայ Ազգի Ու Հայոց Մշակոյթի Երկրպագու Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան Յիսնամեակի Յուշ-Երեկոյին

Յունիս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Արցախ հայաշխարհի ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած գաղափարակից ու անմոռանալի ընկերոջս` Գէորգ Հաճեանի մասին զգացումներս գրի առնելը կը յուզէ զիս, եւ ինչպէս շատերուն` ինծի համար եւս անհաւատալի կը թուի ըլլալ արցախեան 44-օրեայ գոյապայքարին ընթացքին անոր նահատակութիւնը: Խոցուած են բոլորիս սրտերը, այլեւս պիտի չկարենանք վայելել ու լսել մեր ընկերոջ` Գէորգ Հաճեանի հայոց լեզուի մաքրահունչ արտայայտութիւնները, գեղեցիկ, զուլալ ու մագնիսացնող եզակի ձայնը, անոր հաճելի ներկայութիւնն ու մշակութաբոյր եւ ընկերային քաղցրահամ անվերադարձ օրերն ու համակ սէրը:

Մեր ծննդավայրէն` Այնճար հայաւանէն, մանուկ հասակէն կը ճանչնայի փոքրիկն Գէորգը, եւ բազում տարիներ անց Գէորգին ու Ֆրիտային հետ

մեր առաջին հանդիպումը եղաւ Պռոշեանի հերոս նահատակներուն նուիրուած պանթէոն-յուշակոթողի բացման արարողութեան օրը, ուր ինք մեծ խանդավառութեամբ յայտնեց Հայաստան հաստատուելու իրենց վերջնական որոշումը:

Այսօր, աստուածային նախախնամութեամբ, Պռոշեանի պանթէոնին մէջ Գէորգը եւս կը ննջէ` Թաթուլի, Կարօտի, Մհերի եւ բազում հերոս առիւծներու կողքին` որպէս Արցախեան գոյամարտին ինկած` առաջին վեհազնեայ այնճարցի հերոս:

Գէորգ Հաճեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին` մանկութենէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայկական գաղթօճախներու մէջ ապրած կեանքը, Հայաստանի մէջ եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը` Արցախի մէջ, եղաւ Հայաստան աշխարհի, մեսրոպաշունչ լեզուի, կոմիտասեան ու ազգային երգերու ջինջ ղօղանջը, հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած երգերու անզուգական մեկնաբանը, եղաւ իր կոչումին տէր կրթական մշակը, աննկուն կամքով Արցախ հայաշխարհին համար իր գերագոյնը` կեանքը ընծայաբերած նահատակ հերոսը:

Գէորգ Հաճեան իր գաղափարական խմորումները ստացած է ՀՅ Դաշնակցութեան Այնճարի պատանեկան միութեան մէջ, հետագային դաշնակցականի երդումը կատարած` խոստանալով իր բոլոր ուժերով ծառայել հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքի՛ գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Քիչերուն պատիւ եղաւ երթալ ճակատ, եւ այդ քիչերէն մին եղաւ Մուսա Լերան հերոսածին զաւակներէն, Այնճար հայաւանին մէջ ծնած առիւծասիրտ Գէորգ Հաճեանը, որ հերոսաբար նահատակուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին` յանուն Արցախի եւ հայրենիքի ազատագրական գոյապայքարին:

Գէորգ Հաճեան օժտուած էր աստուածատուր ձիրքերով, սակայն իր մէջ գերակշռող եղան ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Ան եղաւ ու մնաց գաղափարի հաւատաւոր մարտիկ, գործունեայ, պարկեշտ ու զոհաբերութեան խորանին իր կեանքը նուիրաբերած անձնուրաց երդուեալ դաշնակցական ընկերը:

Արցախեան գոյամարտի բագինին զոհաբերուած անգին ընկեր Գէո՛րգ,

Այնճար հայաւանէն մինչեւ կեանքիդ մայրամուտը` Արցախ հայաշխարհ, դուն եղար նահապետական արժէքներով օժտուած զաւակ, եղբայր, տիպար ամուսին եւ հայր, եղար ազգանուէր, հաւատաւոր ու ժրաջան այն դաշնակցականը, որ կուսակցականի ինքնավստահութեամբ ազգասիրութիւնը ըմբռնեց էապէս` որպէս լիիրաւ արժէք, եւ մեր ազգային ու մշակութային իտէալներու իրականացման ի խնդիր` հաւատարմութեամբ, ինքնուրոյն յանդգնութեամբ ու հասկացողութեամբ Դաշնակցութեան ճամբով ծառայեց մեր ծննդավայր Այնճար հայաւանին, հայ դպրութեան, հայ  ժողովուրդին եւ մայր հայրենիքին: Մշակութային, կրթական, ազգային եւ գաղափարական աշխատանքներուդ մէջ անգնահատելի եղաւ քու ամբողջական նուիրումդ, եւ Մուսա Լերան 18 սրբացած հերոս նահատակներու կտակին հաւատարիմ` մերօրեայ արցախեան գոյամարտի ու պայքարի բագինին զոհաբերեցիր ողջ էութիւնդ:

Դաշնակցական «աստուածավախ, ճշմարիտ ընկեր» Գէո՛րգ,

Նահատակութեանդ սեւ օրէն անցած են արդէն 8 ամիսներ եւ դուն կը մնաս անմեռ մեր էութեան ու հոգիներուն մէջ, դուն կը մնաս որպէս արցախեան հերոս` նուիրաբերուած տիպար, դուն կը մնաս հայ երգի ու երաժշտութեան անլռելի ղօղանջ, զուլալ ձայնովդ ջերմեռանդութեամբ աղօթաբոյր շարականներդ տակաւին պիտի արձագանգեն Հայաստանի ու Արցախի հնադարեան լուսաւորչակերտ եկեղեցիներու կամարներէն` իբրեւ խնկաբոյր պատարագ: Յարգա՜նք քեզի նման յայտնի եւ անյայտ բոլոր մեր անձնուրաց հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքերը զոհաբերեցին մեր ազգին ու հայրենիքին ազատութեան սրբազան խորանին: Բի՜ւր յարգանք ձեզի, անգի՛ն հերոսներ:

Գրութեանս աւարտին` ի խորոց սրտի պարտք կը համարեմ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսքս փոխանցելու երաժշտագէտ տիկին Գոհար Շաղոյեանին, ընկերուհի Ֆրիտային ու Թաթուլին, որոնք բարի եւ ազնիւ գաղափարը ունեցան կազմակերպելու եւ յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու մեր հայրենիքին ու ազգին պարծանքը հանդիսացած նահատակ հերոս Գէորգ Հաճեանի ծննդեան 50-րդ տարեդարձի յուշ-երեկոն:

Կը հաւատամ, որ ընկեր Գէորգ Հաճեանի նուիրուած այս հանդիսութիւնը վաւերական դրոշմ ու պատգամ պիտի դառնայ մեր նորահաս սերունդի պահանջատիրական կրանիթեայ կամքին ու հայ մշակոյթի ու երաժշտութեան գոյատեւումի սրբազան երթին:

«Արի՛, բարի՛ առաւօտ,
Արի՛, յոյսի՛ առաւօտ,
Գթառատ սիրով արի, ու փրկիր մեր երազանքները յարատեւ կռուի»:

Փա՜ռք, հազար փառք ձեզի` արցախեան գոյապայքարին նահատակուած հայոց հերոս անգին զաւակներ, եւ կեցցէ՛ք դուք` հայրենիքի պաշտպան ջա՛ն զինուորներ:

8 յունիս 2021
Թորոնթօ, Քանատա

Նախորդը

Ամէնէն Մեծ Հոյամողէսին Կմախքը Գտնուա՞ծ

Յաջորդը

«Զաւարեանական» Խաժակը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?