Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքայէլ Նալպանտեանի Աքսորը Եւ Մահը

June 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Խորհրդային իշխանութիւնը ի զուր փորձեց իւրացնել Մ. Նալպանտեանի գործը, որովհետեւ Նալպանտեան, յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած, գրած էր «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ»-ը ու կը քարոզէր հաւաքական աշխատանք: Նշեալ երգը Նալպանտեան տպագրեց 1862-ին, արտասահմանի ազատ պայմաններու մէջ, երբ այցելեց Կ. Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն եւ Հնդկաստան: Լոնտոնի մէջ ան յարաբերութիւններ հաստատեց ռուս տարագիր յեղափոխականներու հետ:

Նոր Նախիջեւանի գաղութին համար հնդկահայերուն կողմէ եղած կտակի գործով մըն էր, որ Նալպանտեան արտասահման գտնուած էր 1860-ի յունիսէն մինչեւ 1862-ի մայիսը: Հազիւ իր առաքելութիւնը աւարտած` Նոր Նախիջեւան կը հասնէր, ուր ձերբակալուեցաւ ռուս ոստիկանութեան կողմէ: Փեթերսպուրկի մէջ բանտարկուեցաւ եւ դատուեցաւ: Ռուս յեղափոխականներէն Բակունինի գրած նամակը առիթ տուած էր ձերբակալութեան: Նալպանտեանի մօտ գտնուած էր նաեւ Կ. Պոլսոյ «Մեղու» թերթի խմբագիր Յարութիւն Սվաճեանի նամակը` ծածկագիր բառացուցակով միասին:

1862 յուլիս 14-էն մինչեւ 1865 մայիս 14 Փեթերսպուրկի մէջ բանտարկուելէն ետք, Մ. Նալպանտեան կ՛աքսորուի Սիպիր եւ կը մնայ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան տակ:

Նալպանտեանի առողջութիւնը խանգարուած էր արդէն: Ան կը մահանայ թոքախտէ, 1866 մարտ 31-ին: Կը թոյլատրուի, որ անոր մարմինը փոխադրուի իր ծննդավայրը` Նոր Նախիջեւան:

Այդ առիթով  ռուս ոստիկանութիւնը կը տեղեկագրէ. «Նոր Նախիջեւանում դագաղը դիմաւորել են արտասովոր յաղթահանդէսով ու յարգանքով, սուրբերի պատկերներով, խաչվառներով, երաժշտութեամբ` քաղաքի համարեա թէ ամբողջ բնակչութեան մասնակցութեամբ: Ապա դիակը փոխադրուած է հայոց Ս. Խաչ վանքը` քաղաքից հինգ վերստ հեռաւորութեան վրայ եւ` այնտեղ թաղուած, թէեւ այդ վանքում ոչ ոքի չեն թաղում: Վանքի վարդապետը դամբանական ճառում հանգուցեալին անուանել է անմեղ նահատակ: Նոր Նախիջեւանի նախկին քաղաքագլուխ ծերունի Խալիբովը (Յարութիւն Խալիբեան, Նալպանտեանի կատաղի հակառակորդը) գտնում է, որ նրա աճիւնին մատուցուած մեծարանքը ցոյց է կառավարութեան դէմ»:

Նալպանտեան նկատուեցաւ առաջին յեղափոխական հայ գործիչը, որ կը նահատակուէր ռուս բռնակալութեան կողմէ: Իր աքսորն ու մահը  ունեցան խորհրդանշական բնոյթ:

Իբրեւ օրինակ, յիշենք Թիֆլիսի նահանգապետի դիւանատան գաղտնի բաժնին 1874 մայիս 1-ի թղթածրարէն հատուած մը, ուր կը խօսուի հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած Նալպանտեանի լուսանկարներուն մասին.

«Փոխարքայի ականջն է հասել, որ վերջին ժամանակներս Երեւանում ստացւում են երիտասարդ հայերի անունով հայ գրող Նալպանտեանի լուսանկարները, որ յիսնական թուականներին իւր ազատամիտ հակապետական գրուածքների համար աքսորուած է եղել Սարատովի նահանգի Կամիշին քաղաքը, որտեղ եւ շատ ժամանակ չէ, որ վախճանել է, որ այդ լուսանկարներն ամբողջովին գրոտած են  դրուատական մակագրութիւններով Նալպանտեանի մասին, օրինակ` «հայրենիքի փրկիչ» եւ այլն, եւ որ դրանք գտնուել են Էջմիածնի վանքի վարդապետների խցերում, իսկ Թիֆլիսում դրանք ձրի բաժանում են երիտասարդներին ու դպրոցներում շրջանաւարտ հայ աշակերտներին»:

Նալպանտեան Կ. Պոլիս այցելած ատեն մտերմութիւն հաստատած էր հայ ազգային գործիչներու, մասնաւորապէս «Մեղու»-ի խմբագիր Յարութիւն Սվաճեանին հետ: Այս թերթը, Նալպանտեանի ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները տալով (1862, «Մեղու», թիւ 172, էջ 197-199), կը թուէ անոր արժանիքները եւ կ՛աւելցնէր. «Ոչ ոք գիտէ  Նալպանտեանին յանցանքը, բայց մենք կը կարծենք, թէ գիտենք անոր յանցանքը` չափազանց եւ երախտագին ազգասիրութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնն է, եւ ասոր համար չենք կարծեր, որ արդարութիւնը զինք պատժապարտ վճռէ, բայց եթէ արդարութեան բացակայութեանը  Նալպանտեան դատուի ու դատապարտուի, անոր անմեղ արիւնը ի վրէժ պիտի կոչեն ամէն ճշմարիտ եւ ազգասէր հայերը, եւ այն ատեն բացարձակ ըսենք, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը անոր կորստեամբ մեծամեծ կորուստներ ալ պիտի ընէ»:

Յ. Սվաճեան մօտէն ծանօթ էր Նալպանտեանին եւ միասին տարին արեւելահայ ու արեւմտահայ յառաջադէմ մտաւորականութիւնը կապելու աշխատանքը: Ռուս ոստիկանութիւնը, երբ ձերբակալեց Նալպանտեանը, անոր քով գտաւ Սվաճեանին նամակը, ուր կը խօսուեր Տաւրոսի ըմբոստութեան մասին:

Մ. Նալպանտեան եղաւ առաջին հայ գործիչը, որ սերտ կապ ստեղծեց արեւելահայ եւ արեւմտահայ  յառաջադէմ մտաւորականութեան միջեւ: Անոր այցելութիւնը կը զուգադիպէր Ազգային սահմանադրութեան շարժումին` ընդդէմ պահպանողական ու կղերամիտ հոսանքին: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ այս թուականներուն է, որ  Մ. Պէշիկթաշլեան կը գրէր իր հայրենասիրական տաղերը, իսկ Ծերենց` իր ազգային վէպերը, ոգեկոչելով Կիլիկիոյ անկախութիւնը:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Մ. Նալպանտեանի նուիրուած ուսումնասիրութիւններ հրատարակուեցան, իսկ 1940-1949 չորս հատորներով լոյս տեսաւ անոր «Երկերի լիակատար ժողովածու»-ն, որ բոլորովին սպառեցաւ: 1953-ին տպագրուեցաւ 683 էջնոց գիրք մը` «Ընտիր երկեր» խորագրով:

Մ. Նալպանտեան մահացաւ աքսորի մէջ, եւ ինչպէս ռուս գաղտնի ոստիկանութեան տեղեկագիրը կ՛ըսէ, աւելի մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ մահէն ետք: Սերունդներ երգեցին անոր «Մեր հայրենիք»-ը եւ խանդավառութեամբ արտասանեցին «Ազատութիւն» քերթուածը, որուն ոգին կու գար հայոց դարաւոր պատմութենէն:

 

Մեր հայրենիք

Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր, մեր թշնամուց ոտնակոխ,
Իւր որդիքը արդ կանչում է հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ:

Մեր հայրենիք շղթաներով այսքան տարի կապկապած,
Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով պիտի լինի ազատուած:

Ահա՛, եղբայր, քեզ մի դրօշ, որ իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ, արտասուքով լուացի:

Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ մեռնէ
Բայց երանի՛, որ իւր ազգին ազատութեան կը մեռնէ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Յունիս 2021)

Յաջորդը

Սլաքներ. Անգլուխ Հայաստան…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.