Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութենէն հայերու գաղթի մասին մտահոգիչ թիւեր կը հրապարակուին, հետաքրքրական է անդրադառնալ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ (անցեալին կամ ներկայիս) հայերու յայտնաբերումին մասին եւ մանաւանդ շեշտել, որ առանց կազմակերպուած ազգային հաւաքական կեանքի` շատ դժուար կ՛ըլլայ գոյատեւելը:
«Վայս Արապիա» կայքը հրապարակած է Տանա էլ Շէյխի յօդուածը 1940-ական թուականներուն Կազա գաղթած հայ լուսանկարիչի մը մասին, որուն թոռը հաստատուած է Փարիզ եւ վերջերս մեծ հօր լուսանկարները յայտնաբերելով` Գահիրէի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպած է: Յօդուածագիրը զրուցած է անոր հետ:
Ն.

Կազայի վերագտնուած լուսանկարները կը բացայայտեն
անոր պատմութեան աւելի նուազ յայտնի կողմը
1940-ական թուականներուն լուսանկարիչ Գեղամ Ճղալեան Կազա քաղաքին մէջ բացաւ առաջին լուսանկարչատունը: Անոր պատկերները ցոյց կու տան քաղաքին մէջ կեանքը` նախքան պատերազմէն այլափոխուիլը:
Աւելի քան 1700 տարի Սուրբ Երկիրը հայկական փոքր համայնքին տունը եղած էր: Չորրորդ դարուն հայ քրիստոնեաներն ու վանականները քաղաքին մէջ ուխտագնացութիւններ կատարելէ ետք բնակութիւն հաստատեցին Երուսաղէմի մէջ:
Ժամանակի ընթացքին անոնք ստեղծեցին իրենց շրջապատը, որ այսօր յայտնի է որպէս Հայկական թաղ: Երուսաղէմի պաղեստինահայ համայնքը մեծցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը 1915-1923 թուականներուն սպաննեց շուրջ 1,5 միլիոն հայեր:

1940-ականներուն երուսաղէմաբնակ լուսանկարիչ Գեղամ Ճղալեան, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ փախած էր Հայաստանէն, տեղափոխուեցաւ Կազա, որ այն ժամանակ պարզապէս պաղեստինեան քաղաք էր Միջերկրական ծովու ափին:
Ութսուն տարի եւ բազմաթիւ պատերազմներէ ետք Կազան եւ անոր շրջակայքը դարձած են երկրի ամէնէն բնակուած վայրերէն մէկը:
Տեղւոյն բնակիչներուն մեծամասնութիւնը գործազուրկ է, իսկ ջուրը, ելեկտրականութիւնը, սնունդը եւ դեղորայքը սահմանափակ են:
Բացի ատկէ, անշուշտ, անոնք չեն կրնար հեռանալ:

Բայց նախքան Կազայի եօթնամեայ շրջափակումը եւ Համասի իշխանութեան գալը` քաղաքը ունէր մշակութային բոլորովին այլ ինքնութիւն եւ զգացողութիւն, որոնք յաւերժացած են Ճղալեանի լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակի միջոցով:
Անոր 36-ամեայ թոռը` Գեղամ Ճղալեան Կրտսերը, Ֆրանսայի մէջ գեղարուեստական ղեկավար, տեսողական արուեստագէտ եւ ձեւագէտ է: Ան վերջերս Եգիպտոս գտնուող իր հօրենական տան մէջ գտած է երեք տուփեր, որոնք կը պարունակէին իր մեծ հօր փորձապակիները (լուսանկարչական ժապաւէններու նեկաթիւները) եւ հին լուսանկարներ:
Գեղամ Ճղալեանի մահէն քառասուն տարի ետք, անոր աշխատանքը այժմ կը ցուցադրուի «Աքսես արթ սփէյս» կեդրոնին մէջ, Գահիրէ, այն քաղաքը, ուր Ճղալեաններու ընտանիքին մէկ մասը փախած է 1967-ի վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին:
Ճղալեան նախընտրեց մնալ իր սիրելի քաղաքին մէջ: Անոր նկարները կը ցոլացնեն Կազայի բնակիչներու համեմատաբար անհոգ կեանքը 1940-ականներէն մինչեւ 1970-ականները: Բոլորն ալ հազուագիւտ նկարներ են:
Լուսանկարներու բոլոր թուականները հանուած են, որպէսզի ներկայացնեն Կազայի «ժամանակաւոր կասեցուած» տարբերակը, ինչպէս կ՛ըսէ Գեղամ Կրտսերը, որուն հետ «Վայս Արապիա» կայքի թղթակիցը հանդիպած է ցուցահանդէսին ընթացքին եւ զրուցած` անոր ընտանիքի բարդ յարաբերութիւններուն, գաղթի եւ ինքնութեան մասին:
ՎԱՅՍ.- Այս ցուցահանդէսը ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար անձնական մակարդակի վրայ:
ԳԵՂԱՄ ՃՂԱԼԵԱՆ.- Ցուցահանդէսը շատ իւրայատուկ է, գրեթէ բուժիչ: Երբ գտայ այս արխիւները հայրիկիս մօտ, այնպէս զգացի, թէ հնագէտ մըն եմ, որ յայտնաբերած է պատմական կարեւոր արուեստի իր մը: Ինծի համար անմիջապէս պարզ չէր, թէ որքա՛ն կարեւոր են այս պատկերները, բայց ես գիտէի, որ անոնց մէջ բան մը կայ: Ես անհամբեր կ՛ուզէի ճանչնալ մեծ հայրս: Ես անկէ ժառանգած էի լուսանկարուելու իմ կիրքս: Այդ պատճառով ես շարունակեցի «պեղումները», եւ ինչպէս կը տեսնէք, անոր լուսանկարները սքանչելի յայտնագործութիւն են: Ան վաւերագրած է Կազայի մէկ երեսը, որ բոլորովին կը տարբերի անկէ, որ մենք կը տեսնենք այսօր:
Տուփերը ե՞րբ գտաք եւ ի՞նչ պատահեցաւ:
Տուփերը գտայ 2018-ին: Այդ ատենէն ի վեր ես բախած եմ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց շարքին` լուսանկարչութեան պահպանման ասպարէզին մէջ փորձառութիւն չունենալս: Հիմա իսկ ես կը փորձեմ վերագտնել մեծ հօրս մնացեալ արխիւները Կազայի մէջ, որպէսզի անոնք միացնեմ Գահիրէի մէջ գտածիս հետ: Ես յոյս ունիմ, որ կը կարողանամ իրականացնել ատիկա:

Ինչպէ՞ս էր քու յարաբերութիւնդ մեծ հօրդ հետ:
Ես զինք բնաւ չեմ տեսած: Ան կը շարունակէր ապրիլ Կազայի մէջ եւ կեանքէն հեռացաւ 1980-ականներու սկզբին: Տեսողական արուեստի հանդէպ մեր ընդհանուր կիրքէն բացի` ես շատ կ՛ուզէի, որ զինք ճանչնայի, որովհետեւ Կազայէն եկած մարդիկ դրական կ՛արձագանգեն, երբ կ՛ըսեմ, որ ես անոր թոռն եմ: Մեծ հայրս հիմնադրած է քաղաքին մէջ առաջին լուսանկարչատունը, եւ անոր անուան յիշատակումը տակաւին ուժեղ յոյզեր կը յառաջացնէ յիշողութիւններուն մէջ այն մարդոց, որոնք այդ ժամանակ այնտեղ կ՛ապրէին:
Հայրդ չէ՞ր ըսած այդ տուփերուն մասին
Հայրս նախապէս երբեք չէր յիշատակած տուփերը: Ան մոռցած էր անոնց մասին: Այդ տուփերուն յայտնաբերումը փոխեց իմ կեանքս: Ես աւելի տեղեակ եղայ իմ ընտանեկան ժառանգութեանս մասին եւ աւելի խոր սկսած եմ ընկալել իմ ինքնութիւնս: Այս լուսանկարները հիմնականին մէջ Կազային իսկական պատկերը վերադարձնելու միջոց են. քաղաքը արժանի է իր պատմութիւնը այլ կերպ պատմելու:

Ի՞նչ սորվեցար մեծ հօրդ մասին այս լուսանկարներուն ընդմէջէն:
Այս լուսանկարները ինծի համար աւելի հարցումներ կը յառաջացնեն, քան կը պատասխանեն: Ես կը նայիմ լուսանկարներուն եւ կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ հայ գաղթական մը որոշեց հաստատուիլ Կազայի, այլ ոչ թէ Երուսաղէմի մէջ: Հետաքրքրական է` ինչպէ՞ս արաբերէն հազիւ խօսող մարդ մը կը շահի մարդոց այդքան բարձր վստահութիւնը եւ սէրը:
Մեծ հայրդ ինչպէ՞ս համարկուած է Կազայի բնակչութեան:
Մեծ հայրս իր երեխաները ուղարկած է արաբական դպրոցներ, ուր անոնք նոյնպէս ծանօթացած են իսլամական կրօնին եւ Քուրանին: Ան ատոր հետ ոչ մէկ խնդիր ունեցած է` հակառակ քրիստոնեայ ըլլալուն: Ան նոյնիսկ հետեւած է իսլամական Աքիքայի աւանդութեան (անասուն զոհաբերելու), երբ ծնած է անոր որդին: Ան կը սիրէր եւ կը պատկանէր Կազային եւ անոր ժողովուրդին: Մեծ հայրս վաւերագրած է անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները ե՛ւ իր արուեստանոցին մէջ, ե՛ւ դուրսը:

Ի՞նչ կը կարծես` հայրդ իրականութեան մէջ մոռցա՞ծ էր տուփերը, թէ՞ ան կը խուսափէր ատոնցմէ:
Կը կարծեմ` քիչ մը վախ կայ: Ընտանիքս սովորաբար կը խուսափի այս տեսակի յիշողութիւններէ: Հօրս համար դիւրին չէ եղած: Հակառակ աւելի քան 50 տարիէ Եգիպտոսի մէջ բնակելուն` ան տակաւին ճամբորդական պաղեստինեան փաստաթուղթեր ունի: Միլիոնաւոր պաղեստինցիներ քաղաքացիութիւն չունին: Անոնք անցագիր չունին, այլ` laissez-passer-ի փաստաթուղթեր, որոնք անոնց սահմանափակ իրաւունքներ կու տան:
Մեծ հայրդ ինչպէ՞ս հասած է Կազա:
Մեծ հայրս Ցեղասպանութենէն փրկուած էր: Ընտանեկան պատմութիւններու համաձայն, ան Հայաստանէն փախած է` որպէս աղջիկ ծպտուած, որովհետեւ օսմանցիները նախ սպաննած են տղաները: Իր պատանութեան տարիներուն տեղափոխուած է Կազա` լուսանկարչատուն մը բանալու համար, այլ հայ լուսանկարիչէ մը Երուսաղէմի մէջ արհեստը սորվելէ ետք: Ան լուսանկարած, վաւերագրած է Նակպան (կամ` Աղէտը, Պաղեստինի աւելի քան 7 հարիւր հազար բնակչութեան գաղթը 1948 թուականի պաղեստինեան պատերազմէն ետք), վեցօրեայ պատերազմը, գաղթակայանները եւ բոլոր ողբերգութիւնները, որոնց մէջէն անցաւ Կազայի ժողովուրդը:
Ի՞նչ յիշողութիւններ ունի ընտանիքդ վեցօրեայ պատերազմէն:
Իմ ընտանիքս դառն յիշողութիւններ ունի վեցօրեայ պատերազմէն: Մեծ մայրս Գահիրէի մէջ էր, երբ պատերազմը սկսաւ: Ան կ՛այցելէր հօրս եւ հօրեղբօրս, որոնք կ՛ուսանէին հոն: Ատկէ ետք անոնք երեք տարի չկարողացան վերադառնալ Կազա` տեսնելու մեծ հայրս, եւ այդ ժամանակէն ի վեր այցելութիւնները աւելի նուազ դարձան:
1980-ականներու սկիզբին Կազա ճամբորդելէ ետք, հայրս Եգիպտոս վերադառնալու ատեն հետապնդուեցաւ: Իսրայէլցի զինուորը այնքան վատ կը վերաբերէր անոր հետ, որ ան երդում ըրաւ այլեւս երբեք չվերադառնալ Կազա, եւ այդպէս ալ եղաւ: Այս դրուագը կարծես կնքեց Կազայէն անոր յուզական անջատումը: Թերեւս այդ պատճառով ան մոռցաւ երեք տուփերուն մասին:
Մարդիկ ի՞նչ կարծիք ունին այս ցուցահանդէսին մասին:
Կազան միշտ յառաջացուցած է մարդոց հետաքրքրութիւնը, յատկապէս` օտարերկրացիներու, որոնց շարքին` Եգիպտոսի բազմաթիւ դիւանագէտներու: Անոնք յաճախ ցնցուած են, որ Կազան իսկապէս այսպիսի տեսք ունէր: Ընկերային ցանցերու միջոցով Կազայէն բազմաթիւ մարդիկ իրականութեան մէջ ճանչցած են իրենք զիրենք, կամ ընտանիքի անդամները` մեծ հօրս լուսանկարներուն մէջ: Անոնք կապ հաստատեցին ինծի հետ եւ աւելին պատմեցին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս լուսանկարուած են, եւ որոնք են նկարին մէջ պատկերուած մարդիկը: Ասիկա գրեթէ նման էր հաւաքոյթի:
Ո՞ր լուսանկարը ամէնէն սրտամօտն է քեզի:
Այս մէկը:

Ասիկա մեծ հօրս շուքն է աւազին վրայ, եւ այս իմ հօրաքոյրս է` մէկ ձեռքը հօրս ուսին: Անոնք խաղաղ, ոտաբոպիկ կը շրջագային աւազին վրայ, երբ ծովը կը շոյէ անոնց ոտքերը:


